ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 6-7 օրերուն, Երեւանի մէջ կը նախատեսէ իրականացնել կերպարուեստի հայ գործիչներու համահայկական համաժողով, որուն նպատակն է՝ բարձրացնել այս բնագաւառի արդի խնդիրները, երիտասարդ ստեղծագործողներու կրթական հարցերը, հայ կերպարուեստի զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ քննարկել կերպարուեստի գիտական ուսումնասիրութեան ու ժառանգութեան պահպանման, մնայուն արժէքներու թուայնացման հնարաւորութիւնները եւ այդ ոլորտին մէջ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ուղիները:
Համաժողովի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին մասնագիտական քննարկումներ եւ բանավէճեր, ու պիտի իրականացուին վարպետութեան դասընթացքներ:
Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ մշակութային կապերու եւ գործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղուած, ինչպէս նաեւ գործակցութեան եղանակներու ստեղծման նպատակով կազմակերպուող սոյն համաժողովի աւարտին պիտի ստեղծուի Կերպարուեստի հայ գործիչներու համահայկական ընկերակցութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.