ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արի Տուն-2010» ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակիցները, Յուլիս 16ին այցելած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) զօրամասերէն մէկը, ուր ծանօթացած են զինուորական ծառայութեան պայմաններուն:
«Այս շրջայցը զօրամաս մեծ նշանակութիւն ունի սփիւռքահայերի համար. նրանք կը կարողանան առաւել ամբողջական պատկերացում կազմել հայրենիքի, հայկական բանակի մասին: Գուցէ այս այցից ոգեւորուած նրանք որոշեն հայրենիք մշտական բնակութեան վերադառնան», յայտնած է Երեւանի Նուբարաշէն համայնքին մէջ տեղակայուած զօրամասի հրամանատարի տեղակալ, փոխգնդապետ Արմէն Ազիբեկեան:
Սփիւռքահայ երիտասարդները սորված են նաեւ զէնքի տիրապետման որոշ գաղտնիքներ եւ լսած են փոխգնդապետ Ա. Ազիբեկեանի կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւնը:
Յիշեցնենք, որ «Արի Տուն-2010» ծրագիրը կ՛իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ 5 կամ 6 փուլով. իւրաքանչիւր փուլի մէջ կ՛ընդգրկուին շուրջ 90 սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք երկու շաբաթով կ՛այցելեն Հայաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.