ՌՈՒԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Սփիւռքեան ապահայացնող պայմաններուն մէջ, հայակերտումի ամուր դարբնոց եղած է եւ պիտի ըլլայ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ։ Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կերտած է ուսումնական եւ մշակութային կեդրոններ՝ Տաթեւ, Հաղպատ, Գլաձոր…, որոնք ժամանակի ընթացքին հասած են զարգացման գագաթնակէտին:
Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ եկեղեցւոյ հաստատման առաջին օրերէն իսկ մեր սուրբ հայրապետները մեծ կարեւորութիւն տուած են կրօնաբարոյական դաստիարակութեան, ու բոլոր դարաշրջաններում յաճախ հաւաքած են հայ մանուկներն ու պատանիներ սորվեցնելով աղօթք, շարական, սաղմոս։
Այսօր ալ, ՀԱՅը նախ կը կառուցէ եկեղեցի, ապա՝ դպրոց, ու կը հրատարակէ գիրք։
80 տարիներ անցած են Կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրութեան օրէն։
Քանի՜ սերունդներ քալած են այս ճամբով…
Հայ եկեղեցւոյ ծիրին մէջ, կիրակնօրեայ դպրոցներու այժմու դրութեան որդեգրումը առաւելաբար անհրաժեշտութիւն դարձած է 1915ի Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, երբ վերապրող գաղթական հայերը, ցրուած ի սփիւռս աշխարհի, հիւրընկալ երկիրներու պետական ուսումնական ծրագիրները գործադրելու հարկադրանքին տակ ըլլալով՝ կը ստիպուին կրճատել հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասապահերը։
Այս կացութեան դիմաց աւելի կը շեշտուի կիրակնօրեայ դպրոցներուն կարիքը՝ հայ մանուկներուն կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու համար։
1930ին, Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյց բարեսիրական ընկերութիւնը Անթիլիասի (Լիբանան) մէջ կը հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռը, այնուհետեւ կը բացուի Դպրեվանքը։
28 Յունիս 1930ին, իր կոնդակով Սահակ կաթողիկոս պաշտօնապէս կը հաստատէ Հայց. եկեղեցւոյ վարչական իրաւասութեան ներքեւ Կիրակնօրեայ դպրոցներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը։
Այսօր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս Կիրակնօրեայ դպրոցները կը տանին աշխոյժ եւ եկեղեցանուէր աշխատանք։ Հոն մանուկները կը ստանան հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան համաձայն հայեցի դաստիարակութիւն, իրազեկ կ՛ըլլան աստուածաշնչական դէպքերու, դէմքերու եւ դրուագներու։
Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ ծնունդ կ՛առնեն նոր եկեղեցիներ, ու անոր յարակից կը գործեն կիրակնօրեայ դպրոցներ։ 1980ական թուականներուն հիմնուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը Կլենտէյլի մէջ։ 20 տարեկան է ան ու մինչ այսօր խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, որ կը կատարուի Կիրակի առաւօտները ժամը 10։30-12։30: Շուրջ 120 աշակերտներ կը հետեւին դասաւանդութեան։
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, Յունիս 27ին, Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 2009-2010 կրթաշրջանի ամավերջի հանդէսը։
Բամցան աղօթքով խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ իր օրհնութիւնը տուաւ աշակերտութեան եւ քաջալերեց ծնողները, որ իրենց զաւակները պահեն հայ միջավայրի մէջ: Ան իր շնորհաւորանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Խօսք առաւ նաեւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ահարոնեան» կոմիտէութեան՝ դասարանները եւ սրահը տրամադրելուն համար, նաեւ շնորհաւորեց տնօրինութեան, որ այս մակարդակին հասցուցած է Կիրակնօրեայ դպրոցը։
Որմէ ետք աշակերտները, դաշնակի ընկերակցութեամբ Էլեն Աւանէսեանի, խմբերգեցին «Հայր Մեր»ը եւ «Մեր Հայրենիք»ը։
Հանդէսի բացման եւ բարի գալուստի խօսք առաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Յակոբ æաղացպանեան։ Ողջունելով ներկաները՝ ան վստահեցուց, որ մանուկներուն ու պատանիներուն կրօնական եւ հայեցի կրթութիւնը կը վայելէ հոգածութիւնն ու հովանաւորութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ան ներկայացուց կամաւոր եւ գիտակից ուսուցչական կազմը, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց տարուած աշխատանքներուն մասին։
Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ քաջալերեն Կիրակնօրեայի 80ամեակի ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30ին։ Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերուն, Հոգաբարձութեան եւ ծնողներուն, որոնք միշտ նպաստած են աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին։
Ապա բեմ բարձրացան մանկապարտէզի աշակերտներ, որոնք երգի ու ներկայացման ճամբով արտայայտեցին իրենց սորվածները՝ խոստանալով ըլլալ «իմաստուն»՝ «Բարի Սամարացի»ին նման։
Աշակերտները հաւաքաբար, երգերու շարքով, հաւաստեցին, որ իրենք Մ. Մաշտոցի, Քաջ Վարդանի հաւատարիմ քրիստոնեայ ժառանգորդներն են։ Այնուհետեւ առաջինէն ութերորդ դասարանի աշակերտներ ներկայացան երգերով, աղօթքով ու սաղմոսներու ընթերցումներով։
Աւարտական դասարանէն ուղերձը ընթերցեց Օհան Քիլիսեան։
Մինչ վկայականներու բաշխումը, Յակոբ æաղացպանեան արտայայտեց իր անհուն ուրախութիւնը աշակերտական առողջ պտղաբերման համար. անոնք իրենց ձեռք ձգած գիտելիքներով գրաւեցին ներկաներուն սրտերը: Ան իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ արդիւնաբեր աշխատանքին նպաստ բերած ուսուցիչներու խանդավառ նուիրումին, եւ խօսքը յղեց շրջանաւարտներուն՝ ըսելով, որ անոնք այսուհետեւ ազգի զաւակներն են։ Իսկ ծնողներուն հաւաստեց, թէ շրջանաւարտները որքա՛ն «շահած», «ազնուացած» են։ Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։
Տեսուչը ներկայացուց այս տարուան ընթացքին դպրոցի աշխատանքներուն միացած ընդհանուր պատասխանատու Մէրի æաղացպանեանը, Էլեն Աւանէսեանը (դաշնակահար), Օֆելիա Իսաեանը եւ Գայիանէ Աղազարեանը (ուսուցչուհիներ)։
Յայտագիրը իր աւարտը գտաւ «Կիրակնօրեայ Մաղթերգով», զոր հաւաքաբար երգեցին աշակերտները։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Իւրաքանչիւր սերունդ ունի առաքելութիւն եւ նպատակի թիրախ մը, որուն իրագործումը տուեալ սերունդին ինքնահաստատումն է։
Մեր ազգային եկեղեցին մայրն է բոլոր հայորդիներուն. ան կը կոչուի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի, ուր մեր հայորդիները կը ստանան կրօնաբարոյական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, որպէսզի դառնան տիպար, հաւատքով անշեչ, անվեհեր հոգիով եւ մաքուր նկարագիրով ժառանգորդներ։