(Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեանի Վախճանման Տխուր Առիթով)
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մանկութիւն չունեցող մարդոց սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկն ալ իր աչքերը փակեց առյաւէտ: Լիբանանի Պիպլոս պատմական քաղաքի մէջ կայք հաստատած «Թռչնոց Բոյն» հայոց որբանոցին մէջ հասակ առած, եւ դանիացի նուիրեալ միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքպսընի մայրութիւնը վայելած փոքրիկն Սեդրակ Լափաճեան, իբրեւ ուշիմ աշակերտ, շուտով պիտի հասնէր մինչեւ բարձրագոյն կրթութեան: Որոշ ժամանակ Պաղեստինի անգլիական բանակին մէջ թարգմանի պաշտօն կատարելէ ետք, գիտակից յանձնառութեամբ պիտի մտնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս, դառնալով անոր միաբանութեան զոհաբերուող անդամներէն մէկը:
Մեր նահատակ կղերականներէն Սմբատ եպիսկոպոս Սաատէթեանի անունը ժառանգելով ձեռնադրութեամբ, այնուհետեւ Սմբատ աբեղան, վարդապետը ու արքեսպիսկոպոսը, զոհաբերութեան ոգիով հասաւ հոն՝ ուր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կարիքը կը կանչէր:
Երջանկայիշատակ ՏՏ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան դժուար տա-րիներուն, նօսրացած թուով միաբանութեան շարքերը ամրապնդող զօրաւոր հիւսքերէն մէկը եղաւ Սմբատ սրբազան: Զարգացած հոգեւորականի եւ անձնական իր շնորհները ոչինչ պակսեցուցին իր համեստութենէն: Դպրեվանքին տեսչութեան պատասխանատու պաշտօնը Անթիլիասի մէջ, եւ նոյնիսկ առաջնորդական Աթոռը Քալիֆորնիոյ մէջ, չկրցաւ իր դէմքէն ջնջել մանկունակ ժպիտը, որ մինչեւ մահ մնաց բարացուցիչ իր հոգեկան պայծառ դէմքին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ, Սմբատ սրբազանին անունը անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմին, առաջին իսկ օրերէն սկսեալ: Արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու տարանջատման որոշադրիչ օրերուն, Սմբատ սրբազան կանխատեսելով հանդերձ իրեն սպասող վարչական ու բազմաթիւ այլ դժուարութիւնները, յանձն առաւ հովուել Ամերիկայի արեւմտեան ափի մեր ժողովուրդի զաւակները, հոգեւոր սնունդ մատակարարելով անոնց եւ ի վերջոյ արժանաւորապէս դառնալով նորահաստատ թեմին անդրանիկ առաջնորդը:
Սանթա Մօնիքա փողոցին վրայ հաստատուած առաջին առաջնորդարանին խեղճ պայմանները ու «տաուն թաուն»ի «Սուրբ Խա»չ եկեղեցւոյ անշուք կացութիւնը բնա՛ւ պիտի չընկճէին երկնագոյն աչքերուն մէջ տեսիլք ունեցող երիտասարդ առաջնորդը: Կը բաւէր իր շուրջ համախմբուած տեսնել կամք ունեցող անձեր, որոնք թեւ ու թիկունք պիտի կանգնէին իրեն, իր նոր առաքելութեան մէջ: Նոյն այդ առաքելութեան ոգին էր որ պիտի ծաւալէր հետագային, նոր առաջնորդներու ճամբով, որոնք միշտ պիտի վայելէին իր հայրական հովանաւորութիւնը թեմէն ներս: Նոյն այդ առաքելութեան ծաւալումով, առաջին առաջնորդարանին խեղճուկ յարկը պիտի փոխարինուէր երկու նորերով, իսկ առաջին «Սուրբ Խա»չը՝ վեհաշուք Ս. Խաչ մայր տաճարով, Մոնթեպելլոյի մէջ: Նոյն առաքելութեան ծաւալումով իրարու ետեւէ դէպի երկինք պիտի սլանային թեմի նոր եկեղեցիներուն գմբէթները, աղօթքի հրաւիրելով Աստուածածարաւ հոգիները:
Կեանքի մէջ լռութիւնները աւելի խօսուն են առհասարակ, քան բարձրաձայն խօսքերը: Սմբատ սրբազանի լռութիւնը, յատկապէս վերջին տարիներուն, տարիքի բերումով ֆիզիքական տկարութենէն պարտադրուած լռութիւն չէր, այլ աղօթական ու օրհնաբաշխ լռութիւն: Իբրեւ թեմին առաջին առաջնորդը, Սմբատ սրբազան լուռ կերպով օրհնեց այն բոլոր աշխատանքները, որոնք ծաղկեցուցին արեւմտեան թեմը, այն թեմը՝ որ ընդամէն քանի մը տասնամեակ առաջ նոր ծիլ էր տակաւին իր ձեռքերուն մէջ: Ս. Խաչ մայր տաճարի շուքին տակ նստած, աչքերը յառած հեռո՜ւն, ան նաեւ լո՜ւռ աղօթեց այն բոլոր անձերուն համար, որոնք իր սկսած գործը շարունակեցին ու հասցուցին այսօրուան: Քաջալերեց ամէնքը, բարձրաստիճան հոգեւորականներէն սկսեալ, մինչեւ ամէնէն նոր ժամանած վարդապետը, որպէսզի հաստատ պահեն իրենց քայլերը եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան նուիրական գործին մէջ:
Կեանքի մէջ իր նպատակները իրագործած մարդու գոհունակ սիրտը իր հետը կը տանի այսօր սրբազանը: Մտերմական պահերը, յատկապէս իր բարի սրամտութիւններով համեմուած զուարթախօսութեամբ, կը բացայայտէին հոգեկան իր ջինջ աշխարհը: Պատերազմը շահած զինուորի հոգեբանութեամբ դուրս եկաւ ան մարտի դաշտէն, եւ ոչ թէ պատերազմը կորսնցուցած ու մահուան երկիւղը սիրտին մէջ ունեցող զօրավարի նման: Այդ պատերազմը, իսկապէս «կեանքի պատերազմ»ն էր իրեն համար: Դպրեվանքի մէջ կազմաւորման կարճ շրջանէն առաջ, Սմբատ սրբազան Հայ աւետարանական գոլէճի ուսանող եղած էր, ուրկէ նաեւ վկայուած: Աստուածաշունչը կեանքի ուղեցոյց ունենալով, հոգեւոր իր աճումը հիմնաւորեց անոր պատուիրաններուն վրայ, Աստուածապարգեւ կեանքը ապրելով Աստուածահաճոյ կերպով:
1927ին ծնունդ առած այս կեանքը, պատերազմական պայմաններու բերումով որբութիւն ու որբանոց տեսաւ, որու բերումով լաւապէս ճանչցաւ նեղ օրերու դժուարութիւնները: Օրինակելի միաբան որպէս մեր Սուրբ Աթոռին, հոգեւորականի իր հանգամանքին ու դիրքին համար միշտ երախտապարտ մնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ զինք որբութենէ առաջնորդութեան հասցուց:
Երախտագիտութեան նոյն ոգիով, յառաջացած տարիքին, իր կեանքի խնա-յողութենէն մեծ բաժին նուիրեց Սուրբ Աթոռին, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի տնօրինումով դարձաւ «Սմբատ արք. Լափաճեան Հրատարակչական Ֆոնտ»: Հիմնադրամ՝ որուն հասոյթով ցարդ տասնեակ մը հատորներ լոյս տեսած են կրօնագիտական գիրքերու մատենադարանը ճոխացնելով:
Նոյն երախտագիտութիւնը ան նաեւ ունեցաւ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին նկատմամբ, ուր իր առաջին քայլերը առաւ իբրեւ մանուկ, եւ ուր առաջին անգամ թոթովեց մեր մայրենին: Իր կեանքի խնայողութեան երկրորդ մեծ բաժինը ան յատկացուց այս հաստատութեան, դարձեալ հաւատալով որ սկսուած գործի շարունակութիւնը պիտի ապահովէ իր համեստ ներդրումով: Ինք վայելած էր այդ հաստատութեան խնամքը, մանաւանդ զգացած «Մամա»յին մայրական մատներուն շոյանքը իր գլխուն վրայ: Արդ, իրեն նման մանկութիւն չունեցող եւ գուցէ աւելի դժբախտ հայ մանուկներու արցունքը սրբելու համար, Սմբատ սրբազան, Աստուծոյ ու ազգին իրեն տուածէն, իր արդար վաստակէն բաժին կը հանէր նաեւ գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներուն:
Ինչ որ Աստուած տուած էր իրեն իբրեւ շնորհք ու կարողութիւն,
բազմապատկած զայն վերադարձուց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Իսկ ինչ որ ազգը տուաւ իրեն տարիներու իր նուիրեալ ծառայութեան առ ի գնահատանք, իբրեւ իր անձնական խնայողութիւնը, վերադարձուց մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, ժուժկալ կեանք ապրելով, ու միշտ յիշելով կարիքաւորները, որբերն ու աղքատները:
Այսօր կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ՝ որբութենէ առաջնորդութեան բարձրացած այս համեստ զօրավարին, օրինակելի, հաւատարիմ ու միշտ երախտապարտ միաբանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին: Վստահաբար նոր ծրագիրներու բազմաթիւ այլ նետեր եւս ունէր իր կապարճին մէջ, որոնք պէտք է ուղղէր նոր հորիզոններու, սակայն կեանքին ընթացքը հասցուց զինք իր խաղաղ նաւահանգիստին:
Հանգի՜ստ Սրբազանին վաստակաբեկ աճիւններուն, եւ յաւիտենական քուն իր կապտաւուն բարի աչքերուն: