ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 19ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Անգլիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տեքլան Լենկ եպիսկոպոսին, նպատակ ունենալով մօտէն տեղեակ ըլլալ քրիստոնեայ համայնքներուն մասին:
Երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող պատուիրակութիւնը նոյն օր առաւօտեան այցելած էր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանին՝ անոր հետ քննարկելով երկրին քաղաքական հարցերու զարգացումները:
Վեհափառը պատուիրակութեան հետ իր հանդիպման ընթացքին վեր առաւ քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները շրջանէն ներս՝ շեշտը դնելով ներքին աւետարանչութեան ու կրօնական դաստիարակութեան նոր մղում տալու առաջնահերթութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.