ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի

Միշտ այժմէական հնչեղութիւն պէտք է տեսնել լիզպոնեան խոյանքին փոխանցած բազում պատգամներուն մէջ, անդադար միտք ու հոգի շարժող ձայներ պէտք է լսել 27 տարի առաջ պայթած ուժանակներու որոտումներուն մէջ եւ փորձել մտապատկերել այն ինչ որ ապրեցան, տեսան, երազեցին հրաշալի տղաքը, երբ սեղմեցին իրենց կեանքերուն վերջ տուող կոճակները։
Իւրովի մեկնաբանութիւններ կրնան ըլլալ անշուշտ շրջադարձային այս իրադրութիւնը վերլուծելու պահերուն։ Դէպքին ահագնութիւնը, նուիրաբերումին աննախադէպ տարողութիւնը եւ արձանագրուածին գերմարդկային ինքնամղումը պարտաւորեցնող են։ Պարտաւորեցնող են այն առումով, որ կը նեղցնեն տեղը իմաստակութիւններ կատարելու, դատողութիւններ շռայլելու, բանականութեան մրցումներ կատարելու։ Այս ա՛յն դէպքն է, որուն դիմաց ամէն բանէ առաջ պէտք է լուռ խոկալ, մտածել եւ անոր ներշնչումով գործե՛լ. անմնացորդ գործել։
Լիզպոնը իր պատգամները փոխանցած է ուղղակի հակառակորդին, միջազգային ընտանիքին։ Բոլորը անխտիր գիտակցած են, որ գործ ունին իր իրաւունքներէն մազաչափ մը իսկ չզիջելու պատրաստակամ ճակատի հետ։ Գործ ունին այդ գիտակցութեան հասցնող իւրայատուկ միջավայրի հետ։ Կարողականութեան մը հետ, որուն ներկայացուցչական խումբը կը կազմէին Լիզպոնի հերոսները, որոնք կը յայտարարէին, թէ իրենք առանձին չեն։ Կա՛ն, կը հետեւին շատեր, որոնք նոյն դաստիարակութեամբ օժտուած են, միեւնոյն հաւատամքը կը դաւանին, մանաւանդ միեւնոյն զոհաբերութեան պատրաստակամութեան տիրացած են։ Ինքնազոհութեան գագաթնակէտի օրինակը տրուած էր եւ այս օրինակին հետ հաշուի պիտի նստէին բոլորը։
Պատգամներուն ներազգայնութիւնը կարեւոր է անշուշտ։ Կարեւոր է մանաւանդ այս օրերուն, երբ աշխարհաքաղաքական կեդրոններէ կը ներշնչուին նոր գործընթացներ՝ Արեւմտեան Հայաստանի թէ Արցախի ուղղութեամբ նորովի պարտադրուող զիջումներ։ Արձանագրութիւններու տեսքին մէջ թէ բանակցային սեղաններու վրայ Լիզպոնի գաղափարախօսութեան հակոտնեայ փաստաթուղթեր կը հրամցուին հայկական կողմին, որ թուրքեւազրպեճանական դաշինքին առաջ մղած նախապայմաններուն ընդառաջ շարժելու տրամադրութիւններ ցոյց կու տայ։
Լիզպոնեան խոյանքով ամրագրուած ազգային-քաղաքական վարքագիծ մը պէտք է գերակշիռ հանգամանք ստանայ հայկական կողմէն մշակելի ամէն տեսակ հայեցակարգերու՝ արտաքին քաղաքականէն մինչեւ ռազմավարական, ներուժի կուտակման հրամայականէն մինչեւ հայկական գործօնը ամէնուրեք անշրջանցելի դարձնելու։ Որուն ալֆան եւ օմեկան հայոց իրաւունքներու անսակարկելիութիւնն է։ Անսակարկելի իրաւունքներ, որոնց քննարկումն իսկ պէտք է բացառել պատմաբաններու յանձնախումբի ձեւաչափով թէ հայապատկան տարածքներու կարգավիճակը ճշդող բանակցութիւններով։
Մանաւանդ որ հակառակորդ կողմը, հակառակ գիտակցելուն, երեւութապէս չ՛ուզեր ըմբռնել Լիզպոնով փոխանցուած մեր իրաւունքներուն անսակարկելիութեան փաստը։ Այդ փաստին գիտակցական ընկալումն է, որ յարգել կու տայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշումը, տարածքներու հայապատկանելիութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ամէն տեսակի հատուցումի պատասխանատուութեան ստանձնումը։
Ա՛յս է հայութեան հաւատոյ հանգանակը։ Լիզպոնով ամրագրուած ու նուիրականացած հանգանակը։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Լիզպոնի հինգը՝ Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճէմեան, Վաչէ Տաղլեան, Արա Քրճլեան եւ Սիմոն Եահնէեան, մահը աչք առած հինգ մարտիկներ էին, որոնք քսանեօթը տարի առաջ, այս օրը, անձնասպանական գործողութեամբ ներխուժեցին Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատունը, դեսպանը պատանդ վերցնելու եւ իրենց արարքով Հայ Դատին վրայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու նպատակով:
Հինգ հերոս մարտիկները, իրենց նպատակը իրագործել չկարենալով՝ դիմեցին անձնասպանութեան՝ պայթեցնելով իրենք զիրենք: