ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վահրամ քհնյ. Մելիքեանի փոխանցած տեղեկութիւններով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. պիտի չմեկնի Թուրքիա եւ պիտի չմասնակցի Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբեր 19ին մատուցուելիք պատարագի արարողութեան։
Ըստ քահանային, պատարագի արարողութեան պիտի մասնակցին երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնց անունները պիտի յայտարարուին յետագային:
Նշենք, որ 2007ին վերանորոգուած եւ իբրեւ թանգարան գործող Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին, Վանի նահանգապետի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ, այս տարուան Սեպտեմբեր 19ին պիտի վերաբացուի կրօնական արարողութիւններու համար: Թրքական կողմին հաւաստիացումով, եկեղեցւոյ գմբէթին նաեւ խաչ պիտի տեղադրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.