ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին, Քալիֆորնիոյ բժշկական վարչութեան անդամ նշանակած է Լոս Անճելըսէն տոքթ. Էրիք Էսրայէլեանը, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) հիւանդանոցի բժիշկներէն է, ու միաժամանակ կը դասաւանդէ համալսարանէն ներս:
Ան նախապէս աշխատած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) հիւանդանոցին մէջ եւ անդամ է բժշկական շարք մը կազմակերպութեանց:
35ամեայ Էսրայէլեանի նշանակումը պէտք է վաւերացուի նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.