ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յաճախ կը հանդիպինք հիւանդներու, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ այն ախտանշանները, որոնք լուրջ հետեւանքներ կրնան ունենալ, եւ զորս պէտք չէ անտեսել։ Լուսաբանելու համար հետաքրքիր հիւանդները, կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն կարեւոր ախտանշաններուն, որոնք բոլորին կողմէ ուշադրութեան պէտք է արժանան, եւ որոնք կը կարօտին բժշկական անմիջական եւ շտապ խնամքի։
1.- Աննախատեսելի եւ անբացատրելի արագ կշիռքի կորուստ, այսինքն՝ նիհարնալ։ Այլ խօսքով, երբ անհատ մը իր ծանրութեան 5 տոկոսը կը կորսնցնէ մէկ ամսուան ընթացքին եւ կամ 10 տոկոսը՝ 6-12 ամիսներու ընթացքին։ Այս երեւոյթին հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները. շաքարախտ, գերգործող վահանագեղձ, հոգեբանական խանգարում, ընկճուածութիւն, ծայրայեղ ծոմապահութիւն եւ ջրազրկում, լեարդի որոշ հիւանդութիւններ, եւ քաղցկեղի գոյութիւն մարմինի մը մէկ գործարանին մէջ:
2.- Մնայուն բարձր ջերմութիւն (high fever). այլ խօսքով, երբ մարմինի ջերմաստիճանի բարձրացումը տեւէ 10 օրէն աւելի։ Մեր մարմինի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ ժահրային որեւէ վարակի պարագային. սակայն այս ջերմութիւնը կ՛անհետանայ քանի մը օր ետք եւ ենթական կը վերագտնէ իր բնական վիճակը։ Երկարատեւ ջերմութիւնը կը յառաջանայ շատ հիւանդութիւններու պարագային, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ուղեղային, միզային եւ թոքային հազուագիւտ ժահրային ու մանրէական վարակներ, սուր ջրազրկում, քաղցկեղի որոշ տեսակներ եւ lymphoma։
3.- Անակնկալ շնչարգելութիւն եւ կամ շնչահեղձութիւն, մանաւանդ մանուկներու եւ տարեցներու մօտ։ Շնչահեղձութեան կրնայ ուղեկցիլ խաժամթութիւն (cyanosi), այսինքն՝ կապտիլ։ Այս երեւոյթին հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները. ազմ, մղձկահազ (croup), կապոյտ հազ (whooping cough), անձկութիւն, սրտի հիւանդութիւններ, սուր թոքատապ, թոքի քաղցկեղ, հոգեբանական խանգարումներ եւ օտար մարմինի մը գոյութիւնը շնչառական համակարգին մէջ: Անակնկալ շնչարգելութեան կրնայ ուղեկցիլ ձայնաւոր շնչառութիւն, որ նկատի պէտք է առնուի:
4.- Անակնկալ եւ անբացատրելի ստամոքսային եւ աղիքային խանգարումներու ախտանշաններ՝ պնդութիւն, փսխունք, նողկանք, փորի սուր ցաւ, սուր փորհարութիւն, արիւնոտ եւ կամ սեւ կղկղանք, որոնք կրնան յառաջանալ հետեւեալ հիւանդութիւններուն պատճառով. ստամոքսի եւ աղիքներու սուր բորբոքում, թունաւորում, հաստ աղիքի քաղցկեղ, ստամոքսի սուր խոց եւ քաղցկեղ:
Մանրէական բորբոքումներէն կարելի է յիշել «սալմօնելլա»ն: Բժիշկին պէտք է դիմենք անմիջապէս՝ հետեւեալ պարագաներուն.
1. Երկու օրէ աւելի տեւող սուր փորհարութեան եւ կամ մէկ շաբաթէ աւելի տեւող մեղմ փորհարութեան պարագային.
2. Երկու շաբաթէ աւելի տեւող պնդութեան պարագային.
3. Արիւնոտ փորհարութիւն.
4. Մութ գոյն եւ կամ սեւ կղկղ-անք.
5. Մոխրագոյն եւ կամ ճերմակ կղկղանք.
5.- Անակնկալ մտային կարողականութեան փոփոխութիւն եւ վատթարացում՝ մոռացկոտութիւն, կեդրոնացումի պակաս, տեսողական եւ լսողական զգայախաբէութիւն (hallucination), հակասական մտածողութիւն, շփոթ եւ անորոշութիւն։ Այս ախտանշաններուն հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ շաքարախտ, շաքարի նուազում, ուղեղային հարուած, ուղեղային արիւնահոսութիւն, ուղեղային զարկերակային խցում, ուղեղային կաթուած, հոգեբանական սուր խանգարումներ եւ հիւանդագին մոռացկոտութիւն (dementia):
6.- Անակնկալ սուր գլխացաւ, մանաւանդ՝ տարեցներու մօտ։ Պարզ գլխացաւը քանի մը օրուան ընթացքին կ՛անհետանայ եւ անհատը կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը։ Գլխացաւը մեր ուշադրութիւնը պէտք է գրաւէ, երբ ան պարզ միջոցներով չ՛անհետանար եւ կամ անոր կ՛ուղեկցի նաեւ շարունակական փսխուք, վիզի պրկուածութիւն, խօսելու դժուարութիւն, ոտքերու եւ թեւերու տկարութիւն, քալելու անկարողութիւն, մարմնական ընդհանուր թուլութիւն, զգայնութեան տկարացում եւ բարձր ջերմաստիճան։ Այս պարագաներուն, հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ՝ գլխու եւ ուղեղի հարուած-վնաս, ուղեղային կաթուած, ուղեղային արիւնահոսութիւն, ուղեղատապ եւ ուղեղի քաղցկեղ:
7.- Տեսողութեան անակնկալ տկարութիւն եւ կամ կորուստ, զօրաւոր փայլուն կայծակի նման լոյսերու տեսողութիւն. այս բոլորին հաւանական պատճառը կրնայ ըլլալ աչքի ցանցենիի հարուած-վնասում, արիւնահոսում, պատռուածք, տեղաշարժ, բաժանում եւ զարկերակային խցում։
8.- Անակնկալ եւ ժամանակաւոր խօսելու անկարողութիւն, տեսողական դժուարութիւն, ոտքերու եւ ձեռքերու մկանային տկարութիւն-թուլութիւն, կակազում, բերնի եւ շրթունքներու անշարժութիւն, դէմքի կաթուած-ծուրութիւն, որոնք կը յայտնուին հետեւեալ պատճառներով. ուղեղային կաթուած, արիւնահոսութիւն, զարկերակային խցում։
9.- Փսխուք, նողկանք, արիւնախառն փսխուք, կշիռքի կորուստ եւ որովայնի լեցունութիւն, նոյնիսկ չափաւոր ուտելու պարագային. ասոնց հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ ստամոքսային սուր խանգարումը, քաղցկեղը, խոցը, ինչպէս նաեւ շարոյրի սուր բորբոքում ու քաղցկեղ:
10.- Անակնկալ յօդերու կարմրութիւն, ուռեցք, տաքութիւն եւ ցաւ. այս պարագային, հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ մանրէական սուր յօդատապ, ռոմաթիզմային սուր յօդատապ (rheumatoid arthritis) եւ սուր կութ (gout)։