Էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխաներու կարեւոր տոկոս մը 4-7 տարեկանի միջեւ գիշերը տակը կը թրջէ։ Այս երեւոյթը շատ կը նեղէ եւ կը մտահոգէ ծնողները, իսկ շարունակուելու պարագային՝ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ նաեւ մանուկներուն վրայ։
Գիշերը տակը թրջելու սովորութիւնը կրնայ ֆիզիքական կամ հոգեբանական պատճառներ ունենալ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պատճառը, պէտք է դիմել նախ մանկաբուժին, որ իր կարգին կրնայ հոգեբան մը թելադրել։ Նշենք, որ տակը թրջելու սովորութիւնը լուծելի «անհանգստութիւն» մըն է, որուն դիմաց ձեռնածալ կարելի չէ մնալ։
ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ
– Խոր քուն
– Փոքր միզաման
– Մէզի բորբոքում
– Մէզի յաւելեալ արտադրութիւնը՝ գիշերուան ժամերուն
– Ժառանգական տուեալներ
– Հորմոնային հարցեր
ՀՈԳԵԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ
– Տան մէջ յաճախակի վէճեր եւ հարցեր
– Հարազատի մը մահը
– Եղբօր կամ քրոջ ծնունդը
– Երեխային հետ գէշ վերաբերում
– Պատերազմի օրերու անդրադարձ
– Սեռային բռնաբարում
——————————————————————————————————————————
ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ
Ո՞ւր Կը Սիրէք Անցընել Ձեր Արձակուրդը
Ոմանց համար ծովափն է արձակուրդի իտէալ վայրը, ուրիշներու համար՝ գիւղը, շատեր ալ կը նախընտրեն ճամբորդութիւնը, արկածախնդրութիւնը…
Իսկ դո՞ւք. պատասխանեցէք 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը։
1.- Ձեր կարծիքով, զուարճութեան տիպար վայրը՝
ա.- Թանգարաններով հարուստ քաղաքներն են։
բ.- Գեղեցիկ բնութեամբ վայրերն են։
գ.- Արկածախնդրութիւններով լեցուն երկիրներն են։
2.- Ո՞ր կերակուրը պիտի ընտրէք՝
ա.- Իտալական շքեղ կերակուր մը։
բ.- Պտուղներով պատրաստուած աղցան մը։
գ.- Անսովոր կերակուր մը, որ առաջին անգամ պիտի համտեսէք։
3.- Ճամբորդութեան ընթացքին ի՞նչ բանէ պիտի չհրաժարիք։
ա.- Հնագիտական վայրերու առաջնորդէն։
բ.- Անցագիրէն։
գ.- Լուսանկարչական գործիքէն։
4.- Ո՞ր բացատրութիւնը ձեր անձին կը յարմարի։
ա.- Մտածողը։
բ.- Գիշերային կեանքի սիրահարը։
գ.- Բնութեան սիրահարը։
5.- Չէք հանդուրժեր՝
ա.- Աղմկոտ վայրերը։
բ.- Մութ վայրերը։
գ.- Կեանքէ զուրկ վայրերը։
6.- Առհասարակ կ՛ուզէք շրջապատուիլ՝
ա.- Զարգացած անձերով։
բ.- Հանդարտ անձերով։
գ.- Խանդավառ, կեանքով լեցուն անձերով։
7.- Նաւով շրջապտոյտ մը առիթ է՝
ա.- æինջ ջուրերը վայելելու։
բ.- Ծովուն մաքուր օդը շնչելու։
գ.- Գեղեցիկ լուսանկարներ նկարելու։
***
ԱՐԴԻՒՆՔ
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ձեր արձակուրդի իտէալ վայրը թանգարաններով եւ հնութիւններով հարուստ քաղաքներն են։ Ձեզ կը հետաքրքրեն հարուստ պատմութիւն ունեցող երկիրները, որոնք պիտի բաւարարեն ձեր հետաքրքրութիւնը եւ իմաստ տան ձեր արձակուրդին։
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, արձակուրդը, ձեր կարծիքով, պէտք է ըլլայ խոկումի, մեկուսացումի առիթ մը, հեռու առօրեայ մտահոգութիւններէն, տաղտուկներէն, աղմուկէն եւ այլն… Ահա թէ ինչո՛ւ կը նախընտրէք ծովափը՝ օրուան տարբեր ժամերուն։ Բայց նաեւ պարբերաբար կը սիրէք հաճելի ժամանակ անցընել գիշերային վայրերու մէջ՝ երաժշտութեան եւ խմիչքի կողքին։
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեզ հետաքրքրողը ամառնային արձակուրդին ընթացքին արկածախնդրութիւնն է։ Չէք ուզեր վայրկեան մը իսկ վատնել՝ առանց օգտուելու ձեր գտնուած վայրին զանազան առաւելութիւններէն։ Եթէ գիւղն էք, պիտի մագլցիք, եթէ ծովն էք, պիտի սուզուիք, բայց առաւելաբար հետաքրքրուած էք նոր եւ անծանօթ երկիրներով ուր օրական յայտնաբերում մը կրնաք կատարել։