
Հայաստանի բնակչութեան աճին զարկ տալու նպատակով աշխատանք տանող «Անահիտ» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ իր 10րդ տարեկան ճաշկերոյթ-դրամահաւաքի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ին, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ (1201 Vine ST. Los Angeles, CA 90038), երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ:
Մուտքի սակը 85 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 409-0655 թիւին կամ anahid_fund@yahoo.com հասցէին: «Անահիտ» հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anahidfund.com համացանցային կայքը: