
ԱՏԱՅՍԷ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 3ին, հարաւային Լիբանանի Ատայսէ գիւղաքաղաքին մօտ, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու հետեւանքով սպաննուեցան լիբանանցի երկու զինուորներ, լիբանանցի քաղաքացի մը եւ իսրայէլացի բարձրաստիճան սպայ մը:
Ըստ նախնական տուեալներու, բախումները սկսած են, երբ լիբանանցի սահմանապահ զինուորները փորձած են կասեցնել Լիբանանի սահմանէն ներս գտնուող ծառ մը արմատախիլ ընելու իսրայէլացի զինուորներուն փորձը:
Դէպի լիբանանցի զինուորներուն կողմը օդին մէջ կատարուած կրակոցներուն, իսրայէլեան կողմը պատասխանած է հրթիռներով՝ հարուածելով նաեւ Ատայսէի մէկ բնակարան մը:
Լիբանանեան բանակը, իր կարգին, հարուածած է իսրայէլեան այն դիրքերը, ուրկէ արձակուած էին հրթիռները:
Իսրայէլեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ծանր բախումներ տեղի ունեցած են, մինչեւ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին միջամտութիւնը, որմէ ետք կարելի եղած է վերահաստատել սահմանին կայունութիւնը:
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները՝ զանոնք ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում որակելով:
Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի կասեցնէ Լիբանանի դէմ բռնարարքները:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի նախագահին հետ, անոր յայտնելով, թէ Սուրիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Ռուսիա եւ Ֆրանսա մտահոգութիւն յայտնեցին բախումներուն կապակցութեամբ, իսկ Եգիպտոս դատապարտեց իսրայէլեան ռմբակոծումները եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները: