ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գաղութի վիճակով մտահոգ ազնուական ազգային մը՝ Իսահակ Գազանճեան, իր տունը հրաւիրած էր հասարակական քանի մը գործիչներ՝ զինք յուզող հարցերը անոնց փոխանցելու եւ պատասխաններ պահանջելու համար:
Ամիսներ առաջ պարոն Գազանճեան առիթ մը եւս ստեղծած էր հանդիպելու այլ խումբի հետ՝ միշտ ազգ ու համայնք յուզող հարցերու մասին իր մտահոգութիւնները փոխանցելու եւ լուծումներ փնտռելու:
Այս հանդիպումները ապարդիւն մտքի մարզանքներ չեն, անշուշտ: Եթէ ըլլային, դժուար թէ կրկնուէին: Պարզաբանումներ կը տրուին, խորհուրդներ կը լսուին, յորդորներ կը փոխանցուին եւ անպայման, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով, որոշ հարցեր կը լուծուին, ուրիշներ կը յայտնուին ու հետագայ նոր հանդիպումներու շարժառիթներ կը ստեղծուին:
Վստահ ենք, որ պարոն Գազանճեանի նման կան բազմաթիւ մարդիկ, հեղինակութեան եւ ազդեցութեան տէր անձեր, որոնք պահանջք կը զգան իրենց կարծիքները, առաջարկները, գաղափարները հասցնելու պատասխանատու շրջանակներու: Վստահ ենք նաեւ, որ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւնները մեծապէս կը տուժեն, եթէ չգտնեն միջոցն ու ճամբան նման անձերու գաղափարներուն հասու ըլլալու:
Որոշ կազմակերպութիւններ յատուկ ծրագրաւորումով ու ժամանակացոյցով կը փորձեն նախաձեռնել նման տեսակի հանդիպումներու, ունկնդրութիւններու, տարբեր կեդրոններու ու սրահներու մէջ հրապարակային ասուլիսներու ու զրոյց-բանավէճերու, որոնք կը ջանան հաղորդակցիլ մտահոգ ազգայիններու միտքերուն ու գաղափարներուն:
Թերթերը, հեռատեսիլի կայաններու յատուկ հաղորդումները, եւս միջոցներ են հանրութիւնը հետաքրքրող, յուզող հարցերուն մասին կարծիքներ հրապարակելու, անձնական կեցուածքներ ու գնահատականներ հասարակութեան լայն խաւերուն ու պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուողներուն հասցնելու:
Չլսել, հաշուի չառնել այս բոլորը՝ կարելի չէ, անիմաստ է, վնասակար է: