ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հովանաւորութեամբ՝ Շուշիի մէջ կը կայանայ «Հայկի սերունդ» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան «Ուղին ճշմարիտ է, երբ այն հայրենիք է բերում» կարգախօսով սկաուտական առաջին բանակումը, որուն կը մասնակցին հայ սկաուտներ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Իրանէն:
Ըստ «Հայկի սերունդ» երիտասարդական ՀԿ նախագահ Երուանդ Հաջիյեանի՝ ծրագրի ծիրէն ներս կազմակերպութիւնը հիմնադրած է «Արցախի հայորդիներ» սկաուտական շարժումը, որուն նպատակն է սկաուտական գաղափարները տարածել Արցախի երիտասարդութեան մէջ։
Օգոստոս 3-10ի միջեւ ընթացող սկաուտներու արցախեան անդրանիկ բանակումի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է Օգոստոս 10ի երեկոյեան։
Ե. Հաջիյեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ բանակումը, ըստ նախատեսուածին, անցած է բարձր մակարդակով եւ ունեցած է 100 մասնակից, որոնց մէկ մասը առաջին անգամն է, որ Արցախ կ՛այցելէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.