ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու յատկապէս Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն գծով այնքան այժմէական «THE CONFISCATION OF ARMENIAN PROPERTIES…
by the Turkish Government said to be abandoned» հատորը, որ կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի հայկական կալուածներու պահանջատիրութեան:
Այս հատորը անգլերէն թարգմանութիւնն է դոկտ. Պաղճեանի ֆրանսերէն լեզուով գրած նոյնանուն հատորին, որուն թարգմանութիւնը եւ խմբագրական աշխատանքը կատարած է դոկտ. Ա. Կիւրեղեան: Հատորը մանրամասնութիւններ կը բովանդակէ հայկական կալուածներու մասին, որոնք բռնագրաւուած են թրքական պետութեան կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան միջոցին:
Սոյն հատորին արժէքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ կը յստակացնէ հայ ժողովուրդին նիւթական ու հողային պահանջը Թուրքիայէն: Հարց՝ որ այնքան հրատապ է ու այժմէական, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ:
Հատորը հրատարակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խ. Պապիկեան հրատարակչական Ֆոնտ»ին մեկենասութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.