ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ, Օգոստոս 13ին սկսած է Համահայկական չորրորդ կրթական խորհրդաժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 17:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցին եւրոպական, ԱՊՀի, Միջին Արեւելքի եւ ամերիկեան մօտ 26 երկիրներու հայկական համայնքներու ուսումնական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ զբաղող մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ ԳԱ ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, պատգամաւորներ, եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Ընթերցուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, որուն մէջ իբրեւ կարեւոր կէտ նշուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթօճախներու համագործակցութիւնը: «Մենք պէտք է ջանք ու եռանդ չխնայենք, որ հայոց լեզուն չկորսուի օտարութեան մէջ: Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ հայապահպանութիւնը Սփիւռքում բխում է Հայաստանի հանրապետութեան շահերից: Հայոց լեզուի պահպանումը եւ ազգային ինքնագիտակցումը մեր ժողովրդի յաւէրժութեան պարտադիր պայմանն է», ըսուած է ուղերձին մէջ:
Ա. Աշոտեան, ողջունած է մասնակիցները եւ նշած, որ խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքել Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի եւ æաւախքի լաւագոյն կրթական ու գիտական ներկայացուցիչներն ու ոլորտի պատասխանատուները եւ միասին քննարկել ապագայ երկու տարիներուն համար նախատեսուած խնդիրներու լուծման տարբերակները: Ան յոյս յայտնած է, որ երեք օրուան աշխատանքներուն իբրեւ արդիւն, կը ծնի նոր բանաձեւ, կը յստականան հին ծրագրային ուղղութիւնները եւ կը լսուին նոր առաջարակներ:
Հ. Յակոբեան նոյնպէս կարեւոր համարած է խորհրդաժողովին իրականացումը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնած, որ եռօրեայ աշխատանքի ընթացքին կը քննարկուին կրթական, ազգային դաստիարակութեան վերաբերող խնդիրներ, կը ներկայացուին նախորդ խորհրդաժողովէն ետք կատարուած աշխատանքները եւ ձեռքբերումները: Ըստ անոր, ասիկա եւս քայլ մըն է՝ ուղղուած հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման:
Նշենք, որ համահայկական 4րդ կրթական խորհրդաժողովը կ՛իրականանայ երկու տարին անգամ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.