ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ
Բ. ՄԱՍ
1. ՀՕՄի «Արարատ» Մրցանակ: «Արարատ» Մրցանակը ՀՕՄի կողմէ, առ ի գնահատանք կը տրուի հայ թէ օտար այն անհատներուն, որոնք բացառիկ ծառայութիւն մատուցած են հայ ժողովուրդին: Առաջին անգամ ըլլալով, Մարտ 2003ին, «Արարատ» մրցանակը տրուեցաւ «Արարատ» շարժապատկերին բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեանին: Ապրիլ 2007ին, Արցախի նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ նեցուկ կանգնող Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Տան անդամ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսին եւ Մարտ 2010ին՝ Մերձաւոր Արեւելքի հաստատութեան (Near East Foundation) նախագահ Շանթ Մարտիրոսեանին: Հաստատութիւնը, նախապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց ընկերութիւն (Near East Relief) անունով ծանօթ, հիմնուած 1915ին, հազարաւոր հայերու շա՜տ օգտակար եղած է եւ կը շարունակէ օգնել մինչեւ օրս:
2.- ՀՕՄի æաւախքի Օժանդակութիւն: Յունիս 2001ին, Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ æաւախք կրթամշակութային յանձնախումբը, առողջապահական, մշակութային եւ կրթական օժանդակութիւն հասցնելու համար ջաւախքահայութեան: ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ալ զանազան երկիրներու մէջ իր միաւորները գործի լծեց «æաւախքի հիմնադրամի յանձնախումբ» անունով, որոնք մինչեւ 2005ի աշնան, վերոյիշեալ յանձնախումբին 263,000 տոլար փոխանցեցին:
Ամէն տարի, այս տեսակ ներդրումներով է, որ այսօր կը գործեն Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ շուտով բացուելիք Նինոցմինտայի Երիտասարդական կեդրոնները, բազմաթիւ դարմանատուներ, շտապ օգնութեան հիւանդակառքեր (Ambulances) եւ անոնց ընկերացող բուժքոյրեր եւ բժիշկներ: Ախալքալաքի հիւանդանոցին բժշկական նոր սարքաւորումներ տրամադրուած են եւ նոր ատամնաբուժարան մը բացած:
ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը կը վկայէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի «ՀՕՄի æաւախքի յանձնախումբ»ը, ամէն տարի բացառիկ ճիգ կը թափէ դրամ հաւաքելու: Աշակերտներուն փոքրիկ թիթեղէ տուփիկներ բաժնելով, գեղեցիկ նաւային շրջապտոյտներ կազմակերպելով, «պազար»ներու մասնակցելով եւ այլ միջոցներով:
2002էն մինչեւ 2010ը, այս յանձնախումբը 391,000 տոլար հաւաքած է եւ կեդրոնական վարչութեան փոխանցած եւ 18 բուժքոյրեր վերապատրաստած է Ախալքալաքի մէջ: ՀՕՄի æաւախքի միաւորն ալ կեդրոնական վարչութեան բոլոր ծրագիրները գործադրելէ զատ, ամէն տարի հայոց պատմութեան շարադրութեան, արուեստի մրցոյթներ կը կազմակերպէ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով գաղութին մէջ: ՀՕՄի վարկը շատ բարձր է æաւախքի մէջ: Յաջորդ տասնամեակին, այնպէս կը թուի, թէ մեր գործունէութեան կիզակէտը æաւախքը պիտի ըլլայ:
3.- Լիբանահայութեան Օժանդակութիւն: 2006ին, քաղաքական պատճառներով, երբ Լիբանանի ապահովական վիճակը դարձեալ վատթարացաւ, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը կոչ ըրաւ բոլոր միաւորներուն, որ օգնութեան ձեռք երկարեն լիբանանահայութեան: Անդամուհիները անմիջապէս ընդառաջեցին սոյն կոչին եւ կեդրոնական վարչութեան միջոցով 68,350 տոլար ԼՕԽին փոխանցեցին:
4.- Իրաքահայութեան Օժանդակութիւն: ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը կոչ ըրաւ Իրաքի շուրջ գտնուող երկիրներուն միաւորներուն (Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա, Հայաստան), որ օգնեն Իրաքէն եկող ազգակիցներուն: Ապա, 2001ի սկիզբը, անդամուհիներու ջանքերով հաւաքուած 105,000 տոլար գումարը կեդրոնական վարչութիւնը փոխանցեց Իրաքի Հայոց առաջնորդարանին, յատկացնելու համար կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, 5000 տոլար ալ ղրկեց ՀՕՄի Յորդանանի մասնաճիւղին, նոյն նպատակին համար:
2007ին, ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ «Իրաքահայութեան օժանդակութեան համագաղութային յանձնախումբ», որուն ջանքերով 2007-2009 տարիներուն 280,000 տոլար հանգանակուեցաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանին:
ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը, Կեդրոնական Վարչութեան խողովակով, 2,500 տոլար ղրկած է Իրաքէն Հայաստան ապաստանած հայերուն, նաեւ Ռաֆֆի Կարապետեանի միջոցաւ ալ 10,000 տոլար նոյնպէս ղրկած է Հայաստան, իրաքահայ գաղթականներուն տրամադրելու համար:
5.- Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ: Հայաստան համահայկական հիմնադրամը հիմնուած է Ապրիլ 1998ին: ՀՕՄը անդամ է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, կանոնաւորապէս ներկայ կը գտնուի Մայիս ամսուն, Երեւանի մէջ գումարուող նիստերուն: ՀՕՄի միաւորներն ալ հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղերու հետ կը գործակցին եւ Նոյեմբեր ամսուն թելեթոնին իրենց սրտաբուխ դրամական նուէրը, կեդրոնական վարչութեան խողովակով հոգաբարձութեան կը հասցնեն:
6.- ՀՕՄի Պաշտօնաթերթ՝ «Հայ Սիրտ»: «Հայ Սիրտ»ին առաջին թիւը լոյս տեսած է Յունուար 1939ին: 1939էն մինչեւ 2009, 160 թիւեր հրատարակուած են, որոնք անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալով հայ ազգի վերջին 100 տարիներու պատմութեան, հայ կնոջ մաքառումներուն՝ ի շահ հայ ժողովուրդին, ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներու գործունէութեան, ՀՕՄի ՄԱԿէն ներս տարած աշխատանքներուն, ՀՕՄի կազմակերպած սեմինարներուն, խորհրդաժողովներուն, գիտաժողովներուն եւ այլ անհրաժեշտ նիւթերու մասին: Վերջին տասնամեակներուն, վաստակաշատ մտաւորական Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի խմբագրութեամբ, ՀՕՄի «Հայ Սիրտ» պաշտօնաթերթը լոյս կը տեսնէ: Վերջին տասնամեակին գեղեցիկ տպագրութեամբ եւ վերջերս քանի մը լեզուներով կը հրատարակուի եւ ՀՕՄի միաւորներուն կողքին, օտար հաստատութիւններու եւ դեսպանատուներու ալ կը ղրկուի:
7.- ՀՕՄի 100ամեակի Հատոր: Ընկ. Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան, այս տասնամեակին, ջանաց ՀՕՄի արխիւները ի յայտ բերել: Այս պատմական փաստաթուղթերուն, նամակներուն, լուսանկարներուն եւ միաւորներէն եկած տեղեկագրութիւններուն հիման վրայ, ՀՕՄի 100ամեայ պատմութիւնը կը ձգտի գրել եւ խմբագրել, որ լոյս պիտի տեսնէ շուտով: Հայ կնոջ դար մը ծառայութեան պատմութիւնը կը նշանակէ «ՀՕՄուհին պատմութեան դիմաց» քննել, վերլուծել եւ 21րդ դարուն ՀՕՄին երթալիք ուղին որոշել:
8.- ՀՕՄի 100ամեակի Հիմնադրամ: ՀՕՄի 100ամեակի առիթով, կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց իր միաւորներուն եւ համակիրներուն դրամական նուէրներով, նուազագոյնը 5 միլիոն տոլար հանգանակել եւ հիմնադրամ մը հիմնել, որուն շահարկման հասոյթը՝ ՀՕՄի ազգօգուտ ծրագիրները իրագործելու պիտի նպաստէ: ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբն ալ աշխուժօրէն կ՛աշխատի Արեւմտեան շրջանէն ներս մէկ միլիոն տոլար հաւաքել, որով, սիրելի ազգակից եւ յարգելի ընթերցող, կարողութեանս չափով, քու ալ մասնակցութիւնը՝ լուման բեր հեռաձայնելով շրջանային վարչութեան գրասենեակ (818) 500-1343 թիւին: Յիշենք մանկական երգին բառերը.
«Փոքր կաթիլները ծովը կը կազմեն,
«Աւազի հատերն ալ լեռը կը դիզեն»:
Իսկ ՀՕՄի տրուած լումաներն ալ որբուկներուն, անկարներուն ու այրիներուն միլիոնաւոր արցունքները կը սրբեն:
ՀՕՄԻ 12 ՇՐæԱՆՆԵՐԸ ԵՒ
15 ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ
ՀՕՄի 100ամեայ բարեսիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան շատ ամփոփ տեղեկագիրը չենք կրնար փակել, առանց յիշելու ներկայի 12 շրջաններու եւ 15 մեկուսի մասնաճիւղերու անունները՝ սփռուած 26 երկիրներու մէջ:
Ըստ ՀՕՄի Ծրագիր-Կանոնագրի պայմաններուն, շրջան ըլլալու համար, աշխարհագրական նոյն ցամաքամասին վրայ, նուազագոյն 3 կամ աւելի մասնաճիւղ պէտք է գոյութիւն ունենայ եւ նուազագոյնը 300 գործօն անդամ: Ասոնցմէ նուազ թիւ ունեցող նոյն ցամաքամասի մասնաճիւղեր՝ մեկուսի մասնաճիւղ կը նկատուին: Կան նաեւ ՀՕՄի մեկուսի անդամներ, երբ իրենց երկրին մէջ ՀՕՄի մասնաճիւղ չկայ՝ ինչպէս՝ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ 3 անդամ ունին:
ՀՕՄԻ ՇՐæԱՆՆԵՐ
1. ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի շրջան՝ 33 մասնաճիւղ
2. ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջան՝ 26 մասնաճիւղ
3. Լիբանահայ օգնութեան խաչ՝ 26 մասնաճիւղ
4. Սուրիահայ օգնութեան խաչ՝ 10 մասնաճիւղ
5. Ֆրանսայի Հայ կապոյտ խաչ՝ 19 մասնաճիւղ
6. Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչ՝ 5 մասնաճիւղ
7. ՀՕՄի Թրակիոյ եւ Յունաստանի Մակեդոնիոյ շրջան՝ 6 Մասնաճիւղ
8. ՀՕՄի Հարաւային Ամերիկայի շրջան՝ 7 մասնաճիւղ
9. Գանատայի շրջան՝ 10 մասնաճիւղ
10. ՀՕՄի Աւստրալիոյ շրջան՝ 4 մասնաճիւղ
11. ՀՕՄի Հայաստանի շրջան՝ 56 մասնաճիւղ
12. ՀՕՄի Պուլկարիոյ շրջան՝ 5 մասնաճիւղ
ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
ՀՕՄի Արցախի, Յորդանանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Երուսաղէմի, Կիպրոսի, Հայֆայի, Եաֆայի, Սթոքհոլմի, Ուփսալայի, Վրաստանի, Քուէյթի, Զուիցերիոյ մէջ, առաւել Եգիպտոսի Հայ Գթութեան Խաչը եւ Ռուսաստանի Հայ կանանց միութիւնը:
Այս Շրջանները եւ Մեկուսի մասնաճիւղերը, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելէ զատ, իրենց գտնուած գաղութներու կարիքներուն հասնելէ զատ, ունին այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք իրենց հիմնուած օրէն ի վեր բարիք կը սփռեն եւ պատիւ կը բերեն հայ ազգին, ինչպէս՝
– ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը՝ Լիբանանի մէջ,
– Հալէպի պատսպարանը եւ ՍՕԽի ընկերաբժշկական կեդրոնը՝ Սուրիոյ մէջ,
– Ֆրանսայի Հայ կապոյտ խաչի «Պելֆոնթէն» ճամբարը,
– Յունաստանի «Խալքիտիքի» ամարանոցը,
– ՀՕՄի Արժանթինի եւ Սան Փաուլայի ծերանոցները,
– ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Ճորճ եւ Պէաթրիս Լազարեան» կրթական նպաստները,
– ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ընկերային ծառայութեանց գրասենեակները. Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, Գիւմրիի եւ Սպիտակի մէջ հիմնուած հոգեբանական կեդրոնները եւ Թալինի, Երեւանի, Վանաձորի եւ Ստեփանակերտի «Օփթիք»ները՝ ակնոցի աշխատանոցները եւ այլն:
ՀՕՄը միայն հայ ժողովուրդի կարիքներուն չէ փորձած հասնիլ, այլ նաեւ օտար կարօտեալներու, մանաւանդ բնական աղէտներու ժամանակ, համագաղութային հանգանակութիւններ ձեռնարկած է եւ հաւաքուած գումարները Միջազգային կարմիր խաչի խողովակով աղէտեալներուն հասցուցած է, ինչպէս Քոլոմպիոյ, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Իրանի, «Քըթրինա» մրրիկի, վերջերս՝ Հայիթի, եւ այլ պարագաներու:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
100 տարիներու տքնաջան աշխատանքէն ետք, երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք ՀՕՄի կտրած ճամբուն վրայ, մեր սիրտերը գոհունակութեամբ կը լեցուին:
ՀՕՄի 10ը տասնամեակներու գործունէութեան մասին յիշուած թուանշաններով եւ տեսանելի իրագործումներով, կարելի չէ անոր ամբողջական վաստակը ներկայացնել: Ինչպէ՞ս չափել սովամահ որբուկին անոյշ ժպիտը կաթ խմած պահուն, կամ ծերուկին դողդոջ ձեռքերով շնորհակալութիւն յայտնելը պնակ մը տաք կերակուրէ ետք. ինչպէ՞ս չափել երախտագիտական խօսքերը որբեւայրիին գործ հայթայթելէ ետք կամ հիւանդին դեղ ու դարման ճարելէ ետք. ինչպէ՞ս չափել ՀՕՄի միօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն հրճուանքով եւ բարձրաձայն արտասանած «Ա.Բ.Գ.»ի դասերը կամ ուսումնատենչ աշակերտին անխառն ուրախութիւնը կրթանպաստ ստացած պահուն, որով ՀՕՄի անտեսանելի վաստակը շատ աւելի ծանր կը կշռէ քան տեսանելին:
Այս յօդուածաշարքին մէջ, գրեթէ ոեւէ ՀՕՄուհիի անուն չյիշեցինք, որովհետեւ եթէ մէկունը յիշենք, բոլորինն ալ պէտք է յիշենք, որ անկարելի էր: Իսկութեան մէջ, ՀՕՄը կամաւոր աշխատող հայ կիներու բանակ է եւ «ուխտած է ծառայել երկար ժամանակ»: ՀՕՄուհիին վարձատրութի՞ւնը՝ թրծուիլ ՀՕՄի ազնուացնող քուրային մէջ, ազնուանալ եւ ազնուացնել: Միայն այսքան, մնացեալը թող Աստուած հատուցէ:
Այսօր, համաշխարհայնացման դարուն մէջ կ՝ապրինք: Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցները դիւրացած են, սակայն մեր բազմադարեան ազգին զաւակներուն 2/3ը, աշխարհի չորս ծագերուն տարտղնուած, զանազան քաղաքակրթութիւններու ազդեցութեան տակ, ձուլման վտանգի ենթակայ է: ՀՕՄը եւ միւս բարեսիրական կազմակերպութիւնները միասին, չեն կարող ձուլման «ցունամի»ին առաջքը առնել եւ այլ ազգային կարիքներուն հասնիլ: Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցին ալ, իր կարգին, պէտք է օգնութեան հասցնէ որբուկին, որբեւայրիին, աղքատին, հիւանդին, տարեցին եւ անտունին: Անտէր մեռեալին կամ անկարին համար, նախ եկեղեցիներուն դռները պէտք է զարնեն, յետոյ ՀՕՄին: Իսկ ՀՕՄուհին, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, այլասերող հայերը եւ օտար կողակիցները հայացնելու գործին պէտք է լծուի գերագոյն լարումով:
Սեպտեմբեր 2009ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը ՀՕՄին շնորհեց կոնդակ եւ 2010ը տարին հռչակեց «Հայ Կնոջ Տարի», որոնց համար ՀՕՄը սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ:
ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած այս յօդուածաշարքը կ՛ուզենք փակել Արամ Ա. վեհափառ հօր խօսքերով. «Հայ Կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն: Որպէս մայր ու դաստիարակ վաղուան սերունդը կերտելու կոչուած անձ, հայ կինը կոչուած է իր մէջ խտացնելու եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները ու հարազատ աւանդութիւնները»:
ՎԵՐæ
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Օզանեան, Մերուժան եւ Մխիթարեան Սիրանոյշ, «Յուշամատեան Հայ Օգնութեան Միութեան՝ 1910-1970», «Հայրենիք» տպարան, Պոսթըն, 1970:
2. Հրատարակութիւն ՀՕՄի կեդր. վարչութեան, «Յուշամատեան Հայ Օգնութեան Միութեան. 1910-1985» Պոսթըն, 1986:
3. «Հայ Սիրտ» թիւ 1-159, ՀՕՄի կեդր. վարչութեան պարբերաթերթ, Պոսթըն, 1939-2008:
4. ՀՕՄի կեդր. վարչութեան եռամսեայ եւ միամեայ տեղեկագիրներ 1980-2009 Հոկտեմբեր:
5. Մամուլ՝ «Հայրենիք» եւ «Ասպարէզ»: