ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ ամէն տարի հայերէն դասագիրքեր կը յատկացուին Սփիւռքի հայկական կրթօջախներուն, բայց ճանապարհածախսի պատճառով, անոնք աշակերտներուն կը ծախուին դպրոցներուն կողմէ:
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, դասագիրքերու տեղափոխման ծախսը ստանձնած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, որպէսզի հայերէն դասագիրքը աշակերտին հասնի անվճար:
Աւելի քան 15 արկղ դասագիրք, Օգոստոսի 11ին յանձնուած է արդէն «Նարեկ» վարժարանին: Այդ մէկը Երեւանէն բերուած երկրորդ խումբն էր. առաջինը բերուած էր մօտ մէկ ամիս առաջ եւ բաժանուած էր այլ կրթօջախներու:
Յաջորդ՝ ամենամեծ խումբը, Լոս Անճելըս պիտի հասնի մինչեւ ուսումնական նոր տարուան սկիզբը, ամբողջութեամբ ապահովելով տեղւոյն հայկական կրթօջախներու պահանջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.