ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, ատրպեճանական զինուած ստորաբաժանումները դարձեալ գնդակոծած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը:
Օգոստոս 16, Օգոստոս 17 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հայ-ատրպեճանական սահմանագօտիի տարբեր հատուածներու վրայ կրկին արձանագրուած են հրադադարի խախտման դէպքեր: Մասնաւորապէս ատրպեճանական կողմէն՝ տարբեր տրամաչափի հրազէնային զէնքերով գնդակոծուած են Սիւնիքի մարզի Մեղրիի տարածաշրջանի Վահրավար բնակավայրերու պաշտպանական դիրքերը:
ՀՀ զինուած ուժերու առաջապահ ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած համապատասխան կեցուածքին իբրեւ արդիւնք՝ հակառակորդը լռած է: Հայկական կողմէն տուժածներ եւ վիրաւորներ չկան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.