ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան այս Յուլիսին, գլխաւորեց երկրի նորահաստատ համաքրիստոնէական կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչներու պաշտօնական այցելութիւնը ԱՄՆ քոնգրեսական անդամներու հետ Իրաքի քրիստոնեաներու կացութիւնը քննարկելու:
Պատուիրակութիւնը Յուլիս 12-15ին Ուաշինկթընի մէջ ժողով գումարած է քոնգրեսականներու, ինչպէս նաեւ Hritage Հաստատութեան ներկայացուցիչներու հետ, Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան միջոցներ որոնելու համար, երկրի Մահմետական համայնքի աղանդական սպառնալիքի սաստկութեան ներքոյ:
2003ի պատերազմէն առաջ 1.2 միլիոն համարուած Իրաքի քրիստոնեաներուն գրեթէ կէսը լքած է երկիրը յետ պատերազմի եօթը տարիներու ընթացքին:
Առաջնորդ հայրը առիթը ունեցած է նաեւ մասնակցութիւն բերելու Յուլիս 11ին Յովնան Խօջաիյնաթեանի քահանայ ձեռնադրութեան Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ ժողովներու աւարտին մեկնած է Նիւ Եորք, ուր այցելած է Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Տէր Խաժակ արք. Պարսումեանին, ապա Սուրբ Ներսէս Վանք՝ իր ուսումնարանը:
Պաղտատ ծնած սրբազանը Իրաքի թեմի առաջնորդն է 1980էն ի վեր: Այսօր, Պաղտատի Ազգային առաջնորդարանը իրաւասութիւն ունի Մուսուլ, Պասրա, Քէրքուկ, Էրպիլ եւ Տհօք նահանգներու, ինչպէս նաեւ Զախօ գիւղաքաղաքի հայաշատ շրջաններու եւ Աւզրուկ ու Հաւրէզք զուտ հայաբնակ գիւղերու մեր համայքին վրայ, ընտրովի կամ նշանակովի թաղական խորհուրդներով: Ունի Ազգային տարրական վարժարան Պաղտատի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներ՝ վերոյիշեալ կարգ մը շրջաններուն մէջ, կը հետեւի պետականացած վարժարաններու հայերէնի ուսումնական ծրագիրներուն: «Իրաքի մեր համայնքը ջերմօրէն փարած կը մնայ Առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյն եւ հայկական աւանդութիւններուն» յայտարարեց սրբազանը, աւելցնելով որ երկրի այլ քրիստոնեայ համայնքներու նման, ան ալ կը դիմագրաւէ իր ապագայ գոյութեան մարտահրաւէրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.