ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ քաղաքագէտ, Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Մարքովի, Երեւանի մէջ ՀԱՊԿի ոչ պաշտօնական գագաթաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը, շարք մը այլ հարցերու կողքին, սակայն ան վստահ է, որ գագաթաժողովի մասնակիցները ոչ մէկ յստակ որոշումի պիտի չյանգին այդ կապակցութեամբ: Նշենք, որ ՀԱՊԿի ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 20-22ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.