Շաբաթ, Օգոստոս 21ին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանց դրօշակները կ՛ողջունէին Այնճար մուտք գործողը՝ յուշելով, որ տօն է այդ օրը, որովհետեւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի հարուստ տօնակատարութիւններուն եզրափակիչ հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու նպատակով գիւղ պիտի ժամանէին թանկագին հիւրեր:
Յաջորդաբար Այնճար կը ժամանեն Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԼՂՀի մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան, նախագահի խորհրդական Արմէն Իսակուլով, նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան, նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեք համայնքներու պետեր, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։
Տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա ՀՄԸՄի Այնճարի փողերախումբին առաջնորդութեամբ տողանցք՝ մասնակցութեամբ Այնճարի բոլոր միութիւններուն, ՀՄԸՄի Լիբանանի սկաուտներուն։
Տողանցքէն ետք Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ գիւղին անդորրութեան եւ բարգաւաճման համար։ Եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը՝ վեհափառը ուրախութիւն յայտնեց փոքր Հայաստանի՝ Այնճար հայաւանի մէջ գտնուելուն համար՝ հաստատելով, որ հայրենիքը, ժողովուրդն ու եկեղեցին միասնաբար աւելի զօրեղ ու հզօր են, լիարժէք ամբողջութիւն են։ Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ընկերակցող հիւրերուն այցելութեամբ Այնճարը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի իր հաւատքին ու ազգութեան մէջ։
Ապա բոլորը միասին ուղղուեցան Մուսա լերան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին Բակօ Սահակեան, Հրանդ Մարգարեան եւ Հրանուշ Յակոբեան։ Ապա հիւրերն ու ժողովուրդը տողանցքով ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան ժողովուրդին նոր պատմութիւնը կերտած այնճարցի նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողի բացում։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի յոբելենական մարմնի նախագահ Յակոբ Հաւաթեան շեշտը դրաւ նահատակութեան խորքին ու իմաստին վրայ: Ան յայտնեց, որ կոթողը կը նուիրուի Այնճարի նահատակներուն, որոնք ինկան հայ ժողովուրդի մեծ ու վսեմ գաղափարներու նուիրագործման ճամբուն վրայ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս առիթով Այնճար գտնուող Հայաստանի եւ Արցախի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութիւնը յետմահու բալասան դառնայ նահատակներուն համար, որոնք ապրեցան ու գործեցին Հայաստանի համար, բայց զայն չտեսան։
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ հաստատեց, թէ յուշակոթողը կու գայ անգամ մը եւս ապացուցելու, թէ հայութիւնը իր ճակատագիրի ինքնորոշման, ազատութեան, արժանապատուութեան, մարդկային իրաւունքներուն, հայրենիքի ու ժողովուրդի անվտանգութեան ու պահպանման համար իր լաւագոյնները զոհաբերելու պատրաստ է։ Ան դիտել տուաւ, որ այս ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն զոհաբերութիւնն ու պայքարը արդէն արդիւնաւորուած է այսօր, որովհետեւ տարբեր ճակատներու վրայ նուաճումներ արձանագրուած են։ Այնճարի նահատակները վերյիշելով՝ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ թերեւս անոնց նահատակութիւնը օրին հակառակ խոր վիշտ ու ցաւ պատճառելուն, արցունք չհոսեցուց այդ օրերուն պատնէշի վրայ եղողներուն աչքերէն, որովհետեւ օրին ազգին մէկութիւնը, համայնքին անդորրութիւնն ու ազգին ապահովութիւնը աւելի կարեւոր էին մարդկային այդ զգացումներէն։
Լոս Անճելըսի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ արուեստագէտ Պօղոս Թասլաքեանի կողմէ իրականացած յուշակոթողին բացումը կատարեցին Արամ Ա. կաթողիկոս, նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հրանդ Մարգարեան։
Նոյն օրը, երեկոյեան Մուսա լերան յուշահամալիրին կողքին տեղի ունեցաւ այս զոյգ ամեակներուն նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն եզրափակիչը։ Հանդիսութիւնը վարեց Սարօ Քենտիրճեան, իսկ յոբելենական մարմնի խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ շեշտը դրաւ այս զոյգ ամեակներուն համահայկական ըլլալուն իրողութեան վրայ՝ դիտել տալով, որ Մուսա լերան հերոսամարտի փառահեղ ներկայութիւնն ու անոր ձգած դրոշմը հայ կեանքին վրայ արդէն իսկ վաղուց նուաճած է իր արժանաւոր տեղը հայոց պատմութեան մէջ։ «Անցնող 70 տարիներուն, վրանաբնակ, համաճարակներ եւ ահաւոր դժուարութիւններ դիմագրաւած այս հաւաքականութիւնը ո՛չ միայն յաջողեցաւ իր գոյութիւնը պահել, այլեւ կայացման շատ կարճ հանգրուանէ մը ետք յաջողեցաւ իր տեղն ու դերը վերահաստատել մեր ազգի երթին մէջ», հաստատեց ան։ Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ունեցած է եւ ունի իր ուրոյն դերակատարութիւնը այս գոյերթի շարունակութեան մէջ:
Մուսալեռցիներու փրկութեան մէջ ֆրանսացիներուն, յատկապէս ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի ունեցած մեծ դերակատարութեան եւ շնորհակալ ներդրումին մասին խօսեցաւ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ նշեց, թէ ծովակալը 4080 մուսալեռցիներուն ազատարարը եղաւ՝ զանոնք թրքական եաթաղանէն ազատելով Եգիպտոս փոխադրելով։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առաջին խորհրդատուն, զինուորական կցորդը, Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի յոբելենական մարմնի պատուոյ նախագահ Վազգէն Տէր Գալուստեանը, որոնք կատարեցին Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի նուիրուած յուշաքարի բացումը։ Ան նաեւ պատմական գնահատականը կատարեց Մուսա լերան հերոսամարտին՝ կեդրոնանալով ֆրանսական պետութեան ունեցած դերակատարութեան վրայ։
Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան. ան դիտել տուաւ, որ Այնճարը կենդանի օրինակն է այն իրողութեան, որ հայը ո՛ւր ալ գտնուած ըլլայ, միշտ իրեն հետ տարած է հայկական շունչը, ոգին, լեզուն, աւանդութիւնները, լաւապէս պահպանած է զանոնք, կառուցած է եկեղեցիներ, վառ պահած հայկական օճախը՝ երաշխաւորելով երթը ազգին։
Նախագահը հաստատեց, որ Մուսա լերան հերոսամարտը մէկն է այն հերոսամարտերէն, որոնց մէջ ներշնչման ուրոյն աղբիւր գոյութիւն ունի, անոնցմով զինուած են սերունդներ եւ այդ մարտերը ոտքի հանած են ժողովուրդը, որպէսզի պայքար մղէ եւ յաղթանակներ նուաճէ։ Բ. Սահակեան շեշտեց, որ Հայաստանը զօրաւոր է Սփիւռքով, Սփիւռքը՝ Հայաստանով:
Այս առիթով Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանը ներկայացնող յուշանուէր մը յանձնեց նախագահ Բակօ Սահակեանին։
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարդաց այս զոյգ ամեակներուն առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի այն իրողութեան վրայ, թէ Այնճարի գոյութիւնը փաստ է այն երեւոյթին, որ հայ ժողովուրդը ամէնէն ծանր պայմաններն ու դժուարութիւնները կրնայ յաղթահարել եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել։
Այնճարի հզօրութեան եւ հայութեան նորօրեայ մարտահրաւէրներուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ հաստատեց, որ Այնճարը լոկ գիւղ չէ, այլ պատմութիւն է, աւանդութիւն, մշակոյթ, մտքի եւ ուժի կուտակում, որ ճառագայթած ու տասնամեակներ շարունակ հարստացուցած է Սփիւռքը՝ միշտ մնալով հայկականութեան միջնաբերդ։ Անդրադառնալով հայութեան դիմաց ծառացած երեք գերխնդիրներուն՝ Հ. Մարգարեան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ կայ Արցախի վերջնական ազատագրման հարցը, որովհետեւ արցախեան յաղթանակի ամրապնդումը յոյսի դուռ է։ Ան երկրորդ գերխնդիրը նկատեց հայութեան միակամութիւնը իբրեւ ազգ՝ մատնանշելով, որ հայ ըլլալը հպարտութիւն եւ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ։ Երրորդը՝ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումն է, առանց որուն կարելի չէ շարունակել իբրեւ հաւաքականութիւն, որովհետեւ ազգի շարունակութեան ու անվտանգութեան երաշխիքն է պետականութիւնը։
Ապա Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այնճարի ծաղկման եւ բարգաւաճման համար ներդրում ունենալնուն համար ոսկէ մետալներ յանձնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան, Այնճարի քաղաքապետութեան, պատուոյ ու գնահատանքի գիրեր Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան ազգային վարժարանին, Հայ աւետարանական քոլեճին, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու վարժարանին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին, «Համազգային»ի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ «Հիֆս Պունտ» միսիոնարութեան։
Հանդիսութեան փակման խօսքն ու իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ դիտել տուաւ, այս զոյգ ամեակները կու գան յուշելու, թէ անցեալը անցած չէ, պէտք է ապրիլ պատմութեան հետ, զայն վերածել նպատակասլաց տեսիլքի, տոկուն պայքարի։ Անցեալով պէտք է ապրիլ ներկան, որպէսզի քալենք դէպի լուսաշող ապագայ, ըսաւ ան։ Ան դիտել տուաւ, որ Մուսա լերան քառասուն օրերը կը յուշեն, թէ հայ ազգի զաւակները ճակատագրական պահերուն մէկ ամբողջութիւն եւ ուժ կը դառնան՝ ծառանալու ամէնէն հզօր պետութեան դէմ անգամ։ Ան շեշտեց, որ պատմութեան մէջ կերտուած յաղթանակները միշտ հաւաքական եղած են, հոն գոյութիւն ունեցած է պայքար, կամք, յոյս եւ հաւաքական գիտակցութիւն ու միասնականութիւն։ Այսօր եւս այս բոլորը կենսական են, դիտել տուաւ կաթողիկոսը՝ հաստատելով, որ սրբազան արժէքներու եւ հաւաքական շահերու շուրջ ո՛չ մէկ տարակարծութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ սփիւռքահայութիւնը աշխարհի զանազան վայրերու մէջ փոքր Հայաստաններ կառուցեց, ինչպէս Այնճարի մէջ, մեծ Հայաստանին՝ ամբողջական Հայաստանին համար։ Եւ այսօր նոյն հաւատքով եւ ոգիով մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ հաւաքական պայքարը՝ ի խնդիր մեծ երազանքին ու ձգտումներու իրականացման, շեշտեց ան։
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց Վազգէն Տէր Գալուստեանը, որ որդին է Այնճարին հետ ինքզինք նոյնացուցած Մովսէս Տէր Գալուստեանին։ Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ Վազգէն Տէր Գալուստեան շարունակեց իր հօրը ուղին, առաքելութիւնը ամէն տեղ, նոյնիսկ միջազգային մակարդակի վրայ, մեր ազգային կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ, պատասխանատու դիրքեր գրաւեց եւ հաւատաց ժողովուրդին միասնականութեան ու հայ եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան։
Մտերմիկ ճաշկերոյթով մը գործնականօրէն եզրափակուեցան Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները:
Յոբելենական մարմնին նախաձեռնութեամբ այս առիթով պատրաստուած շքանշաններ յանձնուեցան Նարեկ քհնյ. Շերիքեանին, տոքթ. Պարեթ Մինասեանին, տոքթ. Վահրամ Շեմմեսեանին, Պայծառ Քէօշէեանին, Կաթֆրիտ եւ Անալիզա Շփանկընպերկներուն, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի վարիչ պատասխանատու Զաւէն Եկաւեանին, Շաւարշ Միսաքեանի դստեր՝ Արփի Միսաքեանին, նախկին նախարար Յակոբ Տեմիրճեանին: Յոբելենական մարմինը այս շքանշանները յանձնեց Այնճարի շինութեան ու բարգաւաճման տարբեր մարզերուն մէջ այս անձերուն կամ հաստատութիւններուն ունեցած մեծ ու դրական ներդրումին համար։ Տոքթ. Պարեթ Մինասեան արժանացաւ նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան ոսկէ մետալին։
Նկատի ունենալով, որ Այնճարի մէջ Մուսա լերան թանգարանի մը կառուցման մասին բազմիցս մտածուած էր, սակայն տարբեր պատճառներով կարելի չէր եղած իրականացնել սոյն ծրագիրը, այս առիթով տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն եւ գոյացաւ 108 հազար տոլար, որով արդէն պիտի սկսին թանգարանի շինութեան նախապատրաստական աշխատանքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.