ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Նայիմ Հասանին (Շէյխ Ալ Աքըլ) ներկայացուցիչը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութիւնը եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան եւ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Տիւրզի համայնքապետին ներկայացուցիչը իր կարգին բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին ներդրումը Լիբանանի վերելքին: Ան մանաւանդ անդրադարձաւ անոր տարած մարդասիրական աշխատանքներուն եւ այս ծիրէն ներս՝ յատուկ ուրախութեամբ անդրադարձաւ Շուֆի մէջ գտնուող Ազունիէի հայոց բուժարանին տարած առանց խտրականութեան աշխատանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.