ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Զօրավար Անդրանիկի սխրագործութիւններուն ու հերոսական կեանքին մասին, արդարօրէն բաւարար մելան հոսած է ու շատ մը գիրքեր գրուած են, պանծացնելով մեր ազգային հերոսին կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր զօրավար Անդրանիկի հերոսական դրուագներուն ու վրիժառու բազուկներուն մասին չէ որ պիտի անդրադառնանք, այլ մահուան վայրին, իր մականունին ու այժմու նոր դրութեան մասին: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք զօրավարին կենսագիրներէն Անդրանիկ Չէլէպեանի, Իլյիչ Բեգլարեանի եւ Վարդգէս Ահարոնեանի գիրքերը, որոնց մէջ տարբեր ձեւով կը ներկայացուին Անդրանիկի մահուան վայրը, Ֆրեզնօ՞ թէ Չիքօ, իսկ մականունը, Օզանեա՞ն թէ Ուզունեան:
Ըստ զօրավարին պատմագիրներէն Վարդգէս Ահարոնեանի «Անդրանիկ, Մարդը եւ Ռազմիկը» գիրքին, սկսուած 1935ին եւ տպագրութեան յանձնուած 1957ին, Պոսթընի Հայրենիքի տպարանը. հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ զօրավարը. «Անդրանիկ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ ծնուել է 1866 թուին՝ Շապին Գարահիսարում: Իր փոթորկայոյզ կեանքից յետոյ, 1922ին եկել է հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ հաստատուել Կալիֆորնիայի ֆրեզնօ քաղաքում, ուր նաեւ վախճանուել է 1927ի, Օգոստոս 30ին»: Ուրեմն հոս կան երեք շփոթներ, առաջինը՝ «Ուզունեան» մականունը, երկրորդը՝ մահացած քաղաքը ու երրորդը մահուան թուականը, օրը, որոնք չեն համապատասխանէր Անդրանիկին մահուան վկայագիրին:
Զօրավար Անդրանիկի պատմագիրներէն Վարդգէս Ահարոնեան եղած է զօրավարին մտերիմ բարեկամներէն Աւետիս Ահարոնեանի զաւակը, ու իբրեւ այդպիսին իր պատանեկան տարիներուն առիթը ունեցած է մօտէն ծանօթանալու Անդրանիկին, իրենց տունը յաճախակի այցելութիւններու ընթացքին. Յետագային, ան եղած է Անդրանիկի կամաւորներէն, գունդի քարտուղար, համհարզ եւ թարգմանը մինչեւ 1919:
Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութի յարգարժան հոգեւորականներէն ու իմ բարեկամներէն վեր. Յակոբ Գիզիրեան, առիթով մը ինծի ըսաւ, Նուպար, նորութիւն մը ունիմ քեզի, ու այս մասին պէտք է գրես. «Վերջերս յայտնաբերեցինք Զօրավար Անդրանիկի մահուան վայրը, Չիքօ (Chico) քաղաքին հանգստարաններէն մէկուն մէջ»: Այս լուրը պատճառ եղաւ պրպտելու վերոյիշեալ երեք գիրքերը, աւելի լոյս սփռելու համար իրականութեան, աւելի ուշ, հրաշքի մը համազօր՝ ձեռք ձգուած է զօրավար Անդրանիկին մահուան վկայագիրը ուր ամէն ինչ կը փարատէր:

Վեր. Յ. Գիզիրեան վերջերս երբ կը պրպտէ զօրավարին պատմագիրներէն Անդրանիկ Չէլէպեանի գիրքը, հետաքրքրութեամբ կը կարդայ թէ զօրավար Անդրանիկ մահացած է Քալիֆորնիոյ Չիքօ քաղաքին մէջ. վեր. Յ. Գիզիրեանի որդին Թիմ Գիզիրեան դասախօս է Չիքոյի համալսարանէն ներս, վեր. Գիզիրեան գաղափարը կը յղանայ հեռաձայնել իր զաւկին. կը հարցնէ թէ ան որեւէ տեղեկութիւն ունի՞ այդ մասին. այդ թուականէն սկսեալ Թիմին հետաքրքրութեան գլխաւոր առարկան կը դառնայ Անդրանիկին մահուան պարագան:
Թ. Գիզիրեանին կինը բնիկ Չիքոյի բնակիչ ըլլալով հետաքրքրութիւն կը ծնի իր մէջ եւ իր տարէց հարազատներէն, որոշ պրպտումներէ ետք երեւան կ՛ելլէ, թէ այդ թուականներուն միակ հանքային ջուրի հանգստարանը Richardson Springs էր այդ շրջաններու մէջ: Թիմ խանդավառուած նոր հասցէէն, կ՛երթայ ու գտնէ հանգստարանը, որ Չիքոյէն 15-20 մղոն հեռաւորութեան վրայ, լեռներու մէջ պատսպարուած ու շրջապատուած՝ գեղեցիկ բնութեան մէջ հանգստարան մըն է:
Richardson Springs հանգսարանը կը պատկանի Youth With A Mission անունով միսիոնարներու հաստատութեան մը, որուն այժմու տնօրէնը T. Dale Harrison, բարի եկեղեցական մը, լսելէ ետք Թ. Գիզիրեանի պատմութիւնը, երեւան կ՛ելլէ, թէ ինքն ալ որոշ չափով տեղեակ է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին. Բայց Անդրանիկի մասին ոչինչ գիտէ: Թ. Գիզիրեան ինք եւս ըլլալով ակադեմական ու պրպտող մը, կը սկսի զանազան տեսակի փնտռտուքներու, 1927 թուականի թերթերը, այլազան գիրքեր ու հրատարակութիւններ՝ շաբաթներ յատկացնելով, ապարդիւն՝ որեւէ փաստ կամ գրաւոր վկայութիւն չի կրնար գտնել զօրավարին մահուան մասին:
Ապա գաղափարը կը յղանայ դիմելու Չիքոյի քաղաքապետարան, մահուան վկայագիրներու բաժինը, յուսալով հետք մը գտնել այդտեղէն, դարձեալ ապարդիւն: Այդտեղէն բարեմիտ պաշտօնեայ մը կը թելադրէ անոր Butte գաւառի արխիւները պրպտել. Թիմին առջեւ աշխատանքի նոր ճամբայ մը կը բացուի, անոր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար. բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք, վերջապէս Թիմին արտօնութիւն կը տրուի պրպտելու այդ արխիւները, սակայն Թիմի չար բախտէն հոս ալ դժուարութեան կը հանդիպի՝ 1940էն առաջուան արխիւները կնքուած եւ զետեղուած են ուրիշ շրջանի մը շտեմարանին մէջ: Թիմ կը մտածէ թէ ամիսներ տրամադրելէ ու չարչարուելէ ետք տեղի պիտի չտայ ու կը շարունակէ զառիվերը առանց յուսահատելու, եւ վերջապէս կը ստանայ արտօնութիւնը՝ արխիւները բանալու ու քննելու 1927ի մահուան վկայագիրները, եւ ինչ հրաշք, վերջապէս իր ձեռքերուն մէջն էր զօրավար Անդրանիկի մահուան վկայագիրը, ու դարձեա՛լ երկար դժուարութիւններէ ետք, արտօնութիւն կը տրուի իրեն ունենալու վկայագրին լուսապատճէնը զօր կը տեսնէք այժմ: Այսպիսով կը յստակացուի նախ մականունը՝ Օզանեան եւ ոչ թէ Ուզունեան, մահուան վայր Չիքօ եւ ոչ թէ Ֆրեզնօ ու ծննդեան թուականը՝ Օգոստոս 31, առաւօտեան ժամը 12:01ին, մահուան պատճառը՛ Angina

pectoris: Զօրավարը ապրած է 60 տարի, 6 ամիս եւ 19 օր: Իր վերջին խօսքերը ըսած է իր կը կնկան Նուարդին. «Եթէ այս անգամ ցաւը զիս տանի, մարմինս օտար հողի վրայ չի թողնէք, անպայման Հայաստան փոխադրէք»:
Ու այս անգամ մեր սիրելի Թիմը, զօրավար Անդրանիկի մահուան վկայագիրով զինուած, դարձեալ կը դիմէ Րիչըրտսըն Սփրինկզի տնօրէնութեան փաստելով որ զօրավարը հոն մեռած է ու կ՛առաջարկէ հանգստարանի հրապարակին վրայ գտնուող կիսաւեր աւազանը նորոգել ու անոր մէջ կառուցել ցայտաղբիւր մը ի յիշատակ Անդրանիկին, որոշ համաձայնութիւններէ ետք Թ. Գիզիրեան կը ստանայ այդ թոյլատուութիւնը ու կը կառուցուի ցայտաղբիւրը Թիմի մեկենասութեամբ:
Այս բոլօրէն ետքն էր, որ վեր. Գիզիրեան ինծի խօսած էր այս մասին. որոշեցինք միասնաբար երթալ եւ մեր աչքերով տեսնել ու լուսանկարել ինչ որ իրագործուած էր. Տեսանք Թիմի սքանչելի ցայտաղբիւրը ու լսեցինք նաեւ իր յետագայ ծրագիրները այդ առնչութէամբ: Այս առիթով ծանօթացանք նաեւ հանգստարան-հիւրանոցի տնօրէն T. Dale Harrisonին, որ բաւական հետաքրքրուեցաւ հայ ժողովուրդով ու պատմութեամբ, ան հայութեան համակրող մըն է:
Մեր այցելութենէն ետք, Թիմին յաջորդ ծրագիրն էր զետեղել փորագրուած յուշաքար մը նոյն հրապարակին վրայ ի յիշատակ զօրավար Անդրանիկին ու Հայկական Ցեղասպանութեան, որ արդէն իսկ իրականացած է ինչպէս կը տեսնէք լուսանկարներէն: Մեր հանդիպման ընթացքին, երբ տակաւին ընթացքի մէջ էր այս գործը, տեսանք գրութիւնը, որ տակաւին պիտի փորագրուէր, փորձեցինք համոզել Harrison-ը որ գրութեան վերջաւորութեան աւելցուի «by Turks»ը, բայց ան զանազան մտահոգութիւններով մնաց անդրդուելի:
Թ. Գիզիրեանի յաջորդ ծրագիրն է նաեւ կառուցել յուշարձան խաչքար մը նոյն նպատակով՝ հրապարակը վերածելու 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ զօրավար Անդրանիկի յիշատակին ուխտատեղիի մը: Թ. Գիզիրեան այս բոլորը իրականացուցած է առանց դիմելու որեւէ հայկական կազմակերպութեան կամ հաստատութեան:

Հանգստարանին ներկայ տեսքը 1927ի Յուլիսին վերանորոգուածն է, որուն առաջին հիւրերէն եղած են հերոս Անդրանիկն ու կինը Նուարդը. Հակառակ մեր պրպտումներուն ստուգելու համար, թէ արդեօ՞ք զօրավարն ու կինը որ սենեակները գործածած են, մնացին ապարդիւն. 83 տարիներ առաջուան որեւէ արխիւ գոյութիւն չունի:
Սոյն համալիրը այցելել փափաքողները կրնան կապի մէջ մտնել Թիմ Գիզիրեանին հետ հետեւեալ հասցէով՝ Tkizirian@csu.chico.edu