ԵՐԵՒԱՆ.- Հասարակութեան մէջ լայն աղմուկ հանած երկու դատեր, որոնց մէջ ոստիկաններ, կասկածի տակ կ՛առնուին եւ կը մեղադրուին իրենց իրաւասութիւններէն շատ անդին անցնելով ոճիր գործած ըլլալու յանցանքով, շրջադարձ արձանագրած կը թուին ըլլալ:
Չարենցաւանի ոստիկանութեան քրէական բաժանմունքի նախկին պետ Աշոտ Յարութիւնեան, որ մեղադրուած է Վահան Խալաֆեանին ծեծի ենթարկելու մէջ, որու իբրեւ հետեւանք այդ երիտասարդը մահացած էր, Ուրբաթ օր Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դահլիճին մէջ յայտարարեց, թէ Խալաֆեան ինքնասպանութիւն չէ գործած: Նշենք, որ ոստիկանութիւնը նախապէս, ծածկելու համար իր անձնակազմի անդամներու յանցագործութիւնը, յայտարարած էր, թէ 24ամեայ խալաֆեան, Ապրիլ 13ին անձնապասնութիւն գործած է ոստիկանութեան բաժանմունքին մէջ, ուր արգելափակուած էր գողութիւն կատարած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
«Ինքնասպանութիւն չի եղել: Ինքնասպանութեան գնացողը (իրեն դանակով հարուածելուց առաջ) շորը չէր բարձրացնի, երկու անգամ իրեն չէր խփի՝ մէկը երեք, միւսը 12 սանտիմետր խորութեամբ: Ոչ ոք դրան ուշադրութիւն չի ուզում դարձնի», դատական նիստին ցուցմունք տուաւ Յարութիւնեանը:
Պնդելով, թէ Վահան Խալաֆեանը չէր կրնար ոստիկաններու ներկայութեամբ դանակ փնտռել, գտնել ու ինքնասպան ըլլալ՝ Յարութիւնեան մեղադրող կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ եթէ տեղի ունեցածը ինքնասպանութիւն ըլլար, ապա դանակի վրայ պէտք է անպայման մնային Վահանի մատնահետքերը:
Յարութիւնեան իր ցուցմունքին մէջ մեղադրեց ոստիկան Մորիս Հայրապետեանը, որուն գործողութիւններու պատճառով մահացած է Խալաֆեան: Նշենք, որ ոստիկանութեան բաժինի աշխատակիցներէն Մորիս Հայրապետեան ցուցմունք տուած էր, որ Աշոտ Յարութիւնեանը ծեծելով սպաննած է Խալաֆեանին:
Հայաստանի վճռաբեկ դատարանը յատկանշական քայլ մը առած է բեկանելով Լեւոն Գուլեանի գործով Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի եւ Հայաստանի վերաքննիչ դատարաններու վճիռները եւ գործը վերադարձուցած է դատախազութիւն՝ նախաքննութիւն սկսելու համար։
Յիշեցնենք, որ Լեւոն Գուլեան մահացած էր Հայաստանի ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան շէնքին մէջ, 2007, Մայիս 12ին՝ «չպարզուած հանգամանքներու» տակ:
2008ի Մարտ 12ին, Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութիւնը որոշած էր քրէական գործը դուրս նետել դատարանէն՝ յանցագործութեան բացակայութեան պատճառաբանութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.