ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի ՀԲԸՄի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Պերճ Թէրզեան Երեւանի մէջ, անցեալ Յուլիս 7ին յանձնած է «Արեւ» օրաթերթի հաւաքածոյի թուայնացուած տարբերակ մը Երեւանի Ազգային Գրադարանին:
Թուայնացուած հաւաքածոյի այս տարբերակը, որ կ՛ընդգրկէ 1915-2000 ժամանակահատուածը, պատրաստուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Գահիրէի Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամի միջոցներով:
««Արեւ» օրաթերթի հաւաքածոյի թուայանցուած այս տարբերակը մեծ ուրախութեամբ ընդունուեցաւ Գրադարանի բոլոր աշխատակիցներուն կողմէ», կ՛ըսէ Թէրզեան, որ միաժամանակ Գահիրէի ՀԲԸՄ Մասնաճիւղի պատուոյ ատենապետն է:
Յանձնումը տեղի ունեցաւ Գրադարանի Օրուան առթիւ:
ՀԲԸՄ Եգիպտոսի երկարամեայ գործիչը Հայաստան կ՛այցելէր ներկայ գտնուելու համար այլ երկու համագումարներու, «մին կազմակերպուած գրողներրու միութեան տան կողմէն, միւսը՝ Սփիւռքի նախարարութեան», կըսէ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.