ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25ին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ: Վեհափառին եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեւած մէկ ժամուան հանդիպումը ընդգրկեց քաղաքական տարբեր խմբաւորուներու դիրքորոշումները Լիբանանի այժմու կացութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ շրջանային ու ներքին ապահովութեան առնչուող հարցեր: Այս այցելութեան առիթով, անոնք յատուկ հրաւէր ուղղեցին կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերելու Շիի կրօնապետ՝ Իմամ Մուսա Սատրի առեւանգման յիշատակին տեղի ունենալիք յուշահանդէսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.