ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբի զանգերը կը հնչեն ամէնուրեք, հրաւիրելով հազարաւոր աշակերտներ եւ ուսանողներ դէպի ուսումնարան:
Նոյնն է պարագան նաեւ հայ աշակերտին:
Մէկ խօսքով՝ դպրոցական վերամուտ է:
Այս առթիւ, սրտանց կ՛ողջունենք հայ վարժարան վերադարձը մեր բոլոր աշակերտ-աշակերտուհիներուն, միաժամանակ չմոռնալով, որ իրենց նման հազարաւոր տարեկիցներ զանազան յայտնի, անյայտ եւ կամ յարգելի պատճառներով պիտի բռնեն օտար վարժարաններու ճամբաները, ակամայ զրկուելով ազգային տոհմիկ մթնոլորտէն եւ գուրգուրանքէն:
Ահա թէ ինչո՞ւ անգամ մը եւս մեր աչքին առջեւ կը պարզուի հայ վարժարանին էականութիւնը, անոր սրբավայր ըլլալը, անոր հայ աշակերտին մտքին ու հոգիին հաւատքի տաճար դառնալը:
Որովհետեւ կը շեշտենք, որ մեզի եւ մանաւանդ իր զաւակը դէպի հայ վարժարան առաջնորդող ծնողքին համար, հայ վարժարանը ազգային շունչով օծուած, մաքուր ու սրբազան հող մըն է, ուր կը ծաղկին եւ կ՛ուռճանան մեր մատղաշ սերունդներու միտքերը:
Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, որ ազգովին կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապներ: Եւ տակաւին անհատապէս մեր առօրեայ կեանքէն ներս կ՛ապրինք նիւթական եւ տնտեսական զանազան վերիվայրումներ, որոնք իբրեւ մարդ անհատ, մեզի համար կը դառնան մեծ մտահոգութիւններ եւ հարցեր:
Բայց հակառակ այս բոլորին, բազմազան յանձնառութիւններ վերցնելով, մեծ զոհողութիւններ կատարելով, մեր զաւակներուն ազգային նկարագրի կերտման ի խնդիր զանոնք կը ղրկենք դէպի ուսում եւ միաժամանակ հայու ոգի ջամբող ազգակերտ հաստատութիւն՝ հայ վարժարան:
Պատիւ ձեզի հայ ծնողներ:
Այս ձեւով անշուշտ դուք հայ դպրոցի առաքելութեան հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքն ու գիտակցութիւնը գործնականապէս կ՛ապացուցանէք:
Որովհետեւ ձեզի համար իրականութիւն է, թէ հայ դպրոցը անփոխարինելի տան մը պիտակը ունի իր ճակտին, ուր ինքնաճանաչում, ազգային բարքեր եւ հայու ոգի ստանալով կը պատրաստուի վաղուան գիտակից հայը եւ կը կերտուի տիպար քաղաքացին:
Բարի վերադարձ ձեզի սիրելի հայ աշակերտներ:
Հայ վարժարաններէն ներս ձեր ներկայութիւնը մեզի համար հրճուանքի կողքին նաեւ հպարտանք կը ներշնչէ:
Ուստի անգամ մը եւս՝ բարի վերամուտ բոլորիդ: