ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) անդամ կուսակցութիւններէն Հայոց Համազգային Շարժումը, Սեպտեմբեր 24ին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք իրականացնելու մասին տեղեկանք ներկայացուցած է Երեւանի քաղաքապետարանին: Այս մասին յայտնած է ՀԱԿ մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեանը:
«Մենք սկսել ենք Ազատութեան հրապարակը վերանուաճելու գործընթաց, եւ այս իրազեկումը դրա բաղկացուցիչներից մէկն է», յայտնած է Մուսինեան՝ աւելցնելով, որ ՀԱԿը պարբերաբար նման իրազեկումներ պիտի ներկայացնէ: «Իսկ թէ ինչպէ՞ս կը պահի իրեն քաղաքապետարանը՝ մեզ բացարձակապէս չի հետաքրքրում, քանի որ մենք իրացնում ենք հանրահաւաք անցկացնելու մեր սահմանադրական իրաւունքը եւ օրէնքով սահմանուած կարգով իրազեկում ենք ներկայացնում», ըսած է Մուսինեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը Սեպտեմբեր 9ին պիտի քննարկէ ներկայացուած տեղեկանքը:
Յիշեցնենք, որ քաղաքապետարանը մասամբ ի գիտութիւն չէր ընդունած Ազատութեան հրապարակին վրայ Սեպտեմբեր 17ին հանրահաւաք եւ երթ իրականացնելու ՀՀՇին դիմումը: Փոխարէնը՝ ՀԱԿին առաջարկուած էր Մատենադարանին տարածքը, իսկ Ազատութեան հրապարակին վրայ արտօնուած էր իրականացնել միայն հանրահաւաքին յաջորդող երթը:
Նշենք, որ քաղաքապետարանին որոշումը ՀԱԿը բողոքարկած էր Վարչական դատարանին մօտ, որ, իր կարգին, մերժած էր հայցը: Ուստի ՀԱԿը մտադիր է վարչական դատարանին որոշումը բողոքարկել Վճռաբեկ դատարանին մօտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.