ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Դատապարտելով Ֆլորիտայի քրիստոնեայ հոգեւորականներէն Թէրի Ճոնզի կողմէ Սեպտեմբեր 11ին Քուրանը այրելու մտադրութիւնը եւ ընդհանրապէս Քուրանի նկատմամբ ունեցած անոր անվայել կեցուածքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ խօսքը փոխանցած է մամուլին.
«Մեծապէս դատապարտելի է այս անպատասխանատու վերաբերումը իսլամ կրօնքին գերագոյն արժէքը նկատուող Քուրանին նկատմամբ: Իւրաքանչիւր կրօնք իր ճշմարտութիւնները, սկզբունքները, արժէքները եւ ուսուցումները ունի եւ անոնք սրբազան են այդ կրօնքին համար: Կրօնք մը պէտք է յարգանք ունենայ այլ կրօններու դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ: Փոխադարձ յարգանքը հիմքը կը կազմէ բոլոր կրօններու բարոյական համակարգին:
Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններ միասնաբար կ՛ապրին նոյն ընկերութեան մէջ, որպէս անմիջական դրացիներ: Հետեւաբար, փոխադարձ յարգանքը, հասկացողութիւնը ու համակեցութիւնը պէտք է առաջնորդող սկզբունքները դառնան բոլոր կրօններուն: Իւրաքանչիւր կրօնք ազատ է իր դաւանած արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն կառչելու, սակայն այդ չի նշանակեր անարգական վերաբերում ունենալ այլ կրօններու նկատմամբ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը միասնաբար ապրած են նո՛յն ընկերութեան մաս կազմելով՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ: Հայ ժողովուրդը եւս 7րդ դարէն սկսեալ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Միջին Արեւելք, խաղաղ գոյակցութիւն ու շինիչ գործակցութիւն ունեցած է իսլամութեան հետ: Ներկայ աշխարհը կը պարտադրէ որ կրօններ ոչ միայն խաղաղ գոյակցութիւն ունենան, այլ նաեւ միասնաբար դիմագրաւեն ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները: