ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ մարդիկ արժէք կու տան առհասարակ ո՛չ թէ ըստ ինքեան արժէքներու, այլ իրե՛նց ակնոցով արժէք նկատուող մարդոց, երեւոյթներու կամ իրերու: Օրինակ, ոսկին արժէք է, որովհետեւ նախապատմական ժամանակներէն սկսեալ մարդիկ արժեւորած են զանիկա իբրեւ ազնիւ մետաղ, ու անով շինած շատ նուրբ զարդեղէններ: Նոյնպէս ալ, աշխարհի ամէն ծայրամասերուն, ծնողասիրութիւնը ինքնին գովելի երեւոյթ է, ու մասնաւոր արժէք կը ներկայացնէ, մարդկութեան կեանքով ու աշխարհի ապագայով հետաքրքրուած իւրաքանչիւր մարդու համար: Դարձեալ, գիտուն մարդիկ, որոնք խոհական որոշ կեցուածք կր ցուցաբերեն կեանքի տարբեր երեւոյթներու նկատմամբ, եւ մանաւանդ գիտեն իրենց սեփական կեանքը տնօրինել մարդավայել չափանիշերու համաձայն, մասնայատուկ որակ ու արժէք կը ներկայաց-նեն ընկերութեան համար:
Կան նաեւ ըստ ինքեան արժէքներ, որոնք մարդու կարիքը չունին արժեւորուելու համար: Ասոնք աստուածային՝ գերմարդկային արժէքներն են՝ Աստուած, երկնային զօրութիւններ եւ դեռ եւս մարդուն համար անծանօթ կամ աներեւոյթ ոյժեր, որոնք ըստ ինքեան արժէք են: Անպայման մարդուն գոյութիւնը անհրաժեշտ չէ՛ որ անոնք արժէք ստանան, ո՛չ ալ այս կեանքի մէջ զանոնք պէտք է «շուկայ իջեցնել», արժեւորելու համար մարդկային չափանիշերով:
Նոյնիսկ մարդկային կեանքը, որ Աստուածապարգեւ իրականութիւն է, ըստ ինքեան արժէք չէ՛: Անիկա կ՛արժեւորուի մարդուն կողմէ: Աստուած զանիկա տուած է, ի վայելումն մարդկութեան: Սակայն մա՛րդն է հիմնականին մէջ, զանիկա արժեւորողը: Երկարակեաց մարդը անպայման արժեւոր կեանք ապրած չըլլար: Մարդկային տարիքները տոպրակներ են, ոմանք պարապ, ոմանք կիսով չափ լեցուն: Երբեմն վաթսուն տարեկան մարդուն կեանքը կը բովանդակուի տասը տարուան մէջ միայն: Մինչդեռ ուրիշը արդարօրէն կրնայ յիշել իր ապրած ամէն մէկ տարին, երբ մասնաւոր իրագործումներով հարստացուցած, ճոխացուցած է թէ՛ իր եւ թէ մարդկութեան կեանքը:
Կարելի է մտածել, թէ անարժէք բաներ շատ են աշխարհի վրայ: Երբեմն նոյնիսկ կը տեսնենք, որ որոշ երկիրներու մէջ տիրող անապահով կացութեանց բերումով, մարդը կը դառնայ ամէնէն անարժէք կամ աժան «իր»ը, երբ պատահական մէկը կոյր հրացանաձգութեամբ կրնայ շատերը սպաննել: Կամ, երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ուր դժբախտաբար քաղաքակիրթ ազգեր ցեղային խտրականութիւն կը հրահրեն ու հայրենակիցներու միջեւ թշնամութիւն կը սերմանեն, անչափահաս մանուկներու ձեռքերուն կը գտնուին գնդացիրներ: Իսկ ի՞նչ կարելի է սպասել մանուկէն, երբ զէնք ունի իր ձեռքին, փոխանակ խաղալիքի: Այսինքն՝ զանիկա պիտի օգտագործէ իբր խաղալիք, անգիտակցաբար բազմաթիւ ոճիրներ գործելով, ու… հպարտանալով իր կատարած այդ հերոսութիւններով…
Աշխարհի բազմաթիւ անարժէք բաներէն ընտրանի կազմուած է՝ թիւով չորս, իբրեւ խտացումը ամէն տեսակի ու բնագաւառի անարժէք երեւոյթներուն այս կեանքի մէջ: Անոնցմէ առաջինը, բնութեան օրինակը կ՛օգտագործէ:
_ Անարժէք բան է անձրեւը՝ անբերրի հողին համար: Այո՛, որովհետեւ ինչքան ալ երկինքը անձրեւ տեղայ անբուսաբեր հողի վրայ, ապարդիւն պիտի ըլլայ անիկա: Փոխաբերական բացատրութիւն է այս պատկերը, իրենց կարողութիւնները թաքցնող մարդոց համար օգտագործուած յաճախ, երբ Աստուծոյ կողմէ առիթներ չեն պակսիր տրուած նման անձերու, որպէսզի օգտագործեն զանոնք, ու իրենց կեանքը դառնայ բարեբեր:
_ Անարժէք բան է արեւուն տակ վառած լամբը: Ամէն ինչ իր տեղին գեղեցիկ է, ու նպատակայարմար: Լամբին արժէքը գիշեր ատեն ի յայտ կու գայ, երբ երկնային լուսատուն չկայ, ու խաւար կը պատէ ամէն կողմ: Ցերեկ ատեն վառած լամբը, նոյնիսկ երբեմն չի՛ նշմարուիր ներս մտնողին կողմէ: Այդպէս ալ, անոնք որոնք անտեղի ներկայութեամբ կը գտնուին որոշ տեղեր, ըլլան ատոնք պաշտօնական այցելութիւններ, թէ պատահական հանդիպումներ, ի՛նչ արժէք ալ ունենան, աննշմարելի կը դառնան, որովհետեւ անյարմար պահու այնտեղ էին: Լամբը իր լոյսով արժէք է, սակայն զանիկա արեւու լոյսին տակ վառելը, անոր արժէքէն շատ բան պակսեցնել՝ զանիկա նուաստացնել կը նշանակէ:
_ Անարժէք բան է կոյրին հետ ամուսնացած գեղեցիկ կինը: Սա արդէն մարդու զգացական աշխարհին հետ առնչուած երեւոյթ է: Մարդկային ճաշակները կը տարբերին: Ոմանք ամուսնացած ամոլը տեսնելով, քննութենէ անցընելէ ետք, զարմանքով կը նշմարեն գեղագիտական մեծ տարբերութիւն երկուքին միջեւ: Յաճախ ալ կ՛ըսեն. «լեռ ու ձոր կայ երկուքի արտաքին տեսքին միջեւ»: Կամ՝ ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեն. «Ինչպէ՞ս պատահեր է, որ այս գեղեցիկը ամուսնացեր է այս տգեղին հետ»: Ոմանք ալ բացատրական լուծում բերելու համար, կը յիշեն ծանօթ առածը, ըսելով. «Սէրը կոյր է»:
Մեծ խորհուրդ կայ թաքնուած, սակայն, այս երրորդ անարժէք երեւոյթին մէջ, որ կոյրին կողքին գեղեցիկ կնոջ ներկայութիւնն է: Շատեր կը հպարտանան իրենց ֆիզիքական գեղեցկութեամբ, արտաքին տեսքով, մոռնալով որ ատիկա որդերուն կեր պիտի դառնայ ուշ կամ կանուխ: Ուրիշ խօսքով, յաւիտենական մթութիւնը, որ այստեղ կոյրին խաւար աչքերուն պատկերով ներկայացուած է, այդ գեղեցկութիւնը պիտի չտեսնէ այլեւս…: Ուստի, գեղեցկութեան արժեւորումը կատարելու համար, խոնարհութեան առաքինութիւնը պէտք է սորվի մարդ, որպէսզի նոյնիսկ կոյրը կարենայ տեսնել իր գեղեցկութիւնը, մինչեւ իսկ ներքին՝ հոգեկան գեղեցկութիւնը: Իրապէս ալ, կոյր մարդը շատ աւելի դիւրաւ կրնայ թափանցել դիմացինին հոգեկան աշխարհը, քան երկու աչք ունեցող, կամ տեսնող մարդը:
_ Վերջապէս, անարժէք բան է ապերախտ մարդուն եղած բարիքը: Սա ընկերային փոխ-յարաբերական կեանքի ոլորտը կը շօշափէ: Ոմանք կը յուսահատին, երբ մարդիկ, որոնք միայն բարիք տեսած են իրենցմէ, ապերախտ կը գտնուին ու նոյնիսկ կը յանդգնին վնաս հասցնել իրենց բարերարներուն: Նման երեւոյթներու հանդիպելով, որոշ մարդիկ այն եզրակացութեան կու գան, թէ «չ՛արժեր մարդոց բարիք ընել»: Ուրիշներ, տարեցներու խրատը իբրեւ մխիթարութիւն կը կրկնեն ըսելով. «Բարիք ըրէ՛, ծովը թափէ՛»: Չյուսահատող նման անձերու պատճառով է որ տակաւին բարին կը տիրէ այս աշխարհի վրայ, ինչքան ալ գտնուին չար մարդիկ, որոնք օրն ու բուն ուրիշներուն կեանքը թունաւորելու նոր հնարամտութիւններով կը զբաղին:
Կեանքի մէջ անարժէք բաներու այս չորս խումբերը այնքան տարածուն են ու երկարաշարք, որ իւրաքանչիւրին տակ անհաշիւ անուններ կարելի է թուել: Այդ խումբերուն մէջ կան մարդիկ, արարքներ եւ երեւոյթներ, որոնք իցի՜ւ թէ նուազագոյն արժէք ներկայացնէին: Այդ արժէքները պէտք է փնտռել լամբով, Դիոգինէսին լապտերով, որ ցերեկ ատեն յատուկ նպատակով վառած էր իմաստունը, մարդ փնտռելու յաւելեալ ճիգ կատարելով…: