ՄԻՇԻԿԸՆ.- Վերջերս Ամերիկայի Միշիկըն նահանգին մէջ մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ համայնքի ազգային բարերարուհի Հելէն Մարտիկեան, որ իր վաղամեռիկ ամուսնոյն՝ Եդուարդ Մարտիկեանի հետ, անշահախնդիր աջակցութիւն ցուցաբերած է Ամերիկայի, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւններու, եկեղեցական թէ մշակութային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ թանգարաններու եւ հիւանդանոցներու շինարարական ու վերանորոգման աշխատանքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.