ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀԵԴն կը տեղեկացնեն, թէ թաքսիի հայ վարորդներուն հետ գործակցաբար, կազմակերպած են Սանթա Մոնիքայի մէջ բողոքի ցոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 6էն 9, դատապարտելու համար քաղաքին մէջ գործող թաքսիի հայկական ընկերութիւնները դուրս մղող քաղաքապետական խորհուրդի քայլերը:
Քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս յատուկ մարմին մը կազմած էր՝ որոշելու համար, թէ թաքսիի ո՞ր ընկերութիւնները իրաւունք ունին աշխատելու քաղաքի սահմաններէն ներս: Հակառակ այն իրողութեան, որ այս նպատակով դիմումներ կատարած 13 ընկերութիւններէն վեցը հայերու կը պատկանի, ընտրուած հինգ ընկերութիւններէն ոչ մէկը հայկական է: Այս իրողութիւնը յստակօրէն խտրականութեան հետեւանք կը նկատուի հայկական ընկերութեանց պատասխանատուներուն կողմէ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արմէն Մարթին կը յայտնէ, թէ հարցին նախնական քննութենէն արդէն ի յայտ եկած է, թէ ընտրելու գործընթացը սխալներով լեցուն եւ կողմնակալ եղած է: Վարորդները կը յայտնեն, թէ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ իսկ սահմանուած պայմաններուն համաձայն, հայկական ընկերութիւնները աւելի մեծ հաւանականութիւն ունէին ընտրուելու, քան ներկայիս ընտրուած ոչ հայկական ընկերութիւնները:
Հայկական ընկերութիւնները աւելի փորձառու են, համակարգչային աւելի լաւ սարքաւորումներով օժտուած են ու նիւթապէս աւելի կայուն են, քան ընտրուած ընկերութիւնները, կը պնդեն հայ գործատէրերը:
Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Սանթա Մոնիքայի քաղաքապետական խորհուրդի շէնքին առջեւ (1685 Main Street, Santa Monica):
Եթէ որոշումը անփոփոխ մնայ, ապա աւելի քան 250-300 հայ վարորդներ աշխատանքի կարելիութիւններ պիտի կորսնցնեն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին կամ AYF@AYFwest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.