ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ գրաւոր հարցումներու երկրորդ հանգրուանի իր պատասխաններուն մէջ եւս, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու նշանակուած Մեթիու Պրայզա շարունակած է խուսափիլ ուղղակի պատասխաններէ:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Պարպարա Պաքսըր, փորձելով Պրայզայի դիրքորոշումները յստակացնել՝ գրաւոր հարցումներու երկրորդ ցանկ մը ուղարկած էր Պրայզային, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հասցէին Ատրպէյճանի իշխանութեանց սպառնական արտայայտութեանց ու Արցախի վրայ ատրպեճանական զինուորական յարձակումներուն մասին:
Հաւատարիմ մնալով իր անցեալի կեցուածքներուն՝ Պրայզա անգամ մը եւս յայնած է, թէ տագնապին երկու կողմերն ալ հաւասարապէս պատասխանատու են զինադադարի խախտումներուն, հակառակ այն իրողութեան, որ Յունիս 18ին տեղի ունեցած ատրպեճանական յարձակումին մասին իր Յուլիս 22ի տուած վկայութեան մէջ, Պրայզա իր բերանով խոստովանած էր, թէ ատրպեճանական ուժերը խախտած էին զինադադարի սահմանագիծը:
Պրայզա նաեւ յստակօրէն չէ դատապարտած հայկական խաչքարերուն բնաջնջումը Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ու Արցախի շրջափակումը:
Պաքսըրի հարցումներն ու Պրայզայի պատասխանները կարդալու համար, այցելել www.anca.org/assets/pdf/misc/Boxer_BryzaResponses2.pdf համացանցային կայքէջը:
Յայտնենք, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ, Յուլիս 22ին կայացած Պրայզայի հարցաքննութեան ընթացքին Պրայզա խուսափողական պատասխաններ տուած էր շարք մը կարեւոր հարցումներու, որոնք հարցուած էին ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի, Ռապըրթ Մենենտեզի եւ Ճին Շեհինի կողմէ:
Ծերակուտականներ Պաքսըրի, Մենենտեզի, Ռաս Ֆայնկոլտի ու Ճան Քերիի կողմէ Պրայզայի ուղղուած գրաւոր յաւելեալ հարցումները եւս նոյն ճակատագիրը ունեցած են:
Պրայզայի նշանակման մասին մանրամասն թղթածրարին կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով www.anca.org/assets/pdf/misc/BryzaNomination.pdf կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.