ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ Մայր աթոռի «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանի (Աստուածաբանական համալսարան) 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Մայր աթոռի միաբաններ, Ճեմարանի դասախօսական կազմն ու սաները:
Ճեմարանի տեսչութեան կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկած է փոխտեսուչ Տ. Տիրան աբղ. Պետրոսեան, իսկ ուսանողութեան կողմէ երախտիքի խօսք ըսած է ուրարակիր Արմէն Սահակեան:
Հանդիսութեան աւարտին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան կողմէ օրհնութեան խօսք ուղղած է Տ. Ոսկան արք. Գալփաքեան. «Դուք, սիրելի ուսանողներ, Հայ եկեղեցու զինուորներն էք, եւ այս զինուորագրութիւնը շատ աւելի մեծ պատիւ է բերում մարդուն, քան որեւէ այլ զինուորագրութիւն»:
Նշենք, որ այս տարի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան ընդունուած է 14 սան: Ուսանողութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի 128: Ճեմարանին մէջ կը դասաւանդեն 22 եկեղեցական եւ 28 աշխարհական դասախօսներ:
Միւս կողմէ, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սեւանի «Վազգէնեան» հոգեւոր դպրանոցի 2010-2011 ուսումնական տարուան բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 12ին, Սեւանի դպրեվանքին մէջ: Այս տարի «Վազգէնեան» հոգեւոր դպրանոցի ուսանողութեան շարքերը համալրած են 28 երիտասարդներ: Ուսանողութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի 66:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.