ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նախապաշարումներու սնամիտ գաղափարներուն կարեւորութիւն տուող մարդոց շա՜տ կարելի է հանդիպիլ տակաւին, որոնք թէ՛ որոշ երեւոյթներու եւ թէ իրերու հետ առնչուող մտածումներով իրենք զիրենք կը չարչրկեն: Ոմանք մկրատին շեղփերը երբ բաց տեսնեն, չարագուշակ դէպք կամ կռիւ կ՛ակնկալեն ընտանիքէն ներս: Ուրիշներ՝ հողաթափի զոյգերէն մէկը հակառակ դարձած տեսնելով կ՛ըսեն, թէ ընտանիքէն ներս մօտալուտ մահ պիտի պատահի: Կամ՝ դանակը ձեռքէ ձեռք փոխանցելը, ոմանք կը նկատեն՝ այդ փոխանակումը կատարած անձերու միջեւ անհամաձայնութեան ու վէճի սկիզբ:
Անցնող սերունդներուն ունեցած քիչ զբաղումներուն դիմաց, յարաբերաբար մեր այսօրուան խճողեալ առօրեային, նման նախապաշարումներ մարդկային ընկերութիւնը միշտ զբաղ պահելու կերպեր էին հաւանաբար: Երբ չկար համակարգիչը իր հզօր եւ ամէն հարցի պատասխանը իր մօտ ունեցող համացանցով, կամ՝ երբ չկար բարձրագոյն կրթութիւնը, գիտութեան ու լուսաւորութեան հետ միասին, կային տարեց սերունդի մարդիկը, որոնք իրենց հեղինակաւոր գիտութիւնը կը փոխանցէին նոր սերունդին: Գիտութիւն՝ որ առաւելաբար հիմնուած էր փորձառութեան վրայ: Թերեւս մի քանի տասնեակ մարդոց տան մէջ հողաթափի զոյգերէն մէկը հակառակ դարձած ըլլալով մահ պատահած էր, եւ այդ արդէն պատճառ դարձած, որ մարդիկ համոզում գոյացնէին, թէ հողաթափի զոյգերէն մէկուն հակառակ դառնալը, նախանշան է պատահելիք մահուան: Կամ՝ երբ մի քանի տուներու մէջ մկրատի շեղփերը բաց մնացած են ու վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է այդ յարկերէն ներս, ուրեմն մարդիկ համոզուած են, որ նման երեւոյթ անպայման պիտի առաջնորդէ ընտանեկան անհամաձայնութեան:
Նախապաշարումներու սկզբնաւորութեան մասին գոյութիւն ունի նաեւ այլ կարծիք, ըստ որուն անոնք ուղղակի յարմարցուած են՝ պարզապէս զբաղ պահելու համար շրջապատը: Գիտութիւն ու լուսաւորութիւն շատ հազուագիւտ երեւոյթներ էին, եւ գրաճանաչութիւնը մոգութեան համազօր էր անցեալին: Գիւղական եկեղեցիներու մէջ ծառայող տիրացուները կամ ժամկոչները, որոնց գրաճանաչութիւնն ալ հարցականի տակ կարելի է առնել, գիւղացիներուն եկած նամակները խորհրդաւոր ձայնով կարդալով, նոյնիսկ հեգելով զանոնք, մեծ տպաւորութիւն կը թողէին անգրագէտ լսողներուն վրայ: Ասիկա կարելի է նմանցնել, մոգական սնտուկին մէջէն անակնկալօրէն դուրս թռչելիք աղաւնիին կամ այլ թռչունի, որ կախարդին ճպոտի շարժումին հլու հնազանդութեամբ, ճի՛շդ ժամանակին ի յայտ կու գայ:
Մեռելներու աշխարհին մասին եւս բազմաթիւ զրոյցներ կը պատմուին, հակառակ անոր, որ տակաւին ո՛չ ոք վերադարձած է այդ աշխարհէն: Հանդերձեալ կեանքի ու երանութեան մասին քրիստոնէութիւնը ամէնէն աւելի հեղինակաւոր տեղեկութիւն կրնայ տալ, որովհետեւ մահուան վրայ յաղթանակ տարած Քրիստոսի յարութիւնը հիմքը կը կազմէ մեր կրօնքին ու հաւատքին: Յիսուսի յարութեամբ, մահը պարտութեան մատնուեցաւ, ու անոր երկունքը, որ դարեր շարունակ տառապեցուցած էր մարդկութիւնը՝ անիմաստ դարձաւ:
Հակառակ այն իրողութեան որ քրիստոնեաներս ունինք այս մեծագոյն փաստը մեռելներու յարութեան, տակաւին շատեր կը սիրեն կապուած մնալ հեթանոսական այն հաւատալիքներուն, որոնք կ՛առնչուին մեռած մարդոց ֆիզիքականօրէն ապրելուն: Նոյնիսկ անոնք որոնք իրենց սեփական աչքերով կը տեսնեն հողայնական իր ճակատագրին ենթարկուած մարդուն փոշիացած մարմինը, տակաւին իրենց երեւակայութեան ճամբով մեռելը կ՛ողջնցնեն, հոգեդարձական «հանդէսներ կը կազմակերպեն, միամիտները զբաղեցնելով, ու նոյնիսկ կը յաջողին վախցնել զանոնք, անդի աշխարհէն պատգամներ փոխանցելով անոնց հարազատներուն:
Ծերունի մայրիկին խօսքը կը յիշեմ, որ սովորութիւն ունեցած էր դաշտին մէջ աշխատանքի ընթացքին դադարի պահուն գետինը փռուիլ, ու ականջը հողին դնելով, մտիկ ընել իր մեռելներուն ձայնը:
_ Մեռելներուս ձա՛յնը լսեմ, կ՛ըսէր ան:
Հին հաւատալիքներու շարքէն դուրս կը մնայ այս երեւոյթը, որովհետեւ հողը ինք ձայն ունի՛, եթէ կարենանք մնալ այնքան լուռ, որ լսուի անոր ձայնը: Թէ՝ մեռելներո՞ւն ձայնն է ատիկա, կամ այլ ձայն՝ չենք գիտեր, սակայն աշխարհ կրնա՞յ վայրկեանի համար իսկ լուռ մնալ, լսելու համար հողին ձայնը:
Մեռելներուն հետ կապը որ հոգեկան մակարդակի վրայ կ՛ըմբռնուի յաճախ, այս պառաւը ի՛ր հասկցած ձեւով կը կիրարկէր: Բնականաբար անիկա չունէր ուսում, ո՛չ ալ հոգեբանական գիտութիւններու ծանօթութիւն, որպէսզի կարենար հոգեկան այդ կապը գտնել, այս աշխարհէն առ յաւէտ բաժնուած իր սիրելիներուն հետ: Սակայն, գետնի հողին դնելով իր ականջը, ան կը զգար հոգեկան այնպիսի բաւարարութիւն, որ կը լիացնէր իր կարօտը, սէրը, գուրգուրանքը, ու բոլոր բարի զգացումները, զորս ունեցած էր իր մահացած հարազատներուն նկատմամբ:
Հոգիի անմահութեան դասընթացք է պառաւին գործադրած այս արարքը, եթէ մարդ գիտնայ իր անցեալը ուսումնասիրելու դասեր քաղել անկէ: Մեր մեռելները իրենց ապրած կեանքով, մեր նկատմամբ ունեցած զգացումներով, ու նոյնիսկ իրենց անձնական ապրումներուն ճամբով մեր վրայ թողած տպաւորութիւններով, մշտական ներկայութիւն կրնան դառնալ մեր կեանքին մէջ:
Շատեր երազներու ճամբով կը խօսակցին իրենց մեռելներուն հետ: Սակայն ատիկա քունի իրավիճակին մէջ մեր ապրած անրջական մէկ պահն է: Գիտակցաբար հոգեկան կապի ստեղծումը մեր ննջեցեալներուն հետ, զրոյցի իրական պահ կրնայ ստեղծել այն հոգիներուն հետ, որոնք Աստուծոյ տնօրինութեամբ բաժնուած են մեզմէ, ու միացած Իր ամբողջական հոգիին, երանական վիճակի հասնելով:
Մեռելներուն ձայնը լսելու յատուկ զգայարանք՝ հոգեկան ականջ տուած է մեզի Աստուած: Ատիկա չի՛ նմանիր մեր գանկին երկու կողմերուն բուսած պնակաձեւ ականջներուն: Տակաւին, ատիկա շատ աւելի սուր է լսողական կարողութեամբ, քան՝ մսեղէն մեր ականջները: Այդ հոգեկան զգայարանքով կը լսենք մեր մեռելներուն ձայնը, յատկապէս մեր կեանքին առնչուող յատկանշական հանգրուաններուն: Մեր կողմէ առնուելիք կարեւոր որոշումներու առիթով՝ կը լսենք մեր մեռելներուն ձայնը: Մեր կողմէ կատարուած սխալներուն անմիջապէս հետեւող վայրկեաններուն՝ դարձեալ կրնանք լսել մեր մեռելներուն ձայնը, երբեմն յանդիմանական շեշտով:
Հոգեկան ու զգացական բարձրագոյն աստիճանի իրական ապրումներու վիճակ է այս, որուն արժէքը կ՛իմանան միայն անոնք, որոնք այդ փորձառութիւնը կրցած են զգալ: Իսկ ուրիշներ, թէեւ ունեցած են նման պահեր, սակայն առանց գիտնալու թէ ի՞նչ պատահեցաւ իրենց…: Այդ պահը որսալու կարողութիւնը եւս շնորհք կը պահանջէ, որ այս պարագային պառաւը իր սահմանափակ գիտութեամբ յաջողած էր ձեռք ձգել:
_ Մեռելներուս ձայնը լսեմ, կ՛ըսէր ան: Դո՛ւն ալ կրնաս լսել…