ԹԵՀՐԱՆ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13ի կէսօրին, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորներուն՝ Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանի եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանի, նաեւ Վարազդատ Ա. քհնյ. Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Աիդա Յովհաննիսեանի, այցելեց արդարադատութեան նախարար Բախթիարին:
Առաջնորդն ու անոր պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունեց նախարարը: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ անգամ մը եւս զայն շնորհաւորեց «Ֆըթըր» տօնին առիթով:
Նախարարը, իր կարգին, նախ կրկին անգամ եւ ջերմօրէն ողջունեց առաջնորդը եւ պատուիրակութեան անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին անկեղծ արտայայտութիւններուն համար եւ այնուհետեւ լսեց պատգամաւորներուն ու դոկտ. Ա. Յովհաննիսեանի կողմէ ներկայացուած հարցերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.