ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի պետական «Ազերթաք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին հանդիպում մը ունեցած է Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ուժանիւթի մարզի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը։
Կ՛ակնկալուի, որ Ալիեւ Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունենայ նաեւ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: