Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մտահոգ է՞ք։ Արդէն շատ ցայտուն է ձեր դէմքին վրայ գերճնշուածութեան նշանները ու այլեւս չէք կրնար ծածկել։ Ահաւասիկ 5 էական նշաններ գերճնշուածութեան դէպի դէմք ներթափանցելուն եւ համապատասխան ձեւերը՝ դիմադրելու եւ վանելու համար գերճնշուածութեան հետքերը ձեր դէմքէն։
Գերճնշուածութիւնը կրնայ հասնիլ ոչ միայն ձեր սրտին ու անոր անօթներուն կրնայ վնասել այլեւ ձեր մորթին ու արտաքին երեւոյթին վրայ մեծապէս ազդեցութիւն կը գործէ։ Գիտութիւնը կը վկայէ թէ գերճնշուածութեան հորմոնը՝ գորթիզոլը կուգայ եւ կը հաստատուի ձեր մորթին տակ ու անոր չորացումին պատճառը կը դառնայ, իսկ ժամանակի ընթացքին անիկա նաեւ ծերութեան այլ նշանները կը բացայայտէ ինչպէս այն խորշոմները, որոնք մտահոգութեան արդիւնքով գոյացած են մեր դէմքին վրայ։ Բարեբախտաբար ինչ որ կը յայտնէ գիտութիւնը որպէս տխուր իրականութիւն, նաեւ անոր հետ միասին դարմանումի կամ սրբագրութեան միջոցներն ալ կը ներկայացնէ։ Հետեւեալ հինգ միջոցները կամ լուծումները պատճառ պիտի դառնան, որ ձեր տեսքը աւելի հանդարտ ըլլայ։
1- Մորթի Չորացում։ Երկարատեւ անդարմանելի գերճնշումը կը բարձրացնէ մորթին ճիշդ տակը գտնուող գորթիզոլին քանակը։ Այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ մորթը չկարենայ պահել ջուրի բաւարար քանակը իր մէջ։ Մորթի չորացումը նաեւ ժամանակի ընթացքին դէմքին պայծառութեան կորուստին պատճառ կը դառնայ։ Որպէս դէմքի գեղարար այս պարագային թելադրելի է գործածել այն գեղարարները, որոնք ցած PH թիւ ունին։ Անոնք կրնան մորթի չորացումին ու մինչեւ անգամ թեթեւակի բորբոքումներուն դէմ պայքարիլ։ Անհրաժեշտ է նաեւ դէմքը լուալ գաղջ եւ ոչ տաք ջուրով։ Տաք ջուրը մորթին իւղը կը ծծէ։ Դէմքի գեղարարները պէտք է օգտագործել դէմքը տակաւին խոնաւ եղած պահուն, որպէսզի կարենայ այդ խոնաւութիւնը բանտարկել մորթին տակը։
2- Դէմքի կնճիռները։ Գերճնշուածութեան հորմոնի՝ գորթիզոլի գոյութիւնը արեան մէջ շաքարի քանակը կը բարձրացնէ։ Այս ընթացքը կը փճացնէ գոլակըն եւ էլասթին նիւթերը։ Այս երկուքը կը համարուին այն փրոթին բնաթելերը, որոնք դէմքին փայլք եւ թարմութիւն կը պարգեւեն։ Նաեւ յաճախակի մկանային պրկումները յստակ եւ խորունկ խորշոմներ կ՛առաջացնեն։ Սրբագրելու համար այս կացութիւնը պէտք է antioxidant պարունակող գեղարարներ գործածել, որոնք իրենց հերթին կը քաջալերեն գոլակըն նիւթի արտադրութիւնը եւ հետաեւաբար մորթը պիրկ կը պահեն։ Անմիջական դարմանումի միջոց մըն է նաեւ ներկայիս Botaxը, որ որոշ ժամանակի համար կը թեթեւցնէ խորունկ խորշոմները։
3- Դէմքի կարմրութիւն։ Արեան զօրաւոր հոսքը կարմրութիւն կը յառաջացնէ եւ իր կարգին շատ բարակ մազերակները այդ ճնշումին կրնան չդիմանալ։ Գերճնշուածութիւնը այդ երեւոյթը կը գրգռէ ու զայն աւելի յաճախակի կը դարձնէ։ Գիտականօրէն այս վիճակը կը կոչուի Rosacea։ Նկատի առնելով, որ գերճնշուածութիւնը կը տկարացնէ դիմադրողականութիւնը, այս իրավիճակը կրնայ աւելի երկար տեւել քան սովորական պարագաներու, ինչ որ կրնայ բորբոքումներ յառաջացնել։ Ներկայիս գեղագիտական լուծումներ կ՛առաջարկուի լազերային արհեստագիտական միջոցներով։ Ինչպէս նաեւ մակերեսային դարմանումի համար կարելի է օգտագործել բորբոքումը թեթեւցնող գեղարարներ։
4- Դէմքի բշտիկներ։ Ինչպէս յիշեցինք երրորդ մասին մէջ գերճնշուածութիւնը կը յառաջացնէ մորթի բորբոքումներ։ Դարմանումի համար կարելի է օգտագործել salicylic թթու կամ benzoy peroxide նիւթը պարունակող առաւել noncomedogenic խոնաւցնող գեղարարներ օգտագործել, որպէսզի մորթը շատ չոր չմնայ։ Մորթը երկու կամ երեք շաբաթ վերջ պէտք է այս օգատագործուած գեղարարներու համապատասխան որոշ բարելաւումներ արձանագրէ։ Հակառակ պարագային անհրաժեշտ է մորթի մասնագէտ բժիշկի խորհուրդին դիմել։
5- Յոգնած աչքեր։ Գերլարուածութիւնը Anxiety իր հետ կը բերէ անքուն գիշերներ, ապա ուռած աչքեր։ Այս իրողութիւնը կը հաստատեն հոգեբոյժ-մորթի մասնագէտ բժիշկները։ Անմիջական եւ տնային պայմաններով դարմանումը այս պարագային վստահեցէք վարունգի շերտերուն, որոնք աչքին շուրջ գտնուող մազերակներուն թարմութիւն կը պատճառեն եւ բնական չափով անոնց չորացումը կը վերացնեն։ Նաեւ ուշադիր պէտք է ըլլալ քնացած պահուն գլուխը քիչ մը բարձր պահել, որպէսզի հեղուկներու համահաւասար բաժանում տեղի ունենայ։
Այս բոլորը կանխելու եւ նուազեցնելու համար եկէք այսպէս համաձայնինք.
1- մարզանքի դիմեցէք։ Շատ ճնշուած է ձեր առօրեան եւ մարզանքի առիթ չունիք։ Շաբաթը երեք կամ չորս անգամ ջանք թափեցէք որ մարզանք ընէք։ Անիկա կը նպաստէ լարուածութեան թեթեւացումին, արեան արագ շրջագայութեան եւ բորբոքումները կը հակակշռէ։ Հոգեբանական եւ միաժամանակ մորթային դարմանումներու մասնագէտները այս խորհուրդը կը թելադրեն։
2- Բաւարար քնացէք։ Օրական 7-8 ժամ հանգիստ պիտի քնանաք։ Անքնութիւնը ոչ միայն անտրամադիր կը դարձնէ ձեզ այլ պատճառ կը դառնայ գորթիզոլի յաւելեալ արտադրութեան։ Անշուշտ գիտենք անոր աւերիչ ազդեցութիւնը մարմինին վրայ։ Այն օրը որ հանգիստ 8 ժամ քնացած էք ձեր դէմքին ուշադրութիւն ըրէք եւ նկատեցէք տարբերութիւնը։
3- Արձանագրեցէք ձեր տրամադրութեան ելեւէջները, որոնք տեղի կ՛ունենան մորթի գերզգայնութեան հետեւանքով։ Միջոց մըն է աւելի իրազէկ դարձնելու ձեզի ձեր մարմինին ու տրամադրութեան մասին։
4- Երբ այս բոլորը ջանքերը ապարդիւն դուրս կու գան դիմեցէք մասնագէտ մորթային բժիշկի մը, որ միաժամանակ վկայուած է հոգեբան հոգեբոյժ այս մարզին մէջ։ Անիկա իր դեղօրայքի բուժումներուն կողքին կրնայ առաջարկել նաեւ ասեղնաբուժութեամբ որոշ դարմանումներ կամ նոյնիսկ յատուկ մարձումներով այս հարցին լուծումներ կրնայ առաջարկել։
Այս պարագային շատ անհրաժեշտ է հետւողական ըլլալ թէ հետեւելու մորթին եւ անոր ընթացքին եւ թէ դարմանումի ընթացքին ու միջոցներու կիրառումին։ Անկասկած բոլորին կեանքէն ներս գոյութիւն ունի գերճնշուածութիւնը ու լարուածութիւնը։ Գիտակցելով սակայն կրնաք մեղմել անոնց պատճառած ծանր արդիւնքները։