ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10ին, Սան Կապրիէլ Հովիտի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնէն ներս հիւրընկալեց Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ՝ Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոն՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար անոր ցուցաբերած բարեկամութեան եւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան: Ընդունելութեան ներկայ էին գաղութի անդամները, շրջանի գործարարները, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Ընդունելութեան ընթացքին, տիկ. Նափոլիթանօ երկար խօսակցութիւն ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ՝ քննելու համար հարցեր եւ ներկայիս Քոնկրեսէն ներս ընթացքի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւններ, որոնք կը վերաբերին Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման թիւ 252 բանաձեւը, որ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը ըդնունած էր անցեալ Մարտին եւ ներկայիս Ներկայացուցիչներու Տան յղուելու ընթացքի մէջ է: Քոնկրեսական Նափոլիթանօ վերահաստատեց բանաձեւին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատանք տանելու Քոնկրեսի Լատինական խմբակցութեան անդամներուն մօտ՝ ի խնդիր Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ բանաձեւին վերջնական որդեգրման:
Այս առթիւ, Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նազարէթ Ծատուրեան յայտարարեց, «Ոգեւորուած ու քաջալերուած ենք ամերիկահայութեան հարցերուն նկատմամբ Քոնկրեսական Նափոլիթանոյի ցուցաբերած անշեղ կեցուածքով:» Ան աւլեցուց, «Նափոլիթանօ միշտ յարգած է իր խոստումը եւ մեզ երբեք յուսախաբ չէ ըրած: Վստահ ենք որ ան բանալի դերակատարութիւն պիտի ունենայ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման աշխատանքին մէջ:»