
Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուոտրօ Ուիլսընի ընտանիքին շարավիղներէն հանդիսցող Տանըլտ Ուիլսըն Պուշի ջանքերով, նախագահի Ուիլսընի ձգած ժառանգութեան նուիրուած միջազգային կազմակերպութիւն մը հաստատուած է, որուն, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսը յատուկ յուշագիր մը պիտի յանձնէ:
Նման կեդրոն մը հաստատելու հրամայականը աւելի շեշտուեցաւ այս տարուան ընթացքին, երբ Ուոտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնը որոշեց մրցանակ մը շնորհել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տավութօղլուին, անարգելով հայասէր նախագահ Ուիլսընի վարկը: Օրին, Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ խստօրէն դատապարտած էր Ուոտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնի սոյն անպատասխանատու որոշումը: