
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներուն, Սեպտեմբեր 27ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկած է Պոսթընի մէջ, «Թաֆթս» համալսարանի Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ արդէն 11 տարի է որ Տաւիտեան հիմնադրամին շնորհիւ, Հայաստանի շուրջ 150 դիւանագէտներ, պաշտօնեաներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ հնարաւորութիւն ունեցած են դասընթացքներ իրականացնելու Ֆլեթչըրի դպրոցին մէջ, ուստի շնորհակալութիւն յայտնած է դպրոցի ղեկավարութեան՝ շարունակական համագործակցութեան համար:
Նախարարը խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն, արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման շուրջ բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:
Հայաստանի ԱԳ նախարարի ելոյթին յաջորդած են ներկաներուն հարցումները՝ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մասին:
Անդրադառնալով Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի յայտնուելու հարցին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Այսօր խօսում են Երկրորդ աշխարհամարտից առաջ Ստալինի եւ Հիթլերի միջեւ պայմանաւորուածութիւններից, կասկածի տակ դնում Մոլոտով-Ռիբենտրոպ պակտը: Մինչդեռ լռութեան են մատնուել անցեալ դարասկզբին Լենին-Քեմալ պայմանաւորուածութիւնները, Ստալինի եւ Քաղբիւրոյի որոշումները, որոնք հիմք հանդիսացան Հարաւային Կովկասում մի շարք խնդիրների, որոնք մինչ այսօր լուծումներ չեն գտել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատրպէյճանցիները կը պնդեն, որ Մատրիտեան առաջարկներուն գծով համաձայնած են որոշ տարբերակներու շուրջ, իսկ Հայաստանը՝ ոչ՝ Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է. «Իրականութիւնն այն է, որ եռանախագահները 2007թ. Նոյեմբերին կողմերին ներկայացրեցին Մատրիտեան փաստաթուղթը եւ այն, իբրեւ պաշտօնական առաջարկ, ի պահ յանձնուեց Վիեննայում ԵԱՀԿ քարտուղարութեանը: Դրանից յետոյ եղել են երկու տասնեակից աւելի աշխատանքային առաջարկներ՝ Մատրիտեան փաստաթղթի հիման վրայ: Վերջին մի քանի ամիսների ինթենսիւ (խտացուած) բանակցութիւնների արդիւնքում, կողմերին մատրիտեան առաջարկութիւնների վերջին տարբերակը ներկայացուեց այս տարուայ Յունիսին, Ս. Փեթերզպուրկում եւ մեր կողմից յայտարարուեց, որ դա ընդունւում է որպէս բանակցութիւնների հիմք, ինչպէս որ դա արուել էր 2007թ. Նոյեմբերին ներկայացուած փաստաթղթի առաջին տարբերակի կապակցութեամբ: Ատրպէյճանցիները մերժում են թէ՛ առաջինը, թէ՛ վերջինը: Աշխատանքային տարբերակներից մէկի առնչութեամբ Ատրպէյճանը յայտարարեց, որ կարող է այն ընդունել որպէս բանակցութիւնների հիմք, բայց որոշ բացառութիւններով: Սակայն պարզուեց, որ բացառութիւններն աւելի շատ են, քան ընդունուածը: Յետոյ, ի՞նչ է նշանակում ընդունել բացառութիւններով: Դա փաստացի նշանակում է՝ չընդունել:
«Ին՞չ է սպասում Ատրպէյճանը, որ իրենց այսպէս կոչուած ընդունուածը՝ բացառութիւններով հանդերձ, պէտք է ընդունուի Հայաստանի եւ Արցախի կողմից: Եւ իրենց այդ կեցուածքն էլ համարում են կառուցողական մօտեցում: Բայց եթէ այդ կառուցողականութիւնը իրենցից բացի ոչ ոք չի հասկանում, ուրեմն մեղաւորին պէտք է փնտռեն հէնց իրենց մէջ: Տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ ատրպէյճանցիները ականջների մէջ խցան են դրել եւ չեն ուզում լսել՝ ինչի՞ մասին է միջնորդ երկրների միջոցով ասում միջազգային հանրութիւնը»:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին հրադադարի յաճախակի խախտումներուն՝ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ Ատրպէյճանը աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր կը խախտէ ի՛ր իսկ կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ հրադադարի պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ. «Ոչ միայն 1994թ. Մայիսի 12ին Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած հրադադարի պայմանները, այլ նաեւ 1995ի Փետրուարի 4ին հրադադարի ամրապնդման վերաբերեալ նոյն եռակողմ ձեւաչափով համաձայնութիւնը, որով Բաքուն, ի շարս այլոց, պարտաւորուել էր ձեռնպահ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններից եւ գործողութիւններից», ըսած է Է. Նալբանդեան եւ շարունակած. «Մինչ այսօր միջազգային հանրութիւնը շարունակում է կոչեր անել այդ կապակցութեամբ, իսկ Ատրպէյճանը յամառօրէն շարունակում է իր սադրիչ կեցուածքը: Բաքուն տասնեակ տարիներ խախտում է այդ պարտաւորութիւնները: Ատրպէյճանը այսօր էլ մերժում է եռանախագահների, ԵԱՀԿի, եւ անգամ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի կողմից արուող կոչերը՝ հրադադարի ամրապնդման, դիպուկահարներին շփման գծից հետ բերման վերաբերեալ: Պարզ է, որ այսպիսի կեցուածքը չի կարող բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել խաղաղ կարգաւորման գործընթացի համար»:
Իր ելոյթէն ետք Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է Ֆլեթչըր դպրոցի տնօրէն Սթեֆըն Պոսուըրթի, որուն հետ քննարկած է նախարարութեան եւ հաստատութեան միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:
Նախարարը մասնակցած է նաեւ Պոսթընի հայ համայնքին կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, որուն ընթացքին ան խօսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին եւ պատասխանած ներկաները յուզող հարցումներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան այցելած է նաեւ քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող «Հայկական ժառանգութեան պուրակ» կոչուող վայրը, ուր յաջորդ տարի պիտի աւարտին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին կառուցման աշխատանքները:
Աւարտելով Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւնը՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը վերադարձած է Երեւան: