ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրք «Գորշ գայլեր»ը կ՛ուզեն վիրաւորել մեր ազգային արժանապատուութիւնը՝ անարգելով մեր հաւատքն ու մեր սրբազան վայրերը:
Անիի Մայր տաճարին մէջ ու շուրջ հազարաւոր մոլեռանդ հայատեացներու մասնակցութեամբ նամազ կատարելով՝ «Գորշ գայլեր»ը կրօնական կիրքեր կ՛ուզեն հրահրել, իսլամական աշխարհի մէջ զինակիցներ ապահովելու ստոր մտադրութեամբ:
Քուրան այրելու ամերիկացի քարոզիչներու դատապարտելի յայտարարութեանց լոյսին տակ, հասկնալի է, որ «Գորշ գայլեր»ը կ՛ուզեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները սրել կրօնական լարուածութիւն յառաջացնող գործողութիւններով:
Մենք վստահ ենք, որ միջազգային հանրային կարծիքը պիտի դատապարտէ այս գրգռութիւնը: Նաեւ կը հաւատանք, որ ասիկա լաւագոյն պահն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին աւերուած հայկական եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս հայկական յուշակոթողներու ճակատագիրին վրայ: Հայատեաց մոլագարներու ձեռամբ քանդուած ու սրբապղծուած եկեղեցիներուն տիրութիւն ընող, դժբախտաբար, չէ եղած ու հիմա նոյնպէս, համազգային մեղսակցութեամբ կը շարունակենք մեր անհասկնալի կրաւորականութիւնը:
Միւս կողմէ, ահա մամուլին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է բանաձեւ մը, ուր հանդէս եկած է ի պաշտպանութիւն գրաւուած Կիպրոսի եկեղեցիներուն, որոնք մզկիթներու կը վերածուին: Մզկիթի վերածուած Առաքելոց եկեղեցին, թրքական մշակոյթի թանգարանի վերածուած Աղթամարի Սուրբ Խաչը կը ճչան իրենց հանդէպ եղած ոտնձգութիւններուն դէմ, եւ մեզմէ կ՛ակնկալեն տէր կանգնիլ իրենց:
Մենք կը մերժենք «Գորշ գայլեր»ու գրգռութիւններուն ենթարկուիլ, բայց եւ չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր սրբութիւնները ոտնակոխող այս անարգ վարքագիծին նկատմամբ: