ՈՒԻԹԻԸՐ.- «Արարատ տան» նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար Ուիթիըրի մէջ հաստատուած «Մասիս» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 25ամեակը նշելու առիթով, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23ին ճաշկերոյթ-պարահանդէս ու «Քազինոյի երեկոյ» մը կազմակերպուած է Ուիթըր քաղաքի «Ռետիսըն» պանդոկի գլխաւոր սրահին մէջ (7320 Greenleaf Ave., Whittier, CA), երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Տոմսերու սակը 65 տոլար է՝ եթէ ապահովուին նախքան Հոկտեմբեր 10, իսկ անկէ ետք՝ 70 տոլար: Տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (626) 967-9155 թիւին կամ Prescilla.krager@verizon.net հասցէին:
«Մասիս» մասնաճիւղը նաեւ ամսուան իւրաքանչիւր երկրորդ Երեքշաբթի օրը, կէսօրին, Մոնթեպելլոյի «Կոլտըն Սքիւըր» ճաշարանին մէջ դրամահաւաքի ճաշկերոյթներ կը կազմակերպէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.