
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Մենք միշտ կը փնտռենք մեր առաքելութեան հաւատացող անձեր, որոնք կրնան դառնալ մեր միութեան անդամ, նուիրատուներ եւ մեր աշխատանքի մասին տեղեկութիւնները տարածելու գործին օժանդակողներ»
Կիրակի, Հոկտեմբեր 3ին, Լոս Անճելըսի մէջ «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ը (Armenian Allied Arts Association-AAAA) պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 75ամեակը:
Այս առթիւ, Ճորճ Ատուրեան միութեան նախագահ Տաթեւիկ Սիմոնեանի հետ անգլերէնով ունեցաւ զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ՝ թարգմանաբար:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակով հիմը դրուած է «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ին:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- 1934ին, փոքր, բայց ընտրեալ խումբ մը ամերիկահայեր սկիզբը դրին մշակութային ակումբի մը, որուն միջոցաւ անոնք իրենց հետաքրքրութիւնները փոխանակեցին եւ հովանաւորեցին արուեստներ Լոս Անճելըսի մէջ: Հիմնադիր անդամներէն էին՝ տէր եւ տիկին Մարշըլ Չաշուտեան, Կրեթա Մ. Չաշուտեան, Զարուհի Էլմասեան, տէր եւ տիկին Յովսէփ Իկնաթիուս, Սիրուն Մանկըրեան եւ տոքթ. Արամ Թոլէկեան: Սոյն ակումբը հետագային դարձաւ Armenian Allied Arts Association (AAAA)՝ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր եւ կը շարունակէ ըլլալ՝ քաջալերել եւ նեցուկ կանգնիլ հայկական ծագումով նոր տաղանդներու:
1937ին, AAAA-ը կազմակերպեց նկարչութեան եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը: Շուտով հիմը դրուեցաւ տարեկան մրցումի մը, ուր նորելուկ նկարիչներ, երաժիշտներ, պարողներ, գրողներ եւ դերասաններ պիտի կարենային մրցիլ նիւթական մրցանակի մը եւ համայնքային ճանաչումի համար:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ տեսակի զարգացումներ ապրեցաւ «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ը իր 75 տարիներուն ընթացքին:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Տարիներու ընթացքին, «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ը ներկայացուց երաժշտական ելոյթներ՝ կատարողութեամբ հաստատուած արուեստագէտներու, ինչպիսիք են՝ Լուսինէ Ամարա եւ Վարուժան Գոճեան, ինչպէս նաեւ յայտագիրներ, որոնց միջոցաւ կը ներկայացուէին նորեկ արուեստագէտներ՝ երաժշտութեան, գրականութեան, նկարչութեան, պարի եւ թատրոնի մարզերէն ներս: æութակահար Ճորճ Փեհլիվանեան, դաշնակահար Սարգիս Պալթայեան եւ սոփրանօներ Կալէն Իսփիրեան ու Իզապէլ Պայրաքտարեան իրենց յաջող ասպարէզը սկսան իբրեւ մեր տարեկան մրցումներու դափնեկիրներ: Տարեկան մեր մրցոյթը շուրջ 10,000 տոլարի գումարով կը պարգեւատրէ նորեկ արուեստագէտներ:
AAAA-ը հպարտ է վերջին 70 տարիներուն ընթացքին 250,000 տոլարէն աւելի մրցանակներ բաշխած ըլլալուն համար: Բաղդատական պատկեր մը տալու համար ըսեմ, որ առաջին տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 8, 1937ին, երբ մրցանակներուն գումարը կը հասնէր 37.5 տոլարի:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խօսեցէք մեզի ձեր միութեան կառոյցին եւ անդամակցութեան մասին:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ը կը ղեկավարուի վարչութեամբ մը, որ կը ներառէ իւրաքանչիւր արուեստի յատուկ ճիւղերը վերահսկող պատասխանատու վարիչներ. անշուշտ, մեր 100 անդամ անհատները, ընտանիքները եւ մնայուն անդամները մեզի նեցուկ կը կանգնին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Դուք գլխաւորաբար Լոս Անճելը՞ս հաստատուած հայ արուեստագէտներուն նեցուկ կը կանգնիք:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Ոչ անպայման. սակայն այնպէս կ՛երեւի, որ մեր ընտրատարածքը դէպի հարաւային Քալիֆորնիա կը թեքի: Մեր կազմակերպութեան անդամակցութիւնը եւ տարեկան մրցոյթը կը գրաւէ ազգային եւ միջազգային հետաքրքրութիւն:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խօսեցէք մեզի ձեր ապագայի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Արուեստի մրցոյթը մեր գործունէութեան առանցքն է: Մեր նպատակն է շարունակել այդ մրցումները, որոնցմով մենք լաւապէս ճանչցուած ենք: Կը ձգտինք մեր մրցանակներուն գումարները աւելցնելու եւ մեր նուիրաբերումները (endowments) առողջ վիճակի մէջ պահելու, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը, որն է՝ յայտնաբերել հայ նոր տաղանդներ, քաջալերել եւ նպաստել անոնց: Որպէսզի կարենանք համայնքին մէջ մեր հասանելիութիւնը եւ օժանդակութիւնը ընդարձակել, կ՛աշխատինք գործընկերութիւններ ստեղծել այլ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս եղաւ «Միւզիըմ աֆ Քոնթեմփըրըրի Արթ»էն (MOCA) ներս վերջերս տեղի ունեցած Արշիլ Կորքիի ցուցահանդէսին նեցուկ կանգնելու դրամահաւաքին պարագային:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կրնան՝ յատկապէս Լոս Անճելսի եւ ընդհանրապէս այլ շրջաններու հայերը օժանդակել ձեր կազմակերպութեան:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Մենք միշտ կը փնտռենք մեր առաքելութեան հաւատացող անձեր, որոնք կրնան դառնալ մեր միութեան անդամ, նուիրատուներ եւ մեր աշխատանքի մասին տեղեկութիւնները տարածելու գործին օժանդակողներ: Կ՛ընծայենք նուիրաբերումներու (endowments) առիթներ, որոնց միջոցաւ մեր կազմակերպութիւնը կը յատկացնէ դրամական մրցանակներ՝ նուիրատուներուն անունով եւ անոնց ընտրած արուեստի ճիւղին մէջ: Օրինակի համար, կան անհատներ կամ անդամներ, որոնք կը փափաքին մրցանակ մը նուիրել իրենց սիրեցեալին անունով, եւ կամ պարզապէս արուեստի մարզ մը քաջալերելու համար: Սոյն մրցանակները կրնան տրուիլ տարեկան դրոյթով, որեւէ ժամանակահատուածի համար:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 3ին պիտի տօնէք «Արմինիըն Ըլլայտ Արթց Ասոսիէյշըն»ի 75ամեակը. ի՞նչ է օրուան յայտագիրը եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ անիկա:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ.- Յայտագիրը պիտի ներկայացնէ մեր մրցոյթներուն ընթացաւարտ մրցանակակիրները՝ երաժիշտներ, գրողներ եւ արուեստագէտներ. անոնք այժմ կը գտնուին իրենց ասպարէզի զանազան հանգրուաններու մէջ, նոր ծաղկող ուսանող (Սոնիա Նալպանտեան՝ երգ, Էրիք Գազանճեան՝ կիթառ, Ճենի Միրզոյեան՝ դաշնակ, Անի Սինանեան՝ ջութակ, Լիոն Թոմաս Թոմասեան՝ դաշնակ), հանրային հեղինակ (Մարի Թերզեան) կամ մասնագէտ երաժիշտ (Իրէն Արութիւնեան՝ կիթառ): Ձեռնարկը շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ մեր համայնքին, որ 75 տարիներ նեցուկ կանգնեցաւ մեր կազմակերպութեան: Մեր գործընկերն է շրջանի սիրուած Carousel ճաշարանը, որ պիտի տրամադրէ ձեռնարկին ճաշը: Տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ մեր երկու բարեսիրտ խնամակալներուն՝ տէր եւ տիկին Էտ Պետրոսեանի, Փասատինայի կալուածին մէջ:
AAAA-ի 75ամեակի տօնակատարութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, կը խնդրուի հեռաձայնել (818) 553-1134 կամ (310) 838-1949 թիւերուն, եւ կամ գրել info@armenianalliedarts.org հասցէին: Կազմակերպութեան կայքէջն է՝ www. armenianalliedarts.org

