ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեանի անուան մանկավարժական հիմնարկի գործունէութեան ծիրէն ներս գործող «Ազգանուիրում»ի Սեպտեմբեր ամսուան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, ՀԲԸՄի Փասատինայի համալիրէն ներս։ «Ազգանուիրում» ծրագիրը վերականգնումն է 4000ամեայ հայկական աւանդական սովորութեան մը՝ պատանիներու ազգին ընծայման։ Անոր նպատակն է հայ պատանիին մօտ արթնցնել ազգային ինքնագիտակցութիւն, սէր ու յարգանք՝ հայ լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեան հանդէպ, նաեւ անոր ծանօթացնել հայկական աւանդութիւններ եւ կենցաղային սովորութիւններ, կերտել աստուածասէր, ուսումնատենչ ու պատասխանատուութեան տէր անձեր։ Սոյն ծրագիրին կրնան անդամագրուիլ միջնակարգէն երկրորդական փոխանցուող աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր խումբ, տարուան մը ընթացքին, ամսական դրութեամբ կը մասնակցի հանդիպումներու, որոնց յայտագիրները կ՛ընդգրկեն զարգացման եւ ընկերական բաժիններ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ կ՛ունենայ իր խորհրդատուն, որուն հսկողութեամբ եւ ուսուցիչներու օժանդակութեամբ, կ՛ամբողջացնէ իր սերտողութիւնը։ Խորհրդատուները համալսարանական ուսանողներ են, որոնք արդէն օժտուած են ղեկավարելու եւ դաստիարակելու արժանիքներով: Այս ընտրանի խումբ մը երիտասարդներն ու տիպար ուսուցիչներն են, որոնք կը հսկեն ու կը հետեւին աշխատանքներուն։
Յայտագիրին բացումը կատարեց «Պապայեան» հիմնարկի հիմնադիր եւ ղեկավար դոկտ. Սիլվա Գարայեանը՝ ներկայացնելով օրուան պատգամաբերները։ Առաջին հերթին, ան հրաւիրեց «Յովսէփեան» վարժարանի հմուտ եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ Հայկական բաժանմունքի վարիչ Լիզա Մանոյեանը, որ իր դիւրահաղորդ եւ ինքնատիպ ոճով ներկայացուց Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը՝ հետաքրքրական եւ խիստ շահեկան մօտեցումով։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց քաղաքական եւ ընկերային այժմէական իրադարձութիւններուն ընթացքին մեր ղեկավարներուն ցուցաբերած խրոխտ ու պահանջատէր կեցուածքները, որոնցմէ օրինակ՝ մեր երկու կաթողիկոսներուն Վանայ Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ, Սեպտեմբեր 19ին կայացած պատարագին չմասնակցելու որոշումը, եւ այլ օրինակներու ընդմէջէն մատնանշեց հայ ժողովուրդը յատկանշող այն ազգային յատկութիւնները, որոնք Սասունցի Դաւիթի տիպարը կը մարմնաւորեն։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ, որ իրենց մասնակցութեանբ եւ ներկայութեանբ «Ազգանուիրում»ի հանդիպումներուն ու աշխատանքներուն, իրենք արդէն սկսած են սատարելու Սփիւռքի գոյատեւման վսեմ աշխատանքին։
«Յովսէփեան» վարժարանի Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Դալար Մաթոսեանը ապրումով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» բանաստեղծութենէն բաժին մը։ Ապա, ելոյթ ունեցաւ Արմանտ Երջանեանը՝ ՀԲԸՄի տիպար սկաուտներէն, որ նաեւ «Պոյ սքաուց աֆ Ամերիքա»ի Արծիւի բարձր աստիճանին արժանացած է։
Արմանտը սահիկներով ներկայացուց եւ խօսեցաւ իր ունեցած փորձառութեան մասին, որ 40,000 սկաուտներուն մէջ, ինք մասնակցող միակ հայ սկաուուտը եղած էր։ Հանդիպման աւարտին, խօսք առին երէց խորհրդատուներ Ալին Խանճեան, Ալեքս Պապայեան, Արթին Մնոյեան եւ Քաթրին Պոսնոյեան, որոնք շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց կեանքի ընթացքին ձեռք ձգած փորձառութիւններուն մասին՝ ուսումնական, ընկերային եւ կազմակերպչական գործունէութիւններէն ներս։
«Ազգանուիրում»ի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 16ին, ՀԲԸՄի Փասատինայի համալիրին մէջ։ Այդ օրը, «Ազգանուիրում» ծրագիրին մասնակցող պատանիներն ու պարմանուհիները պիտի վայելեն խիստ շահեկան ներկայացում մը՝ Սարգիս քահանայ Փեդոյեանին կողմէ, Ս. պատարագի մասին. տեղի պիտի ունենայ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն։
Այս տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24ին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Ղեւոնդեանց տաճարէն ներս, ուր մասնակցող աշակերտները եւ իրենց խորհրդատուները առաջնորդ սրբազան հօր յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանան, եւ նաեւ հանրութեան պիտի ներկայացուին յաջորդ շրջանին համար անդամագրուող նոր մասնակիցները։ Առ այդ, այն ծնողները որոնք հետաքրքրուած են իրենց զաւակները արձանագրելով «Ազգանուիրում»ի ծրագիրին, կրնան կապ պահել հիմնարկի ներկայացուցիչներէն Անժելա Բարսեղեանին՝ (818) 943-5909, կամ Լորա Գույումճեանին՝ (310) 212-5851։
(Թղթակցութիւնը ՀԲԸՄ «Երուանդ Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկէն)