Մարդն Է Իր Գրականութեան Առանցքը
Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
…Գրողը պիտի չմոռնայ գրականութեան մեծագոյն յատկանիշը՝ հասարակութեան միտքն ու սիրտը ազնուացնելու, ակօսելու կոչումը:
21րդ դարում, երբ գիրքն ու գրականութիւնը անտարբերութեան են մատնուած, Գրողն էլ մոլորուել է նոր հազարամեակի խճուղիներում: Անասելի ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ էի համակուել Գրողի բարձր առաքելութեանը հաւատարիմ մնացած Հայ ստեղծագործողի՝ Պօղոս Գուբելեանին հանդէպ, ում յիրաւի կարելի է համարել հայ իրականութէան մէջ կենսափորձով ամէնից հարուստ գրողներից: Պօղոս Գուբելեանին միայն որպէս արձակագիր ներկայացնելը թերեւս կը սահմանափակի հայ մտաւորականի, հասարակական գործչի, արժանաւոր ընտանիքի հօր նրա կոչումները:
Պօղոս Գուբելեանի հետ հանդիպումների ժամանակ գեղեցիկի, վեհի ու անսահմանի, հայրենիքի ու ինքնութեան մասին զրոյցները ամփոփում են աշխարհը մի կէտում ու մոռանում ես ժամանակն ու տարածութիւնը «մարդն իր բարդ խառնուածքով ու առեղծուածային էութէամբ եղած է իմ գրականութեանս առանցքը», նշում է Գուբելեանը: Հեղինակն իր ստեղծագործութիւններում, գրական ոճի իրեն բնորոշ պարզութեամբ գրում է մարդկային յարաբերութիւնների, համամարդկային արժէքների մասին, որ իւրովի ամփոփում են գրողի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ Ալեքսանտրեթից մինչեւ Աֆրիկա ու Ամերիկա:
Պօղոս Գուբելեանը՝ իր ստեղծագործութիւնների, հայրենիքի, արժէքների, մտահոգութիւններ ու Սիրոյ մասին:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ալեքսանտրեթից սկսուած Ճանապարհ:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Ալեքսանտրեթի ծնունդ եմ: Եւ հազիւ երկուքը թեւակոխած, ընտանեօք ճաշակած ենք քեմալական խժդժութիւնները, որոնց անդրադարձը ամբողջ կեանք մը ստիպուած էի շալակել որպէս իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած անհատ: Հայրս արուեստագէտ էր, լուսանկարիչ ու քաղաքապետարանի փողերախումբին հիմնադիրն ու ղեկավարը, տո՛ւն, տե՛ղ ու գործատուն իր ետին ձգելով, հինգ անչափահաս պզտիկները շալակին՝ ինքզինք կը գտնէ Պօղոս Առաքեալի ծննդավայր Թարսուս նաւահանգիստ քաղաքի ծովափնեայ աւազուտքի մէջ խրած վրանաքաղաքը, ուր աղջամուղջին, ջութակը սեւ պատեանէն հանելով, Պրահմզի բողոք ու նզովք հնչող քոնչերթոն կը նուագէ, որպէսզի կիսաքաղց ձագուկները կարենային ուղտերու կեր տատասկներու վրայ քունի մատչիլ: Պէյրութ հասակ նետեցի: Մինչեւ տասը տարեկան առանց բառ մը հայերէն իմանալու, ֆրանսացի մայրապետներու արաբական վարժարանը յաճախեցի, յետոյ եօթնամեայ ուսում ճիզուիթներու հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը, ուր հայերէն լեզուն պաշտամունքի հասցուցի շնորհիւ հայրենապաշտ ուսուցիչներուս: 16 տարու հասակիս, հօրս օգտակար ըլլալու դիտաւորութէամբ, մասնագիտութիւն մը ձեռք բերելով աշխատանքի լծուեցայ:…
Ու հազիւ մասնագիտութեամբ մը զինուած, Ափրիկէ առի շունչս, ուր 20 տարի մնացի անձնական բարեկեցութիւն ձեռք բերելու, միեւնոյն ատեն Հայ Դատի ծառայութեան նուիրուելու: Այլ խօսքով, հաւասարապէս երեք ցամաքամասերու վրայ անցուցի գաղթական հայու կեանքս, հոգիով միշտ այդ անտու՛ն պանդուխտը մնալով ու ներքուստ պահելով օր մը Հայրենիք կայք հաստատելու յոյսը:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.-Որոնք են ձեզ յուզող հիմնական հարցերը, կա՞յ արդեօք մի թեմա, որ «կարմիր թելի» պէս առկայ է ձեր բոլոր ստեղծագործութիւններում:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Այո, մարդուս անսրտութիւնը մարդու հանդէպ: Եթէ հզօր երկրի մը ղեկավար դառնայի ու կարենայի նոր օրէնքներ սահմանել, մարդասպանութեան համահաւասար պատժի կենթարկէի բոլոր անոնք, որոնք իրենց նմանը կը կեղեքեն ու կը զրկեն պատառ մը հացէն ու արժանավայել կեանքէն: Կարճ ասած, չեմ կրցած հաշտուիլ ու հանդուրժել մարդուս անհոգի շահարկումն ու կեղեքումը, իր նմանին կողմէ:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ինչի՞ մասին էք այսօր գրում:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.-Մարդու՛… «Ես աշխարհ եկայ իմաստունները նուաստացնելու եւ յիմարները բարձրացնելու…«Ա՛յս է Երեւան լոյս տեսած «Այն միւս փողոցը» վիպակիս բնաբանը: Գիրքը սակաւաթիւ օրինակներով կարելի է գտնել հայկական գրատուները: Արդ, մարդը իր բարդ խառնուածքով ու առեղծուածային էութեամբ եղած է իմ գրականութեանս առանցքը: Եւ կարեւոր չէ, անիկա սպիտակ եղեր է, սեւական կամ դեղին ցեղի: Ափրիկեան հատորներս ընթերցողները կը հասնին այն պարզ ճշմարտութեան, թէ մարդը իր յոյզերով, ներաշխարհով ու զգացական ոլորտներով նոյն կտաւէն կտրուած, նոյն կաւէն շաղախուած է: Հայրենի մեր ժողովուրդը կը կարծէ, թէ միայն հայուն տրուած է իր եղբայրը անողոքաբար կեղեքելը: Եթէ «Փտախտ» վէպս թերթատէք, առաջին էջին վրայ յատկանշական տողի մը պիտի հանդիպիք.
«Փտախտը հասցէ ու հայրենիք չունի… Տիեզերքն է անոր թատերաբեմը եւ մարդու ախտաւոր հոգի՛ն՝ զայն սնանողն ու յաւերժացնողը…»:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Որպէս ամերիկահայ ստեղծագործող, որոնք են ըստ ձեզ Սփիւռքի, մասնաւորապէս ամերիկահայ համայնքի առաջնային խնդիրները:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Երբ ամերիկահայ գաղութի առաջնային խնդիրները կ՛ըսէք, հիմնականին մէջ գրականութեան բնագաւա՞ռը նկատի ունիք թէ քաղաքակա՞ն, ընկերայի՞ն ազգապահպանմա՞ն եւ կարեւորագոյնը՝ Հայ Դա՞տը:
Պիտի փորձեմ բոլոր այդ հիմնախնդիրները նկատի ունենալ եւ տակաւին դրական մնալ, հակառակ անոր որ ազգային, մշակութային հոգեւոր բնագաւառներու մէջ տեղատւութեան մէջ է ամերիկահայութիւնը: Այն մարդը որ երկու տասնամեակ առաջ հայերէն գիրք կը գնէր ու կը կարդար, այսօր օրաթերթ ալ չի կարդար: Քառասունէ վար եղող նոր սերունդը հայերէն ոչ կը խօսի եւ ոչ ալ կը կարդայ: Նոյնն է պարագան Հայաստանէն արտագաղթողներուն: Հազիւ քանի մը բառ անգլերէն սորվին, կռնակ կը դարձնեն մայրենիին:
Գրական մեր երեկոներուն ներկայ գտնուողներու թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ, ոչ մէկ ուսանող, հայ ուսուցիչ կա՛մ կուսակցական գործիչ, գործի իր ժամերէն դուրս հետաքրքրուած է մշակոյթով կա՛մ գրականութեամբ: Պէտք է ամէն գնով վերջ տալ հատուածականութեան եւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ, մէկ Հայրենիք» բնաբանին հետեւելով դադրեցնել հատուածամոլութիւնը: Իրաւ գրասէրներն ու մշակոյթի սիրահարները հրէի-հեթանոսի հարցեր չեն հրահրեր: Պէտք է բռնցքուինք ու Հայ Դատի օրակարգին վրայ դնենք փշոտ այս հարցը: Երբ մեր դասականները իրենց գլուխ գործոցները կը գրէին, այդ գոհարները միայն արեւմտահայու կամ արեւելահայու համար չէին ստեղծագործեր, այլ ամբողջ հայութեան եւ ինչու չէ ամբողջ մարդկութեան համար: Այսօր կայ ինքնութեան ճգնաժամ, ո՞վ է ՀԱՅԸ:
Հայու սահմանումս գուցէ ցարդ ընդունուած նեղլիկ նորմերու չհնազանդի: Անկախ այն իրականութենէն, թէ մարդուս երակներուն մէջ տոկոսային ինչ չափերով հայու արիւն կը հոսի, ինծի համար հայը այն է, որ հպարտութեամբ կընդունի հայկական իր ծագումը:
Եթէ առարկայականօրէն պիտի մօտենանք ինքնութեան հարցին, լեզու, մշակոյթ, դպրոց, եկեղեցի ու ակումբ շատ կարեւոր են: Հայը 21րդ դարուն առաջին տասնամեակին վտանգաւոր երկուութիւն կապրի: Հայաստանցին յոգնած սպառած է իր հայութենէն եւ շունչը օտար ափեր կ՛առնէ եւ հայապահպանման բոլոր ամրոցներէն հեռու ապրելով, Լաս Վեկասի ճամբան կը չափչփէ, յետոյ ալ հայկական պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններէն ցուցադրող մաֆիական խորքով հեշտագրգիռ ֆիլմեր դիտելով կը թմրեցնէ իր զգօնութիւնը: Իսկ Սփիւռքահայունը հեռակայ՛, «լոնկ տիսդանս» գէշ՝ հեռուէն հեռու հայրենասիրութիւն է, որ արտագաղթի պատճառով հետզհետէ ամայացող հայկական տարածքները պիտի չկարենայ վերաբնակեցնել ոչ ալ Արցախի անմարդաբնակ հայկական հողերը ծաղկեցնել:
Ամառը երբ Հայրենիք կը գտնուէինք, մեր սրտերը ապագայի հանդէպ յոյսով լեցուեցան ու խայտացին երբ ամէն քայլափոխին, սփիւռքահայ սկաուտական կամ ուսանողական խումբերու կը հանդիպէինք: Պիտի շարունակուի հայ պարման-պարմանուհիներու հոսքը դէպի հայրենիք ու պորտակապի ամրացումը հայրենի իրականութեան հետ, եթէ կ՛ուզենք օր մը արտագաղթը ներգաղթով յաղթահարել եւ հայոց պատմութեան երկնակամարին ուրուագծուող հրէշը բոլորովին անէացնել մեր տեսլադաշտէն:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ձեր գրքերում իրականութիւնն է մեծապէս ամփոփուած, թէ այն ինչ կը ցանկանայիք տեսնել:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Վահէ Օշական, մեծանուն գրողը, առիթով մը ինծի թելադրեց գրական գործերուս մէջ իրական կեանքին կառչած մնալ, քանի որ հայ իրականութեան մէջ կենսափորձով ամէնէն հարուստ գրողներէն մէկն էի: Անկախ Օշականին նկատողութենէն, երբ գրասէր պատանի էի, կը խորշէի երեւակայածին, շինծո՛ւ պատմութիւններէն ու առաւելապէս կը կարդայի այն գրողներու գործերը, որոնք կը հնազանդէին վերը յիշուած նախապայմաններուն:
Իսկապէս ալ շուրջս պատահող դէպքերը եւ անոնց մասնակցութիւնս այնքան ուժգին, վառ ու թելադրող եղած են, այնպէս մը համակած են ներաշխարհս ու միտքս, տակաւին ներշնչումի համար պէտք չեմ ունեցած դասական գրողներէն օգտուելու: Փորձած եմ լաւ կամ գէշ իմս ստեղծել, մտքի ու երեւակայութեան իմ սերմերովս կենսաւորել ապագայ ստեղծագործութիւնս եւ շունչ տալ բառերուն: Իսկ գրելու ոճս, պարապ տետր ու գրիչ եւ երբեմն ալ բառարան մը կը տանիմ հետս լերան գագաթը կամ ծովուն բացը:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Որն է ըստ ձեզ ստեղծագործողի առաքելութիւնը 21րդ դարում՝ արժեհամակարգի փոփոխման այս շրջանում:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Դարերու ընթացքին գրողին վիճակուած է առաջնորդողի դերակատարութիւն: Իրաւ գրողը իր այդ դերին մէջ պիտի չմոռնայ գրականութեան մեծագոյն յատկանիշը, հասարակութեան միտքն ու սիրտը ազնուացնելու, ակօսելու կոչումը, սակայն ատկէ ալ առաջ կու գայ անոր մեծագոյն արժանիքը՝ որ ըստ իս կը կայանայ գիշեր ցերեկ ֆրիուէյները հատող աշխատաւորին, պատերազմի ճակատին մահուան շնչերակը ափովը ծածկող զինուորին եւ տունը հինգ պզտիկ խնամող տանտիկնոջ ընթերցման հաճոյքը փոխանցել: Յիսունական թուականներուն երբ գաղափարապաշտ գրասէր պատանի էի, մեր կուսակցական շարքերուն ու ազգային կեանքին մէջ ամենէն յարգուած, ամենէն սիրուած անձերը մեր մտաւորականներն էին գրող, հրապարակախօս եւ հայերէնի ուսուցիչ: Հանդիսութիւններուն ծափերուն տակ խումբ մը շարքայիններ զիրենք մինչեւ բեմահարթակ, առաջին շարքը կ՛առաջնորդէին: Այսօր, մասնաւորապէս Քալիֆորնիայի մէջ, գրողն ու մտաւորականը շան տեղ դնող չկայ եւ երբեմն հանդիսութիւններուն, յանկարծ շարքային մը վրադ կը խուժէ, տակէդ աթոռը քաշելու եւ մի ոմն բարերարի յատկացնելու…
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Նոր էք վերադարձել Հայաստանից: Ի՞նչ տեսաք, ինչ կը փոփոխէիք հայրենիքում:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Կ՛ուզէիք գիտնալ թէ ի՞նչ կը փոխէի: Տիրող փտախտը… Ընկերային անարդարութիւնը: Եւ այդ մէկը իրագործելու համար, ներկայի ախտաւոր դրոյթը յեղաշրջելու համար, հարիւր հազար օրինակով կը հրատարակէի «Փտախտ» վէպը եւ հայրենի ժողովուրդին կը բաժնէի: Միամիտ չձեւանանք, բոլոր մակարդակներու վրայ նշմարելի է փտախտն ու գլանային ուժերու գոյութիւնը: Սա ալ աւելցնեմ, թէ ԱՄՆի մէջ ալ նոյն աղտն ու զիպիլն է… Համընկերութիւններու ընչաքաղցութիւնը եւ ծախու սենաթէօրներ ու գոնկրեսականներ՝ թոննայով:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ըստ ձեզ ի՞նչ գաղափարի շուրջ պէտք է համախմբուեն հայերը:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Բնական է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ Հայրենիք» ազգային գաղափարաբանութեան շուրջ… կուլ չերթալու համար մեզի թշնամի կա՛մ անբարեացակամ թրքալեզու երկիրներու ովկիանէն: Երբ ոեւէ հայ գրող կա՛մ մշակութային գործիչ ազգային գաղափարաբանութիւնը կը ջատագովէ, այդ մէկը երբեք չենթադրեր ազգայնամոլութեան տուրք վճարել: Հայը իր բնութեամբ այլասէր է եւ երբեմն ալ ծայրահեղութեան կը հասցնէ իր այդ սէրը:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Դուք նաեւ հայր էք եւ դաստիարակել էք արժանաւոր զաւակների: Ի՞նչ է ընտանիքը:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Երիտասարդ ընտանիքի մը վրայ աւելցող նոր անդամները տղամարդու եւ կնկայ միջեւ գոյացող սիրոյ նոր տարածք ու խորք պարգեւող էատարրերն են: Առանց զաւակներու ամուսնութիւնը իր իմաստէն ու խորքէն շատ բան պիտի կորսնցնէր: Բնագիտութիւնը, ամուսնութեան տարազը սերնդագործութեան կը կապէ: Մեր զաւակները Ափրիկէ գտնուած տարիներուն ծնան եւ երեքին ալ մանուկ հոգիները հայկականութեամբ ջրդեղեցինք կինս ու ես: Անդրանիկը, Ռաճըր՝ Հրաչը ասմունքի վարպետ յայտնուեցաւ եւ երբ օր մը «Արմինիա» նաւը Սիերրա Լիոնէի Հրիթաւն քաղաքը խարսխեց, նաւամատոյցը, գրկիս մէջէն Հրաչիկը հայ թուրիստներուն Վարդանանցը արտասանեց, արցունք խլելով հայրենի հիւրերուն աչքերէն: Յաճախ մեր երեք ձագուկներուն աւազի խոնաւ մակերեսին վրայ հայերէն կը սորվեցնէինք: Եւ անոնք այնքան յառաջացան հայերէն լեզուի եւ պատմութեան մէջ, երբ որ Քալիֆորնիա հաստատուեցանք, 1969ին եւ մեր երեք ձագուկները, իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով սկսան հայկական վարժարան յաճախել, օր մը հայ ուսուցչուհին զարմացած միջնեկ մանչուս՝ Արմէնին հարց կու տայ. Կըսէք որ Ափրիկէ ապրեր էք եւ այնտեղ հայ վարժարան չկար… Հապա ուրկէ՞ հայերէն լեզուին եւ պատմութեան տիրապետումը: «Հայ ծնողաց վարժարան…,» կը գոչէ կրտսեր մանչս, ի զարմանս ուսուցչական կազմին: Այսօր դժբախտաբար, այն նորեկ հայ ծնողները, որոնց զաւակները տեղական վարժարան կը յաճախեն, նման գիտակցութիւն ցոյց չեն տար եւ ակամայ կը քաջալերեն իրենց անչափահասներուն ուծացումը: Զաւակներ աշխարհ բերելը ամբողջ կեանքի մը վրայ երկարող պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ: Իսկ եթէ կ՛ուզէք գիտնալ, թէ ուր հասան Ափրիկէի աւազներուն վրայ հայերէն սորվող զաւակներս…
Մեծը՝ ֆիլմարուեստի մէջ օսքարակիր մասնագէտ է եւ րէժիսէօր: Կրտսերը՝ Հայաստան հաստատուած տնտեսագէտ է եւ իրենց ընկերութիւնը Սերժ Թանգեանին երեւանեան յաջող ելոյթը կազմակերպեց: Իսկ դուստրս՝ USC համալսարանը մանկական հոգեբանութեան դասախօս նշանակուեցաւ:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Գրում էք նաեւ սցենարներ (բեմագրութիւններ-Խմբ.) ֆիլմերի համար, օրինակ՝ Վարդանանց պատերազմի մասին: Ի՞նչ կ՛ասէք այդ մասին:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ այստեղ ճշդում մը կատարել: «Վարդանանց»ը, «Տրդատ ու Լուսաւորի»չ առաջին սցենարը Հրաչին գործն է: Հրաչը ֆիլմարուեստի կողքին նաեւ կայացած գրող է: Երբ անիկա նոր Զելանտա «Մատանիներու Տիրակալ»ի եռապատումի վրայ հրաւիրուած էր աշխատելու, գիշերը գերյոգնութեան պատճառաւ տեսիլքի պէս բան մը կ՛ունենայ եւ իր մանկութեան հերոսը՝ Վարդանը իրեն երեւնալով կը պատուիրէ «Վարդանանց» հերոսապատումը մեծղի ձեւով սպիտակ պաստառ հանել: Ան Ե-նամակով ինծի հետ բաժնեց ապագայ ծրագիրները եւ խնդրեց, որ ինքը պատմական օտար աղբիւրները ուսումնասիրէր, ես ալ իմ կողմէս հայկականը պրպտէի նորութիւններու փնտռտուքով: Ամէն ցաւիս ստիպուած էի գտածս անգլերէնի թարգմանել ու իրեն յղել: Ասիկա մօտ երկու տարի տեւեց. մինչ այդ ինքը «Մատանիներու Տիրակալ»ին նորզելանտացի դարբիններուն մօտ ափով դրամ ծախսելով այդ շրջանին հայոց եւ պարսից կողմէ գործածուող մետաղեայ սաղաւարտն ու զրահը պատրաստել տուաւ:
2003ին, Ամերիկա վերադարձին, նախ երկու մանչերովս Հայաստանն ու Ղարաբաղը շրջեցանք բերդերն ու հին եկեղեցիները նկարահանելու: Ապա Ադ Վադէր, սթիւտիօ հիմնեց կրտսեր եղբօրը եւ փեսային Պանտազեան Տիրանին հետ, հոլիվուտեան շարժանկաներուն մէջ աշխատելով հանդերձ զարգացուցին ու հետապնդեցին անոնք Վարդանանց ծրագիրը, որ այս պահուս, պատրաստ է նկարահանման, եթէ տնտեսական հարցը շուտով լուծուի… Մօտաւորապէս 300.000 տոլարի գումար մը ծախսուած է ցարդ: Ասոր մէջ չիյնար մեր եւ մեր բարեկամներուն մասնագիտական աշխատանքը: Մեր նպատակն է հայկական դրամագլուխով նկարահանել «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ» ու «Վարդանանց հերոսամարտը», որպէսզի օտար դրամագլուխը չգայ այլասեռելու ֆիլմին ազգային նկարագիրն ու պատգամը: Բնականօրէն, անոնց պիտի յաջորդէ «Միշըն թու Մարաշ» Հայոց Գողգոթան ու ցեղասպանութիւնը պատկերող ժապաւէնը, որուն սցենարը ինքս վիպագրած եմ, ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի: Գրած վիպակս մասնագէտի պիտի տրուի ֆիլմին համարժէք սցենար ունենալու համար: Հայր եւ որդի Գուբելեաններ, եթէ լաւ յատկութիւն մը ունինք, մեծամիտ չենք, կը սիրենք ամէն ֆիլմ ու սցենար, իրաւ մասնագէտի ձեռքով գլուխ հանել: Յաճախ Ռաճըրին հարց կը տրուի, եթէ կը մտադրէ անձամբ բեմադրել իր ծրագրած երկու հուժկու ֆիլմերը: Տղուս պատասխանը կտրուկ եղած է. «Հոլիվուտի ամէնէն անուանի բեմադրիչին պիտի վստահիմ նկարահանումը, ինծի վերապահելով ֆիլմին արուեստի բեմադրութեան բաժինը… Ատոր համար ալ հայ թէ օտար ներդրողներուն վստահութիւնը կը վայելէ ան: Նոյնն է պարագան «Առաքելութիւն ի Մարաշ» ցեղասպանութեան թեմայով ֆիլմին:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ներկայացրէք խնդրեմ Ձեր ազգանուան ստուգաբանութիւնը:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Մանրամասնութիւնները «Ազգատոհմիս Գողգոթան» պատկերող վիպակիս ընթերցման կը թողում: Սակայն ծննդեան անունս Ռէյմոնտ Քիւփէլեան է: Մինչեւ հիմա անձնագիրս այդ անունը կը կրէ: 16-17 տարու հասակիս, երբ սկսայ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Մասիս» շաբաթաթերթին աշխատակցիլ, այդ օրերու խմբագիրը Մխիթարեան նախկին սան Հրաչ Քաջարենցն էր: Աւելորդ պիտի ըլլար ըսել՝ չափազանց հայրենապաշտ մտաւորական մարդ մը: Օր մը Քաջարենց զիս խորհրդակցութեան համար իր գրասենեակը հրաւիրեց եւ ինծի տեղեկացուց, թէ այլեւս օտարամուտ անուն մականունով պիտի չստորագրեմ հրապարակագրական փորձերս, այլ նոր գրչանունով: Ծնողքէս իմացած էի, թէ երբ որ երկուորեակներս ծներ ենք, մեզ Փիէռ եւ Փոլ պիտի կոչեն եղեր, սակայն հօրեղբայրս իր ողջութեան մերժեր է իր անունը ինծի շնորհել… Ուրեմն այս մէկը լսելով Քաջարենցը գիւտ ընողի խանդավառութեամբ Պօղոս անունը յարմար գտաւ եւ մականունէս քանի մը տառեր փոխելով «Գուբելեան» դրաւ, այսինքն գուբէն, խոր վիրապէն ելած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շառաւիղը… Այդ օրուան իր բնաբանն էր՝ «Եթէ հայ գրականութեան պիտի ծառայես, լաւ է հայու անունով կատարես այդ մէկը»:
ՆԱՆէ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ապագայի ի՞նչ ծրագրեր ունէք:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Ինչպէս արդէն ծանօթ է հայ ընթերցողին, երկու տարի առաջ ուղեղային տագնապ անցուցի: Սպիտակող գլխու մազերուս խուրձերուն պարգեւած յաւերժական երիտասարդի խաբկանքը կերպով մը փուլ եկաւ եւ անդրադարձայ, թէ մարդուս կեանքը բարակ երակի մը խցումէն կախեալ է… Դանդաղելու տեղ, մէջս յանկարծ խուճապ ստեղծուեցաւ վատթարագոյնը չպատահած, գոնէ մասամբ մը իրագործելու գրական ծրագիրներս: Այդ օրերուն Կարապենցին մէկ նամակը ձեռքս հասաւ, ուր տաղանդաւոր ընկերս կը պնդէր, թէ «Ֆրիվէյ»ներու առաջին հատորս կիսատ չթողում, որովհետեւ ըստ իր կարծիքին, ամերիկահայ Վէպը դառնալու հաւանականութիւնը ունէր այդ գործը անշուշտ եթէ նոյն թափով ամբողջացնէի: Նստայ հինգ գլուխ եւս գրեցի 12ի հասցնելով շարքը:
Հազիւ «Ֆրիվէյ»ները աւարտած, երկուորեակ եղբայրս յուշեց, թէ «Ազգատոհմիս Գողգոթան» կա՛մ անգլերէն ապագայ ֆիլմին խորագրով «Միշըն աֆ Մարաշ» գործին չէի անգամ ձեռնարկած:
Դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանէն Մարաշի անմիջական անցեալին պատմութեան հայող գրքեր խնդրեցի: «Մարաշի Առիւծները» անգլերէն հատորը փոխ տուաւ սիրելի դոկտորը: Քանի մը էջ նոթագրելով սկսայ եւ այնքան հետաքրքրական գտայ որ երեք հարիւր էջնոց գիրքը ամբողջութեամբ թարգմանեցի: Շուտով հրատարակութեան պիտի տամ թարգմանական այդ գործը: Ուրեմն այդ տպաւորութեան տակ նստայ վէպս գրելու եւ պէտք է ըսել, թէ բախումներով յագեցած գործ մը դուրս եկաւ. այս մէկն ալ, միւսներուն նման սցենարի միտումով գրուած էր: Բեմադրիչ մանչս խնդրեց որ անգլերէնի թարգմանուէր: Այն մտաւորական գրողը, որ նկատի ունէինք այդ աշխատանքին համար զբաղուած էր տարբեր ծրագրով: Ուստի այդ պարտականութիւնն ալ իմ ուսերուս ծանրացաւ:
Այժմ մօտ 12-15 հատոր անտիպ գործեր ունիմ, երգիծականէն մինչեւ պատանեկան գրականութիւն, նորագոյն պատմուածքներ, փորձագրութիւններ ու գրախօսականներ՝ եօթը հատոր, արդէն գրուած վերջին վէպերս ու փունջ մը բանաստեղծութիւն: Ի զուր կը փորձեմ գրական աշխարհիս մէջ տիրող քաոսը կարգի բերել ու սկսիլ մէկ առ մէկ հրատարակել անտիպները, եթէ լոթոն շահիմ… Իսկ սրտիս շատ մօտիկ ծրագիրը կը մնայ անկատար: «Փասփորթ» վէպիս երկրորդ հատորին կ՛ակնարկեմ, զորս պիտի փորձեմ Ղարաբաղ տեղադրել եւ տարի մը երթալ հոն ապրիլ, տեղւոյն վրայ գրելու մերօրեայ ազատագրական պայքարի հերոսապատումը:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Սիրոյ ու Գեղեցիկի ձեր տեսութիւնը:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Իբրեւ արուեստագէտ չեմ կրնար երեւակայել գոյութիւն մը առանց սիրոյ ու գեղեցկութեան: Այդ զգացողութիւնն է որ ստեղծագործ անհատի մը էութիւնը կը կենսաւորէ: Լաւագոյն գործերս սիրոյ արբեցման ժամանակ գրուած են: Սէրը հացն ու ջուրը, թթուածինն է ստեղծագործ մարդուն եւ ինչքան տարիքդ առնես, նստած գինիի ուժգնութեամբ կը հարուածէ քեզ, պատանեկան սրտի արագ զարկեր, գրգիռներ ու թրթիռներ պարգեւելով ենթակային: Ու իրաւ տղամարդը զինք անպարտելի դարձնող կնկայ սէրը պիտի խորան հանէ սրբագործելու: Լաւ գրելու համար կամ սիրոյ մէջ պարուրուած պիտի ըլլամ, կամ ալ անոր թողած հոգեկան ցաւն ու աւերը կրեմ հոգիիս մէջ: