Յարգելի խմբագրութիւն՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի,
Թերեւս սէրս է ընթերցանութեան հանդէպ, որ զիս կը մղէ աւելի ուշի ուշով կարդալու, հետեւելու գաղութիւս մէջ լոյս տեսնող որեւէ հայկական թերթի, կամ ամսագիրի: Ճիշդն ասած՝ իմ նախասիրած թերթը «Ասպարէզ»ն է, եւ իւրաքանչիւր օր, ուրախութեամբ թերթելով մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Ասպարէզ» օրաթերթի բազմաբովանդակ էջերը՝ կը հանդիպիմ զանազան գեղեցիկ նիւթերու, որոնք կ՛արտայայտեն քաղաքական, մշակութային, մարզական, առեւտրական եւ ինչու չէ կենցաղային ու այլ հարցեր, սակայն գնահատելով «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմի բարեջան աշխատանքը՝ ցաւով պէտք է նշեմ, որ յաճախ թերթի էջերուն մէջ կը հանդիպիմ ոճական, ուղղագրական եւ յատկապէս տողադարձի բազմաթիւ անյարգի սխալներու, որոնցմէ կ՛ուզէի նշել քանի մը հատը միայն: Այս ալ ըսեմ, որ պատահական սխալներ տեղի կ՛ունենան, այո՛, գրաշարութեան ընթացքին, սակայն իմ նպատակս է «Ասպարէզ»ը մատուցել անսխալ, որովհետեւ «Ասպարէզ»ը այսօր կը հանդիսանայ թերթերուն թերթը:
Օրինակներ՝ փախչաւ, հայերէնի մէջ չունինք նման բառ. գուցէ պիտի ըլլար՝ փախաւ. ստորագրել կամ՝ ըս-տորագրել, ոչ թէ՝ ստորագ-րել: Հարցազրոյց, պէտք է տողադարձուէր՝ հարցա-զրոյց, հար-ցազրոյց, եւ ոչ թէ՝ հարցազ-րոյց: Օրէնսդրութիւն, պէտք էր տողադարձուէր՝ օրէ-նսդրութիւն, օրէնըս-դրութիւն, կամ օ-րէնսդրութիւն, ոչ թէ՝ օրէնս-դրութիւն:
Այս բոլորին մէջ պէտք է յարգուէր բառի վանկատելու կանոնը, հաշուի առնելով ամէն մէկ վանկի մէջ ձայնաւորի գոյութիւնը: Ահա այսպէս կարելի է շարունակել բազմաթիւ սխալներու շարքը, սակայն յոյսով եմ, որ յարգարժան «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը աւելի ուշադիր կ՛ըլլայ իրեն յանձնուած հայապահպանման առաքելութեան: