
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ Հոկտեմբեր 13ին սկսած լրագրողներու համահայկական 5րդ համաժողովի ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 14ին կազմակերպուեցաւ Ստեփանակերտ-Լոս Անճելըս հեռուստակամուրջը, որուն ընթացքին շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում՝ համահայկական տեղեկատուական դաշտի խնդիրներուն մասին: Լոս Անճելըսէն հեռուստակամուրջին կը մասնակցէին ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգի շարք մը հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներ Յարութ Սասունեան, Աբօ Չափարեան, Արմէն Դիլանեան, Վահան Վահանեան եւ Օշին Քէշիշեան, իսկ Ստեփանակերտէն՝ համահայկական 5րդ համաժողովի բոլոր մասնակիցները, որոնք աշխոյժ հարցադրումներով ամերիկահայ գործընկերներուն հետ քննարկեցին արդի հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ համահայկական նշանակութեան հիմնահարցեր, որոնց լուծման համար, ըստ մասնակիցներուն, անհրաժեշտ է համահայկական միասնական մօտեցում:
Նշուած հարցերուն մէջ ընդգծուեցաւ Արցախի հարցի քաղաքական լուծման ուղղուած աշխատանքներուն աշխուժացման, Սփիւռքի հայապահպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի մէջ հզօր տեղեկատուական ցանցի ստեղծման ուղղուած համահայկական ընդհանուր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ համաժողովէն ետք նախարարութիւնը պիտի ստեղծէ Համահայկական լրագրողներու ընկերակցութիւն, ուր պիտի ընդգրկուին հայկական բոլոր լրատուամիջոցները: