Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Յաճախ մտածած եմ ջուրի մասին եւ պատկերացուցած եմ անոր պարգեւած սնունդը եւ ուրախութիւնը կամ աւելի ճիշդ՝ կեանքը։
Վերջերս, ընթերցանութիւններէս մէկուն ընթացքին աւելիով հաստատեցի ջուր խմելու բարի սովորութեանս պարգեւած բարիքները։
Իրականութիւն է այն միտքը թէ մեր մարմինի ջուրը մեր կշիռքին կէսէն աւելին կը կազմէ։ Յստակ է թէ մեր մարմինի իւրաքանչիւր գործունէութիւն կամ իւրաքանչիւր համակարգ ջուրի միջոցաւ կը գործէ։ Ան մեր մարմինէն դուրս կ՛արձակէ բոլոր թոյները, ինչպէս նաեւ մարմինին իւրաքանչիւր բջիջին սնունդ կը հասցնէ։ Բժշկական հաստատութեան մը տուեալներով, առողջ կին մը օրական 9 գաւաթ ջուր պէտք է խմէ, իսկ տղամարդը 13 գաւաթ։
Եթէ բաւարար ջուր չէք խմեր, կը նշանակէ ձեր մարմինը եւ միտքը իր կարողութենէն նուազ կ՛աշխատի։ Ժամանակի ընթացքին կրնայ ըլլալ ձեր մարմինին այնպիսի կը հասցնէք վնասներ, զորս չկարենաք սրբագրել։ Մասնագէտները կը հաստատեն թէ յաւելեալ ջուր խմելով կրնաք ձեր մարմինը զերծ պահել որոշակի ընդհանուր հիւանդութիւններէն։
Միասնաբար տեսնենք ինչպիսի բարիքներ կրնաք ստանալ բաւարար ջուր խմելով.
1.- Յաւելեալ իւղ այրել։ Փորձեցէք ճաշէն առաջ երկու բաժակ ջուր խմել եւ ապա կերակուրը ուտել։ Ինքնաբերաբար աւելի նուազ պիտի ուտես։ Նաեւ նորագոյն ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն թէ այս պարագային աւելի ջերմուժ կը վատնեն քան առանց ջուր խմելու ճաշողները։ æուրը նաեւ մեթապոլիզմի աշխատանքը կ՛արագացնէ։ Նաեւ ջուրը կ՛օգնէ ու մարմինի իւղը աւելի արագ ջերեռանդի (energy) վերածուի։
2.- Լարուածութեան հետեւանքով յառաջացած գլխացաւերուն հրաժեշտ տուէք։ Կրնաք պատկերացնել այս պարագային ինչքա՜ն կարեւոր է։ Աշխատանքային առօրեան այնքան ծանր ու ճնշիչ է, որ գլխացաւ կը յառաջացնէ։ Երբ կը զգաք թէ ճնշումը սկսաւ բարձրանալ անմիջապէս դիմեցէք ջուրին եւ անոր լուծումը պիտի ըլլայ արմատական։ Մօտաւորապէս 3-4 գաւաթ ջուր խմեցէք։ Ուղեղի մազերակները շուտով կ՛անդրադառնան մարմինի ջուրի քանակին։ æրազրկուած մազերակները կրնան անմիջապէս պրկուիլ եւ կը յառաջանայ գլխացաւը։ Ամենապարզ գլխացաւէն մինչեւ ամէնէն բարդն ու ծանրը։
3.- Մորթային անախորժ քերուըտուքները կամ բորբոքումները կրնաք դարմանել առատ ջուր խմելով։ æուրի պակասը անմիջականօրէն կրնաք տեսնել մորթին վրայ։ Մանաւանդ երբ մորթային հիւանդութիւններ գոյութիւն ունին, ինչպէս «էքզէմա»ն, անոնք աւելիով կը գրգռուին ջրազրկումի հետեւանքով։ Առատ ջուրով մորթը միշտ խոնաւ կը պահէք հեռու մնալով նաեւ այս բարդութիւններէն։ Ինչպէս նաեւ բորբոքումեր կրնայ յառաջանալ մորթի ճեղքերուն պատճառով։ æրազրկումէն յառաջացած բարակ մորթային ճեղքերը առիթ կու տան որ հոն մանրէներ հաստատուին եւ մորթային բորբոքումներ ի յայտ գան։ æանացէք առատ ջուրով դարմանը գտնել, մանաւանդ երբ կ՛ապրիք չոր մթնոլորտի մէջ։
4.- Ուղեղային աշխատանքի դանդաղեցում։ Մարմինին ջրազրկումը մինչեւ իսկ կրնայ ազդել յիշողութեան եւ պայծառամտութեան ու դատողութեան վրայ։ Մարմինին կէսէն աւելի ջուր է, իսկ ուղեղի պարագային 85 տոկոսը ջուր է։ Ուրեմն ջրազրկումը անմիջականօրէն անոր աշխատանքին պիտի ազդէ։ Առատ ջուր խմեցէք ուղեղը ու դատողութիւնը արթուն պահելու համար։ Երբեմն սուրճ կ՛առնենք աւելի «արթուն» մնալու համար, սակայն անիկա աւելիով կը կասեցնէ ջուրի հոսքը կամ նոյնիսկ կը խմէ եղած ջուրը։ Միայն կարելի է ըսել առատ ջուր խմեցէք, որպէսզի արթուն միտք ունենաք։
5.- Առատ ջուրը ձեր դիմադրողականութիւնը կը զօրացէ եւ բոլոր թոյները դուրս կ՛արտաքսէ մարմինէն։ Ի՜նչ երանելի վիճակ. նուազ թոյն եւ ուժեղ դիմադրողականութիւն։ æուրը պատճառ կը դառնայ մարմինին հեղուկներուն արագ շրջագայութեան։ Երբ առատ ջուր կը խմենք կը նշանակէ թոյները աւելի արագ կը շրջին ու դուրս կ՛արտադրուին մեր մարմինէն։ Միշտ բարձր դիմադրողականութիւն ունենալու համար դիմեցէք առատ ջուրի գործածութեան։
6.- Մարմինին կայտառութիւն պարգեւելու համար նաեւ ջուր խմեցէք։ Կենսունակութեան եւ աշխուժութեան կորուստ կրնայ յառաջացնել ջրազրկումը։ Ձեր մարմինը իր ամբողջական թափը կը գտնէ ջուրի առատ քանակով։ Փոխանակ պատրաստի շաքարեղէնի դիմելու խոշոր բաժակ մը ջուր խմեցէք ամէն անգամ որ յոգնած կամ սպառած կը զգաք։
7.- Յօդացաւերը կանխելու համար ջուր խմեցէք։ æուրը մինչեւ անգամ յօդերուն կը պարգեւէ այն հեղուկային վահանը, որ իւրաքանչիւր ծունկ, ուս, արմուկ կամ դաստակ պէտք ունի անոր աշխատանքները ապահով պահելու համար։ Մարմինին բոլոր յօդերը փափկացնելու աշխատանքը կը կատարէ ջուրը եւ հետեւաբար անոնք առատ ջուրի մթնոլորտի մէջ ստիպուած չեն ըլլար «ուժ բանեցնելով» գործելու։ æուրէ զրկուած մարմինին յօդերը սբունքային եւ փափուկ վիճակը չեն ունենար, հետեւաբար անոնց աշխատանքը կը մնայ ծանր եւ դժուար ու ժամանակի ընթացքին իրար քսուելով, որովհետեւ բաւարար հեղուկ չկայ իրար միացած միջոցներուն։
8.- Երիկամունքի քարերէն ալ կրնաք ձերբազատուիլ։ Երբեմն մարմինին մէջ աւազի հատիկի չափ փոքր քարեր կը գոյանան միզային ուղիներուն մէջ։ Անոնք կրնան ճամբան խցանել եւ ահաւոր ցաւեր պատճառել։ Ժանամկի ընթացքին ալ կը վերածուին աւելի մեծ քարերու, որոնց առանց վիրաբուժութեան կարելի չէ մարմինէն հեռացնել։ Կանխեցէք բարդութիւնները եւ ջուրով արագացուցէք աւազի հատիկի մը չափ եղած քարը դուրս արտաքսեցէք ձեր մարմինին բնական կարողութիւններով ու առատ ջուրի շրջագայութեամբ։ Երիկամունքներու պարագային նաեւ ջուրին մէջ երկու շերտ կիտրոն lemon աւելցուցէք անիկա PH հաւասարակշռութիւնը կը պահէ մարմինին մէջ եւ կ՛արգիլէ քարեու գոյացումը։ Նաեւ պակսեցուցէք ալքոլի գործածութիւնը։ Անիկա արագօրէն մարմինին ջուրը կը ծծէ եւ ձեզ կը պահէ կրկին անախորժ ջրազրկումի մէջ։
Արդեօք տակաւին ուրիշ բաներ ալ պիտի յայտնաբերէ գիտութիւնը ջուրի բարիքներու շարքը երկարացնելու համար։ Այս դրութեամբ արդէն համոզիչ է ջուրի օգտագործումի սովորութիւնը։ Անպայման քաջալերենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը, որ առատ ջուր խմեն անպայման։